ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27


Գլուխ 7

«Յանցանքի պատարագին օրէնքը այս է, որ ամենասուրբ է.
2 Ողջակէզը մորթած տեղերնին յանցանքի պատարագը պէտք է մորթեն եւ անոր արիւնը սեղանին շուրջը պէտք է սրսկէ։
3 Եւ անկէ բոլոր ճարպը, այսինքն դմակն ու փորոտիքը ծածկող ճարպը պէտք է մատուցանէ
4 Եւ երկու երիկամունքն ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին վրայի թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ պէտք է փրցնէ
5 Եւ քահանան սեղանին վրայ թող այրէ ասոնք՝ Տէրոջը պատարագ ըլլալու համար։ Ասիկա յանցանքի պատարագ է։
6 Քահանաներէն ամէն արու պէտք է ուտէ զայն. սուրբ տեղը պիտի ուտուի, քանզի ամենասուրբ է։
7 Մեղքի պատարագը ինչպէս որ կ’ըլլայ, յանցանքի պատարագն ալ այնպէս պէտք է ըլլայ։ Անոնց օրէնքը մէկ է։ Ան քաւութիւն ընող քահանային պիտի ըլլայ։
8 Եւ քահանայ մը, որ մէկուն ողջակէզ կը մատուցանէ, այդ քահանան իր մատուցանած ողջակէզին մորթը իրեն պէտք է առնէ։
9 Եւ թոնիրի մէջ եփուած ու սանի մէջ եւ տապակի վրայ շինուած բոլոր հացի ընծան, զանիկա մատուցանող քահանային պէտք է ըլլայ։
10 Ամէն իւղով շաղուած կամ առանց իւղի՝ ՝ հացի ընծան Ահարոնին բոլոր որդիներուն պէտք է ըլլայ։ Բոլորին բաժինը հաւասար ըլլալու է։
11 Տէրոջը մատուցանուելիք խաղաղութեան զոհին օրէնքը այս է՝
12 Եթէ շնորհակալութեան համար պիտի մատուցանէ զայն, այն ատեն շնորհակալութեան զոհին հետ իւղով շաղուած անխմոր շօթեր ու իւղով օծուած անխմոր լավաշներ եւ բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած խառնուած շօթեր պէտք է մատուցանէ։
13 Շնորհակալութեան համար եղած իր խաղաղութեան զոհին շօթերէն զատ՝ խմորեալ հացէ ընծայ մը պէտք է մատուցանէ։
14 Եւ անկէ, այսինքն բոլոր ընծաներէն, մէկ հատ բարձրացնելու ընծայ պէտք է մատուցանէ Տէրոջը։ Ասիկա խաղաղութեան զոհին արիւնը սրսկող քահանային պիտի ըլլայ։
15 Եւ շնորհակալութեան համար՝ իր խաղաղութեան զոհին միսը մատուցուած օրը պէտք է ուտուի. անկէ մինչեւ առտու պէտք չէ մնայ։
16 Եւ եթէ իր ընծան ուխտի համար է կամ կամաւոր զոհ է, զոհը մատուցուած օրը պէտք է ուտուի ու մնացածը հետեւեալ օրը պէտք է ուտուի։
17 Զոհին միսէն երրորդ օրուան մնացածը կրակով թող այրուի։
18 Եթէ երրորդ օրը խաղաղութեան զոհին միսէն ուտուելու ըլլայ, ընդունելի պիտի չըլլայ։ Անիկա մատուցանողին զոհ պիտի չսեպուի, պղծութիւն պիտի ըլլայ ու անկէ ուտող անձը իր անօրէնութիւնը պիտի կրէ։
19 Ոեւէ տեսակ անմաքուր բանի դպած միս պէտք չէ ուտուի, կրակով պէտք է այրուի. սակայն ամէն մաքուր եղողը կրնայ ուտել խաղաղութեան զոհին միսէն։
20 Բայց այն անձը, որ իր անմաքրութիւնը իր վրայ ունենալով, Տէրոջը խաղաղութեան զոհէն միս ուտէ, այն անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի։
21 Ոեւէ տեսակ անմաքուր բանի մը թէ՛ մարդու անմաքրութեան, թէ՛ անմաքուր անասունի եւ թէ՛ ամէն կերպ անմաքուր պիղծ բանի՝ ՝ մը դպչող անձը եթէ Տէրոջը խաղաղութեան զոհին միսէն ուտելու ըլլայ, այն անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի»։
22 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
23 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ. Բնաւ արջառի կամ ոչխարի կամ այծի ճարպ մի՛ ուտէք։
24 Եւ մեռած անասունին ճարպը ամէն գործի մէջ կրնայ գործածուիլ, բայց անկէ բնաւ մի՛ ուտէք։
25 Քանզի ով որ Տէրոջը պատարագ մատուցուելու անասունին ճարպէն ուտելու ըլլայ, այն ուտող անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի։
26 Ձեր բնակարաններուն մէջ բնաւ արիւն մի՛ ուտէք, թռչունի ըլլայ թէ անասունի։
27 Ով որ ոեւէ արիւն ուտէ, այն անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի»։
28 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
29 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ. Իր խաղաղութեան զոհը Տէրոջը մատուցանողը իր խաղաղութեան զոհէն պէտք է ընծայէ Տէրոջը։
30 Տէրոջը պատարագները իր ձեռքովը պէտք է բերէ։ Երբուծով ճարպ պէտք է բերէ, որպէս զի երբուծը երերցնելու ընծայի համար երերցուի Տէրոջը առջեւ։
31 Քահանան ճարպը թող այրէ սեղանին վրայ. բայց երբուծը Ահարոնին ու անոր որդիներուն պէտք է ըլլայ։
32 Ձեր խաղաղութեան զոհերէն աջ զիստը քահանային պէտք է տաք՝ բարձրացնելու ընծայի համար։
33 Ահարոնի որդիներէն՝ խաղաղութեան զոհին արիւնը ու ճարպը ո՛վ որ մատուցանէ, աջ զիստը իրեն բաժինը պիտի ըլլայ։
34 Քանզի անոնց խաղաղութեան զոհերէն երերցնելու երբուծը եւ բարձրացնելու զիստը Իսրայէլի որդիներէն առի եւ զանոնք յաւիտենական կանոնով Իսրայէլի որդիներէն Ահարոն քահանային ու անոր որդիներուն տուի։
35 Ասիկա Տէրոջը պատարագներէն Ահարոնին եւ անոր որդիներուն իրենց օծման բաժին տրուեցաւ, զանոնք Տէրոջը քահանայութիւն ընելու մօտեցուցած օրը,
36 Որոնց օծուած օրը, Տէրը հրամայեց, որ Իսրայէլի որդիներէն անոնց տրուի։ Իրենց ցեղերուն յաւիտենական պարտքն է։
37 Ողջակէզին, հացի ընծային եւ մեղքի պատարագին եւ յանցանքի պատարագին ու օրհնութիւններուն եւ խաղաղութեան զոհին օրէնքը այս է,
38 Որը Տէրը պատուիրեց Մովսէսին Սինա լեռը, այն օրը երբ Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց իրենց ընծաները Տէրոջը մատուցանել Սինայի անապատին մէջ։