ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ
Գլուխ 6
Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2 «Եթէ անձ մը մեղանչէ ու Տէրոջը դէմ յանցանք մը գործէ եւ իր դրացիին սուտ խօսի աւանդի մը համար, կամ իր ձեռքը յանձնուած բանի մը համար եւ կամ յափշտակուած բանի մը համար, կամ իր դրացիին խարդախութիւն ընելու ըլլայ,
3 Կամ կորսուած բան մը գտնէ եւ ուրանալով սուտ տեղ երդում ընէ, բոլոր այս բաներէն ոեւէ մէկը, որ մարդ կրնայ ընել կամ մեղանչելու ըլլայ,
4 Այն ատեն մեղք գործելուն ու յանցաւոր ըլլալուն համար, բռնութեամբ յափշտակուած բանը, կամ խարդախութեամբ առած բանը, կամ իրեն յանձնուած աւանդը, կամ գտած կորուստը ետ պէտք է տայ.
5 Կամ այն ամէն բան որուն համար սուտ տեղ երդում ըրած է, անիկա լման պէտք է հատուցանէ ու անոր վրայ հինգերորդ մաս մը աւելցնէ եւ իր յանցանքին պատարագին օրը, որու որ կը վերաբերէր, անոր պէտք է տայ։
6 Եւ իր յանցանքին պատարագը Տէրոջը բերէ, այսինքն հօտերէն անարատ խոյ մը, քու որոշած արժէքին համեմատ, թող բերէ յանցանքի պատարագին համար։
7 Եւ քահանան անոր համար քաւութիւն թող ընէ Տէրոջը առջեւ եւ ինչ բանի համար որ յանցանք ըրած է, թողութիւն ըլլայ անոր»։
8 Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
9 «Պատուիրէ Ահարոնին որդիներուն ու ըսէ. Ողջակէզին օրէնքը այս է՝ ողջակէզը բոլոր գիշերը մինչեւ առտու սեղանը եղած կրակին վրայ թող մնայ ու սեղանին կրակը միշտ անոր մէջ վառուած թող մնայ։
10 Եւ քահանան իր քթանէ պատմուճանը թող հագնի եւ կրակով այրուած ողջակէզին մոխիրը սեղանին վրայէն վերցնէ ու սեղանին քով դնէ։
11 Եւ իր զգեստները հանէ եւ ուրիշ զգեստներ հագնի ու մոխիրը բանակէն դուրս մաքուր տեղ մը հանէ։
12 Եւ սեղանին վրայի կրակը անոր մէջ միշտ վառուած պէտք է ըլլայ ու չմարի եւ քահանան ամէն առտու անոր վրայ փայտեր այրէ ու անոր վրայ ողջակէզը շարէ եւ անոր վրայ խաղաղութեան զոհերուն ճարպը այրէ։
13 Կրակը սեղանին վրայ միշտ վառուած պէտք է ըլլայ ու չմարի։
14 Հացի ընծային օրէնքը այս է.Ահարոնին որդիները պիտի մատուցանեն զանիկա Տէրոջը սեղանին առջեւ։
15 Եւ իր ձեռքը թող լեցնէ անկէ, այսինքն հացի ընծային բարակ ալիւրէն ու անոր իւղէն եւ հացի ընծային վրայ եղած բոլոր կնդրուկէն վերցնէ եւ անոր յիշատակի մասը սեղանին վրայ անոյշ հոտի համար այրէ Տէրոջը։
16 Եւ անկէ մնացածը Ահարոն ու իր որդիները պիտի ուտեն։ Անխմոր հացեր շինուելով՝ սուրբ տեղը պիտի ուտուի ան. վկայութեան խորանին սրահին մէջ ուտեն զայն։
17 Խմորով պիտի չեփուի. իմ պատարագներէս անոնց տուի զայն իրենց բաժին ըլլալու. այս մեղքի ու յանցանքի պատարագներու պէս ամենասուրբ է։
18 Ահարոնին որդիներուն բոլոր արուները պիտի ուտեն զայն. Տէրոջը պատարագներէն ձեր ազգերուն մէջ յաւիտենական կանոն ըլլայ այս, ամէն անոնց դպչողը սուրբ ըլլայ»։
19 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
20 «Ահարոնին ու անոր որդիներուն օծուելու օրը Տէրոջը մատուցուելիք զոհերնին այս է՝ արդուին մէկ տասներորդ մասը բարակ ալիւր ամէն օրուան հացի ընծայի համար պէտք է մատուցանուի, կէսը առաւօտուն ու կէսը իրիկունը։
21 Տապակի մէջ եփելու համար իւղով պէտք է շինուի. լաւ խառնուած պիտի բերես զայն եւ հացի ընծային եփած կտորուանքը անոյշ հոտի համար Տէրոջը պիտի մատուցանես։
22 Եւ իր որդիներէն իր տեղը օծուելու քահանան պիտի մատուցանէ զայն. ասիկա Տէրոջը յաւիտենական կանոն ըլլալով՝ բոլորովին պիտի այրուի։
23 Եւ քահանային բոլոր հացի ընծան բոլորովին պիտի այրուի. պիտի չուտուի»։
24 Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
25 «Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ ըսէ՛. Մեղքի պատարագին օրէնքը այս է՝ Ողջակէզին մորթուած տեղը պէտք է մորթուի մեղքին պատարագը՝ Տէրոջը առջեւ։ Այս ամենասուրբ է։
26 Մեղքի պատարագը մատուցանող քահանան պիտի ուտէ զայն. սուրբ տեղը, վկայութեան խորանին սրահը պէտք է ուտուի.
27 Ինչ որ անր միսին դպչի՝ սուրբ պիտի ըլլայ եւ եթէ անոր արիւնէն հանդերձի մը վրայ ցատկէ, սուրբ տեղը պիտի լուաս զայն՝ որուն վրայ ցատկեր էր։
28 Եւ հողէ ամանը, որուն մէջ եռացուած է այս միսը, պիտի կտրուի ու եթէ պղնձէ ամանի մէջ եռացուած ըլլայ, պէտք է շփուի ու ջրով լուացուի։
29 Քահանաներուն բոլոր արուները պիտի ուտեն զանիկա։ Այս ամենասուրբ է։
30 Եւ ամէն մեղքի պատարագ, որուն արիւնէն վկայութեան խորանը կը բերուի սուրբ տեղին մէջ քաւութիւն ընելու համար, պէտք չէ ուտուի, այլ՝ կրակով այրուի»։