ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ
Գլուխ 12
Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛. Եթէ կին մը սերմ առնէ ու արու զաւակ ծնանելու ըլլայ, եօթը օր անմաքուր պիտի ըլլայ. իր դաշտանին համար զատուելու օրերուն համեմատ անմաքուր պիտի ըլլայ։
3 Եւ ութերորդ օրը տղուն անթլփատութեան մարմինը պիտի թլփատուի։
4 Անիկա իր մաքրուելուն արիւնովը երեսունըերեք օր պիտի նստի ու մինչեւ իր մաքրուելու օրերուն լմննալը՝ բնաւ սուրբ բանի մը պիտի չդպչի, ո՛չ ալ սրբարանը մտնէ։
5 Բայց եթէ անիկա աղջիկ ծնանալեու ըլլայ, երկու շաբաթ անմաքուր պիտի ըլլայ իր դաշտանի ժամանակին պէս եւ վաթսունըվեց օր իր մաքրուելուն արիւնովը պիտի նստի։
6 «Երբ տղայ կամ աղջիկ զաւկի համար իր մաքրուելու օրերը լմննան, վկայութեան խորանին դուռը ողջակէզի համար մէկ տարեկան գառ ու մեղքի պատարագի համար աղաւնիի ձագ մը կամ տատրակ մը պէտք է բերէ քահանային,
7 Որ մատուցանէ Տէրոջը ու քաւութիւն ընէ անոր համար եւ անիկա իր արիւնին աղբիւրէն պիտի մաքրուի։ Արու կամ էգ զաւակ ծնանողին օրէնքը այս է։
8 Եւ եթէ գառ բերելու կարող չըլլայ, երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ թող առնէ, մէկը ողջակէզի ու միւսը մեղքի պատարագի համար եւ քահանան քաւութիւն թող ընէ անոր համար ու անիկա մաքրուի»։