ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27


Գլուխ 11

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով.
2 «Խօսեցէ՛ք Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ք. Երկրի վրայ եղած բոլոր անասուններէն հետեւեալ անասունները պիտի ուտէք.
3 Ամէն ճեղքուած կճղակ ունեցող կճղակաբաշխ ու որոճացող անասուն կրնաք ուտել։
4 Բայց որոճացողէն կամ կճղակաբաշխ եղածէն հետեւեալները պիտի չուտէք՝ ուղտը, վասն զի անիկա թէեւ կ’որոճայ, բայց կճղակաբաշխ չէ, անիկա ձեզի անմաքուր ըլլայ
5 Եւ ճագարը, վասն զի անիկա կ’որոճայ, բայց կճղակաբաշխ չէ, անիկա ձեզի անմաքուր ըլլայ
6 Եւ նապաստակը, որ թէեւ կ’որոճայ, բայց կճղակաբաշխ չէ, անիկա ձեզի անմաքուր ըլլայ։
7 Եւ խոզը, որ թէեւ կճղակաբաշխ է եւ ճեղքուած կճղակ ունի, բայց չ’որոճար, անիկա ձեզի անմաքուր ըլլայ։
8 Ասոնց միսէն մի՛ ուտէք ու դիակներուն մի՛ դպչիք. ձեզի անմաքուր են։
9 Ջուրերու մէջ բոլոր եղածներէն հետեւեալները կերէք՝ ջուրերու մէջ, այսինքն ծովերու մէջ եւ գետերու մէջ բոլոր թեւ ու թեփ ունեցողը կրնաք ուտել։
10 Եւ ծովերու մէջ ու գետերու մէջ եղած բոլոր անթեւ ու անթեփ եղածները՝ ջուրերուն բոլոր զեռունները եւ ջուրերուն մէջ եղած շունչ ունեցող բոլոր կենդանիները՝ պիղծ ըլլան ձեզի։
11 Անոնք ձեզի պիղծ ըլլան. անոնց միսէն մի՛ ուտէք եւ անոնց դիակներէն զզուեցէ՛ք։
12 Ջուրերուն մէջ եղած բոլոր անթեւ ու անթեփ եղածները ձեզի պիղծ ըլլան։
13 Եւ թռչուններուն մէջ հետեւեալները պիղծ պիտի սեպէք, պիտի չուտէք։ Պիղծ են արծիւը եւ պսկուճը ու գետարծիւը
14 Եւ ցինն ու անգղը իր տեսակին պէս
15 Եւ ագռաւը իր տեսակին պէս
16 Եւ ջայլամն ու բուն եւ կկուն ու բազէն իրենց տեսակին պէս
17 Եւ հաւպատիրն ու հողամաղը եւ քաջահաւը
18 Եւ կարապը եւ հաւալուսը ու սեւ անգղը
19 Եւ արագիլն ու քարադրը իրենց տեսակին պէս եւ յոպոպն ու չիղջը։
20 Ամէն չորս ոտքի վրայ քալող թռչող զեռուն ձեզի պիղծ սեպեցէք։
21 Սակայն հետեւեալները կերէք. չորս ոտքի վրայ քալող բոլոր թռչող զեռուններէն՝ երկրի վրայ ցատկելու համար՝ ոտքերնուն վրայ ազդր ունեցողները։
22 Անոնցմէ հետեւեալները կերէք՝ մարախը իր տեսակին պէս ու գրուիճը իր տեսակին պէս եւ խարագուլը իր տեսակին պէս ու ջորեակը իր տեսակին պէս։
23 Բայց մնացած բոլոր չորս ոտքով թռչող զեռունները ձեզի պիղծ ըլլան։
24 Անոնցմով դուք անմաքուր պիտի ըլլաք. ամէն անոնց դիակներուն դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։
25 Եւ բոլոր անոնց դիակները վերցնողը իր հանդերձները պիտի լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։
26 Բոլոր անասունները, որոնք կճղակաբաշխ են, բայց կճղակնին ճեղքուած չէ եւ չեն որոճար, անմաքուր են ձեզի. ով որ անոնց դիակներուն դպչի, անմաքուր պիտի ըլլայ։
27 Եւ բոլոր չորս ոտքի վրայ քալող անասուններէն՝ բոլոր թաթերնուն վրայ քալողները անմաքուր ըլլան ձեզի. ամէն անոնց դիակներուն դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։
28 Եւ անոնց դիակները վերցնողը իր լաթերը պէտք է լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ. անոնք անմաքուր են ձեզի։
29 Եւ երկրի վրայ սողացող սողուններուն մէջ հետեւեալները անմաքուր են ձեզի՝ աքիսն ու մուկը եւ տիտեռը իրենց տեսակին պէս
30 Եւ կովադիան ու մողէսը եւ քարաթօշը ու խոմէթը եւ գետնառիւծը։
31 Բոլոր սողացողներուն մէջ ձեզի անմաքուր եղածները ասոնք են։ Անոնց մեռածին դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։
32 Եւ անոնցմէ մեռած մը ինչ բանի վրայ որ իյնայ, փայտէ աման ըլլայ կամ հանդերձ կամ մորթ կամ քուրձ, ի՛նչ տեսակ գործածական աման որ ըլլայ, անմաքուր պիտի ըլլայ։ Ջուրը պիտի ձգուի ան ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ եւ ետքը մաքուր սեպուի։
33 Անոնցմէ ոեւէ մէկը, որ հողէ ամանին մէջ իյնալու ըլլայ, ամանին մէջ եղածը անմաքուր պիտի ըլլայ։ Այն ամանը պէտք է կոտրէք։
34 Ամէն ուտելու կերակուր, որուն վրայ ջուր կայ ու ասոնցմէ ոեւէ մէկը մէջը իջնայ՝ ՝, անմաքուր պիտի ըլլայ. նոյնպէս ամէն ամանի մէջ եղած բոլոր խմուելիքը անմաքուր պիտի ըլլայ։
35 Եւ ամէն բան, որուն վրայ ասոնց դիակը կ’իյնայ, անմաքուր պիտի ըլլայ. թէ՛ թոնիր ըլլայ եւ թէ՛ վառարան, պիտի աւրուի. ասոնք անմաքուր են ու անմաքուր պիտի սեպուին ձեզի։
36 Բայց աղբիւրը կամ հորը, ուր հաւաքուած ջուր կայ՝ ՝, մաքուր պիտի ըլլայ. սակայն անոնց դիակներուն դպչողը անմաքուր պիտի ըլլայ։
37 Եւ եթէ անոնց դիակը ցանուելու սերմի վրայ իյնայ, մաքուր պիտի ըլլայ այն։
38 Բայց եթէ սերմին վրայ ջուր դրուած ըլլայ ու անոր վրայ անոնց դիակը իյնայ, այն ձեզի անմաքուր պիտի ըլլայ։
39 Եւ եթէ ձեր ուտելու կենդանիներէն մէկը մեռնի, անոր դիակին դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։
40 Եւ անոր դիակէն ուտողը իր հանդերձները պիտի լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ եւ անոր դիակը վերցնողը իր հանդերձները պիտի լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։
41 Երկրի վրայ սողացող ամէն սողուն պիղծ է. պէտք չէ ուտուի այն։
42 Երկրի վրայ բոլոր սողացող սողունները՝ իր փորին վրայ քալողը կամ չորս ոտքի վրայ պտըտողը եւ կամ բազմոտանի եղածները մի՛ ուտէք, վասն զի պիղծ են։
43 Ոեւէ սողունով անձերնիդ մի՛ պղծէք. անոնցմով պղծուելով անձերնիդ անմաքուր մի՛ ընէք։
44 Որովհետեւ ես եմ Տէր Աստուածը, ուստի սրբեցէք անձերնիդ ու սուրբ եղէ՛ք, վասն զի ես սուրբ եմ։ Բնաւ երկրի վրայ սողացող ոեւէ զեռունով անձերնիդ մի՛ պղծէք։
45 Քանզի ես եմ Եհովան, որ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի, որպէս զի ձեզի Աստուած ըլլամ. ուստի սուրբ եղէ՛ք, վասն զի ես սուրբ եմ»։
46 Չորքոտանիներուն եւ թռչուններուն ու ջուրերուն մէջ շարժող բոլոր շնչաւոր կենդանիներուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն օրէնքը այս է.
47 Որպէս զի անմաքուրին ու մաքուրին մէջտեղ եւ ուտուելու անասունին ու չուտուելու անասունին մէջտեղ տարբերութիւն դնէք։