ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ
Գլուխ 22
Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2 «Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն՝ որ Իսրայէլի որդիներուն մատուցուած սուրբ բաներէն զգոյշ կենան եւ իմ սուրբ անունս չպղծեն այն բաներով, որոնք ինծի կը նուիրեն։ Ես եմ Տէրը։
3 Ըսէ՛ անոնց. ‘Ձեր բոլոր սերունդէն ձեր ազգերուն մէջ՝ ով որ իր անմաքրութիւնը իր վրայ ունենալով մօտենայ այն սուրբ բաներուն, որոնք Իսրայէլի որդիները կը նուիրեն Տէրոջը, այն անձը իմ առջեւէս պէտք է կորսուի։ Ես եմ Տէրը։
4 Ով որ Ահարոնի ցեղէն բորոտ ըլլայ, կամ ծորում ունենայ, սուրբ բաներէն պէտք չէ ուտէ մինչեւ իր մաքրուիլը եւ ով որ մեռելէ պղծուած բանի մը դպչի կամ մարդ մը, որուն զուգաւորութեան սերմը իրմէ ելած է,
5 Կամ ով որ դպչի ոեւէ սողունի մը որով կրնայ անմաքուր ըլլալ, կամ մարդու մը որմէ կրնայ անմաքուր ըլլալ, ոեւէ անմաքրութիւն որ անիկա կրնայ ունենալ,
6 Ասոնց դպչող մարդը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պէտք է սեպուի եւ սուրբ բաներէն չուտէ, հապա իր մարմինը ջրով լուայ։
7 Բայց երբ արեգակը մարը մտնէ, մաքուր պէտք է սեպուի ու ետքը սուրբ բաներէն ուտէ, վասն զի անիկա իր հացն է։
8 Անիկա մեռած մը կամ գազանէ պատառուած մը պէտք չէ ուտէ, որպէս զի անով չպղծուի։ Ես եմ Տէրը։
9 Ուստի իմ պատուիրանքներս պէտք է պահեն, որպէս զի անոր համար մեղք չգործեն ու զայն պղծելնուն համար չմեռնին։ Ես եմ Տէրը, որ զանոնք կը սրբեմ։
10 Ոեւէ օտարական սուրբ բանէ պէտք չէ ուտէ. քահանային հիւրը կամ վարձկանն ալ սուրբ բանէ պէտք չէ ուտէ։
11 Բայց քահանային իր ստակով ծախու առած անձը ու իր տունը ծնածը անկէ կրնան ուտել։ Անոնք իր կերակուրէն կրնան ուտել։
12 Եթէ քահանային աղջիկը օտարականի մը հետ ամուսնանայ, անիկա նուիրուած սուրբ բաներէն պէտք չէ ուտէ։
13 Բայց եթէ քահանային աղջիկը որբեւարի կամ արձակուած ըլլայ ու զաւակ չունենայ եւ իր հօրը տունը դարձած ըլլայ, այն ատեն իր աղջկութեան ժամանակին պէս իր հօրը հացէն կրնայ ուտել, սակայն օտարական մը անկէ բնաւ պէտք չէ ուտէ։
14 Եթէ մարդ մը չգիտնալով սուրբ բանէ մը ուտէ, անոր վրայ արժէքին մէկ հինգերորդը թող աւելցնէ ու սուրբ բանովը մէկտեղ քահանային տայ.
15 Քահանան Իսրայէլի որդիներուն Տէրոջը մատուցուած սուրբ բաները պէտք չէ պղծէ
16 Ու իրենց սուրբ բաները ուտելով՝ յանցանքի անօրէնութիւնը իրենց վրայ պէտք չէ բերէն՝ ՝, վասն զի ես եմ Տէրը, որ զանոնք կը սրբեմ’»։
17 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
18 «Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ Իսրայէլի բոլոր որդիներուն ու ըսէ անոնց. Երբ Իսրայէլի տունէն կամ Իսրայէլի մէջ բնակող օտարականներէն մէկը իր զոհը ներկայացնէ որպէս ուխտի հատուցում կամ իբր կամաւոր ընծայ, որ Աստուծոյ մատուցուի որպէս ողջակէզ,
19 Պէտք է արու եւ անարատ արջառ մը, ոչխար մը կամ այծ մը ըլլայ, որպէս զի ընդունելի ըլլայ։
20 Արատ ունեցող մը բնաւ մի՛ մատուցանէք, վասն զի ընդունելի չըլլար։
21 Եւ ուխտ կատարելու համար կամ կամաւոր ընծայի համար, ով որ արջառներէն կամ ոչխարներէն Տէրոջը խաղաղութեան զոհ մատուցանելու ըլլայ, մատուցուածը անարատ պէտք է ըլլայ, որպէս զի ընդունուի. բնաւ արատ մը պէտք չէ ըլլայ անոր վրայ։
22 Կոյր կամ մէկ կողմը կոտրած կամ կտրուած կամ խաղաւարտ ունեցող կամ քոսոտ կամ որքիւնոտ եղածներէն Տէրոջը պէտք չէ մատուցանէք, ոչ ալ ասոնցմէ Տէրոջը պատարագի համար սեղանին վրայ պէտք է դնէք։
23 Բայց անդամներուն մէջ աւելորդ մաս մը կամ պակասութիւն ունեցող զուարակը կամ ոչխարը կամաւոր ընծայի համար կրնաք մատուցանել, սակայն ուխտի համար պիտի չընդունուի այն։
24 Ամորձիքը ճմլուածը կամ ճզմուածը կամ փրցուածը կամ կտրուածը մի՛ մատուցանէք Տէրոջը եւ ձեր երկրին մէջ մի՛ ընէք այս բաները։
25 Եւ օտարականի մը ձեռքէն ալ՝ ասոնցմէ ոեւէ մէկը ձեր Աստուծոյն պատարագ մի՛ մատուցանէք, վասն զի անոնց մէջ խեղութիւն ու արատ կայ։ Անոնք ընդունելի պիտի չըլլան»։
26 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
27 «Երբ զուարակ կամ ոչխար կամ այծ ծնի, եօթը օր իր մօրը քով թող մնայ եւ ութերորդ օրը ու անկէ յետոյ Տէրոջը ընդունելի պիտի ըլլայ պատարագի ընծայի համար։
28 Եւ կովը կամ ոչխարը իր ձագով մէկտեղ մէկ օրուան մէջ մի՛ մորթէք։
29 Եւ երբ գոհութեան զոհ մատուցանէք Տէրոջը, այնպէս պէտք է մատուցանէք, որ ձեզի համար ընդունելի ըլլայ.
30 Նոյն օրը պէտք է ուտուի անիկա, անկէ մինչեւ առտու մի՛ թողուք։ Ես եմ Տէրը։
31 Ուստի իմ պատուիրանքներս պէտք է պահէք եւ կատարէք զանոնք։ Ես եմ Տէրը։
32 Եւ իմ սուրբ անունս մի՛ պղծէք, որպէս զի ես սրբուիմ Իսրայէլի որդիներուն մէջ։ Ես եմ Տէրը, որ ձեզ կը սրբեմ,
33 Որ ձեզի Աստուած ըլլալու համար՝ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի։ Ես եմ Տէրը»։