ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27


Գլուխ 24

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2 «Պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ ծեծուած մաքուր ձէթ բերեն քեզի լոյսի համար, որպէս զի միշտ ճրագ վառի։
3 Վկայութեան խորանին մէջ, վկայութեան վարագոյրէն դուրս, միշտ պիտի պատրաստէ զայն՝ իրիկուընէ մինչեւ առտու Տէրոջը առջեւ վառուելու համար։ Ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։
4 Ճրագները զուտ ոսկի աշտանակի վրայ Տէրոջը առջեւ միշտ պէտք է պատրաստ ըլլան։
5 Բարակ ալիւր ա՛ռ եւ անով տասներկու շօթ եփէ՛. ամէն մէկ շօթը երկու տասնորդ պէտք է ըլլայ։
6 Զանոնք Տէրոջը առջեւ մաքուր սեղանին վրայ երկու կարգով դի՛ր. ամէն մէկ կարգը վեց հատ պէտք է ըլլայ։
7 Ամէն կարգի վրայ զուտ կնդրուկ դի՛ր, որպէս զի հացին վրայ պատարագի յիշատակ ըլլայ Տէրոջը։
8 Իսրայէլի որդիներուն կողմէ յաւիտենական ուխտով ամէն շաբաթ օր Տէրոջը առջեւ զանիկա պէտք է կարգադրէ։
9 Անիկա Ահարոնին ու անոր որդիներունը պիտի ըլլայ։ Սուրբ տեղը ուտեն զանիկա, վասն զի այն՝ Տէրոջը պատարագներէն յաւիտենական կանոնով ամենասուրբ է»։
10 Եւ Իսրայէլի որդիներուն մէջ Իսրայելացի կնոջ մը որդին ելաւ, որուն հայրը Եգիպտացի էր ու այն Իսրայելացի կնոջ որդին Իսրայելացի մարդու մը հետ բանակին մէջ կռուեցաւ
11 Եւ այն Իսրայելացի կնոջ որդին հայհոյեց Տէրոջը անուան ու անիծեց։ Մովսէսին բերին զանիկա։ Անոր մօրը անունը Սողոմիթ էր, Դանի ցեղէն՝ Դաբրիին աղջիկը։
12 Բանտարկեցին զանիկա, մինչեւ որ Տէրոջը հրամանը յայտնուի իրեն։
13 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
14 «Այն հայհոյող մարդը բանակէն դուրս հանէ եւ բոլոր լսողները ձեռքերնին անոր գլխուն վրայ թող դնեն ու բոլոր ժողովուրդը թող քարկոծեն զանիկա։
15 Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն. ‘Ով որ իր Աստուածը անիծէ, իր մեղքը պիտի կրէ՛’։
16 Տէրոջը անուան հայհոյողը անշուշտ պէտք է մեռցուի։ Բոլոր ժողովուրդը անշուշտ պէտք է քարկոծեն զանիկա. օտարական ըլլայ թէ բնիկ։ Տէրոջը անուան հայհոյողը պէտք է մեռցուի։
17 Ով որ մարդ մը սպաննէ, անշուշտ պէտք է մեռցուի։
18 Ան որ անասուն մը կը մեռցնէ, անասունի տեղ անասուն մը պէտք է հատուցանէ։
19 Եւ եթէ մարդ մը իր դրացիին խեղութեանը պատճառ ըլլայ, իր ըրածին պէս պէտք է ընեն իրեն.
20 Բեկման տեղ՝ բեկում, աչքի տեղ՝ աչք, ակռայի տեղ՝ ակռայ. ինչպէս անիկա մարդու մը խեղութիւն պատճառեր է, նոյնպէս պէտք է ըլլայ իրեն։
21 Եւ անասուն մեռցնողը պիտի հատուցանէ զայն. բայց մարդ մեռցնողը պէտք է մեռցուի։
22 Թէ՛ օտարականին համար եւ թէ՛ բնիկին համար՝ ձեր օրէնքը մէկ պէտք է ըլլայ. վասն զի ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։
23 Մովսէս ըսաւ Իսրայէլի որդիներուն, որ այն անիծող մարդը բանակէն դուրս հանեն եւ քարկոծեն զանիկա։ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս ըրին։