ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27


Գլուխ 19

Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին ու ըսէ՛ անոնց. ‘Դուք սուրբ եղէք, քանզի ես, ձեր Եհովա Աստուածը, սուրբ եմ’։
3 Ամէն մարդ իր մայրն ու իր հայրը պէտք է յարգէ եւ իմ շաբաթներս պէտք է պահէք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։
4 Կուռքերուն մի՛ դառնաք եւ ձեզի ձուլածոյ աստուածներ մի՛ շինէք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։
5 Եթէ խաղաղութեան զոհ մատուցանէք Տէրոջը, այնպէս մատուցանեցէք, որ ընդունելի ըլլայ։
6 Զոհը մատուցուած օրը եւ հետեւեալ օրն ալ կրնայ ուտուիլ, իսկ երրորդ օրուան մնացածը կրակով պէտք է այրուի։
7 Եւ եթէ երրորդ օրը անկէ ուտուելու ըլլայ, անիկա պիղծ է, պիտի չընդունուի։
8 Եւ զայն ուտողը իր անօրէնութիւնը պիտի կրէ, վասն զի Տէրոջը սուրբ բանը պղծեց, ուստի այն անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի։
9 Երբ ձեր երկրին հունձքը հնձէք՝ արտին եզերքը լման մի՛ հնձէք ու հունձքէն ինկած հասկերը մի՛ հաւաքէք։
10 Ձեր այգիին ճռաքաղ մի՛ ընէք, այսինքն՝ այգիին մէջ մնացած ողկոյզները մի՛ քաղէք, զանոնք աղքատին ու օտարականին համար թողուցէք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։
11 Գողութիւն մի՛ ընէք. սուտ մի՛ խօսիք եւ իրար մի՛ խաբէք։
12 Եւ իմ անունովս սուտ տեղը երդում մի՛ ընէք ու ձեր Աստուծոյն անունը մի՛ պղծէք։ Ես եմ Տէրը։
13 Քու դրացիիդ զրկանք մի՛ ըներ եւ յափշտակութիւն մի՛ ըներ. վարձքով բանողին օրական վարձքը մէկ գիշեր մինչեւ առտու թող ձեր քով չմնայ։
14 Խուլին մի՛ հայհոյէք ու կոյրին առջեւ խոչնդոտ մի՛ դնէք, հապա ձեր Աստուծմէն վախցէ՛ք։ Ես եմ Տէրը։
15 Դատաստանի մէջ անիրաւութիւն մի՛ ընէք. աղքատին աչառութիւն մի՛ ընէք եւ մեծը մի՛ շողոքորթէք. ձեր դրացին արդարութիւնով դատեցէ՛ք։
16 Ձեր ժողովուրդին մէջ չարախօսութիւն ընելու մի՛ պտըտիք. ձեր ընկերին արիւնը մի՛ մտնէք. Ես եմ Տէրը։
17 Եղբայրդ քու սրտիդ մէջ մի՛ ատեր. քու դրացիդ անպատճառ յանդիմանէ՛, որպէս զի անոր համար մեղք չկրես։
18 Վրէժ մի՛ առներ եւ քու ժողովուրդիդ որդիներուն դէմ ոխ մի՛ պահեր, հապա քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ՛։ Ես եմ Տէրը։
19 Իմ կանոններս պահեցէ՛ք. քու անասունիդ մէկ տեսակը ուրիշ տեսակի հետ զուգաւորել մի՛ տար. քու արտիդ մէջ զանազան սերմ մի՛ ցաներ եւ երկու նիւթէ գործուած այլախառն հանդերձ մի՛ հագնիր։
20 Եթէ մէկը գերի կնոջ մը հետ պառկելով զուգաւորութիւն ընէ ու անիկա մէկու մը նշանուած ըլլայ, բայց դեռ փրկուած չըլլայ, ոչ ալ անոր ազատութիւն տրուած ըլլայ, անոնք պէտք է հարցաքննուին. անոնք պիտի չմեռցուին, վասն զի կինը ազատ չէր։
21 Բայց մարդը իր յանցանքին պատարագը Տէրոջը թող բերէ վկայութեան խորանին դուռը, խոյ մը յանցանքի պատարագի համար։
22 Քահանան յանցանքի պատարագին խոյովը Տէրոջը առջեւ քաւութիւն թող ընէ անոր իր ըրած մեղքին համար եւ անոր ըրած մեղքը թող ներուի իրեն։
23 Երբ այն երկիրը մտնէք ու ամէն տեսակ ծառեր տնկէք՝ պտուղը ուտելու համար, այն ատեն անոր պտուղը չթլփատուածի պէս անմաքուր պէտք է սեպէք. անիկա ձեզի երեք տարի չթլփատուածի պէս սեպուելով պէտք չէ ուտուի։
24 Եւ չորրորդ տարին անոր բոլոր պտուղը Տէրը փառաւորելու համար սուրբ պիտի ըլլայ։
25 Բայց հինգերորդ տարին անոր պտուղը կրնաք ուտել, որպէս զի իր արդիւնքը ձեզի համար աւելցնէ։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։
26 Միսը արիւնով մի՛ ուտէք. մի՛ հմայէք եւ գուշակութիւն մի՛ ընէք։
27 Ձեր գլուխներուն եզերքի մազերը մի՛ կտրէք ու ձեր մօրուքին եզերքը մի՛ աւրէք։
28 Եւ մէկուն սուգին համար ձեր մարմնին վրայ կտրածներ մի՛ ընէք ու ձեր վրայ գրի նշան մի՛ ընէք։ Ես եմ Տէրը։
29 Աղջիկդ պոռնիկ ընելով մի՛ պղծեր, որպէս զի երկիրը պոռնկութեան մէջ չիյնայ ու երկիրը չարութիւնով չլեցուի։
30 Իմ շաբաթներս պահեցէ՛ք ու իմ սրբարանս յարգեցէ՛ք։ Ես եմ Տէրը։
31 Վհուկներուն մի՛ նայիք եւ հմայողներուն բան մի՛ հարցնէք, որպէս զի անոնցմով չպղծուիք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։
32 Մազը ճերմկածին առջեւ ոտքի ելի՛ր եւ ծերը պատուէ՛ ու քու Աստուծմէդ վախցի՛ր։ Ես եմ Տէրը։
33 Եթէ օտարական մը ձեր երկրին մէջ ձեր քով պանդխտանալու ըլլայ, մի՛ նեղէք զանիկա։
34 Ձեր քով պանդխտացող օտարականը ձեր երկրին բնիկին պէս թող ըլլայ ձեզի եւ քու անձիդ պէս սիրէ՛ զանիկա, վասն զի դուք ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ օտարական էիք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։
35 Դատաստանի մէջ անիրաւութիւն մի՛ ընէք. կանգունի մէջ, կշիռքի մէջ ու չափի մէջ ալ։
36 Ձեր կշիռքները լման, ձեր կշիռքի քարերը լման, ձեր արդուն լման ու հիմէնը լման թող ըլլայ։ Ձեզ Եգիպտոսէն հանող Տէրը՝ ձեր Աստուածը՝ ես եմ։
37 Ուստի իմ բոլոր կանոններս ու իմ բոլոր կարգադրութիւններս պահեցէ՛ք եւ կատարեցէ՛ք զանոնք։ Ես եմ Տէրը»։