ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27


Գլուխ 18

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Ես եմ Եհովա ձեր Աստուածը։
3 Մի՛ ընէք այնպէս, ինչպէս Եգիպտոսի մէջ կ’ընէին, ուր ժամանակ մը կ’ապրէիք, ո՛չ ալ ինչպէս Քանանի երկրին մէջ կ’ընեն, ուր ձեզ պիտի տանիմ, մի՛ ընէք ու անոնց կանոններուն համեմատ մի՛ քալէք։
4 Իմ պատուիրանքներս կատարեցէ՛ք եւ իմ կանոններս պահեցէք, որպէս զի անոնցմով քալէք։ Ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը։
5 Ուստի իմ կանոններս ու իմ պատուիրանքներս պէտք է պահէք, որոնք կատարող մարդը անոնցմով պիտի ապրի։ Ես եմ Տէրը։
6 Բնաւ մէկը իր մօտ ազգականին թող չմօտենայ՝ անոր մերկութիւնը բանալու համար։ Ես եմ Տէրը։
7 Քու հօրդ մերկութիւնը կամ քու մօրդ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու մայրդ է, անոր մերկութիւնը մի՛ բանար.
8 Քու հօրդ կնոջ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու հօրդ մերկութիւնն է։
9 Քու հօրդ աղջկան կամ քու մօրդ աղջկան, քու քրոջդ մերկութիւնը, տանը մէջ ծնած ըլլայ թէ դուրսը, անոր մերկութիւնը մի՛ բանար։
10 Քու որդիիդ աղջկան կամ քու աղջկանդ աղջկան մերկութիւնը՝ անոնց մերկութիւնը քուկդ է։
11 Քու հօրդ կնոջ աղջկան մերկութիւնը, քու հօրմէդ ծնած քու քոյրդ ըլլալով, անոր մերկութիւնը մի՛ բանար։
12 Քու հօրդ քրոջ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու հօրդ ազգականն է։
13 Քու մօրդ քրոջ մերկութիւնը մի՛ բանար, վասն զի անիկա քու մօրդ ազգականն է։
14 Քու հօրդ եղբօր մերկութիւնը մի՛ բանար, անոր կնոջ մի՛ մօտենար. անիկա քու հօրաքոյրդ կը համարուի։
15 Քու հարսիդ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու որդիիդ կինն է, անոր մերկութիւնը մի՛ բանար։
16 Քու եղբօրդ կնոջ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու եղբօրդ մերկութիւնն է։
17 Կնոջ մը ու անոր աղջկան մերկութիւնը մի՛ բանար եւ անոր որդիին աղջիկը կամ անոր աղջկան աղջիկը մի՛ առներ՝ անոնց մերկութիւնը բանալու համար, անոնք անոր ազգականներն են. անօէնութիւն կ’ըլլայ։
18 Կին մը իր քրոջ հետ մի՛ առներ զանիկա իր կենդանութեան ատենը վշտացնելու համար՝ միւսին մերկութիւնը բանալով։
19 Իր անմաքրութեանը ատեն զատուած կնոջ մը մի՛ մօտենար՝ անոր մերկութիւնը բանալու։
20 Եւ զուգաւորութեան համար քու դրացիիդ կնոջը հետ մի՛ պառկիր, անոր հետ պղծուելով։
21 Քու սերունդէդ Մողոքի համար կրակէ անցընել մի՛ թողուր եւ քու Աստուծոյդ անունը մի՛ պղծեր։ Ես եմ Տէրը։
22 Եւ արուի հետ՝ կնոջ հետ պառկելու պէս մի՛ պառկիր՝ պղծութիւն է այդ։
23 Բնաւ անասունի մը հետ մի՛ զուգաւորուիր, անոր հետ պղծուելով ու բնաւ կին մը անասունի առջեւ չկայնի՝ անոր հետ զուգաւորուելու։ Գարշութիւն է այդ։
24 Ասոնցմէ ոեւէ մէկով բնաւ մի՛ պղծուիք, վասն զի ասոնցմով պղծուեցան այն ազգերը, որոնք ձեր առջեւէն պիտի վռնտեմ։
25 Այն երկրին պղծուելովը՝ անոր անզգամութիւնը պիտի պատժեմ ու այն երկիրը իր բնակիչները պիտի փսխէ։
26 Ուստի դուք իմ կանոններս ու պատուիրանքներս պահեցէ՛ք ու այս պղծութիւններէն մէ՛կն ալ մի՛ ընէք, ո՛չ բնիկը, ո՛չ ալ ձեր մէջ պանդխտացող օտարականը.
27 Որովհետեւ ձեզմէ առաջ եղած այն երկրին մարդիկը այս բոլոր պղծութիւնները ըրին ու այն երկիրը պղծուեցաւ։
28 Ուրեմն զգուշացէ՛ք, որ չըլլայ թէ այն երկիրը ձեզ ալ դուրս փսխէ զայն պղծած ատեննիդ, ինչպէս ձեզմէ առաջ եղած ազգերը փսխեց։
29 Քանզի ով որ այս պղծութիւններէն ոեւէ մէկը ընելու ըլլայ, զայն ընող անձերը իրենց ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուին։
30 Ուստի իմ հրամաններս պահեցէ՛ք, որպէս զի ձեզմէ առաջ գործուած պիղծ սովորութիւններէն մէ՛կը չընէք ու անոնցմով չպղծուիք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։