ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27


Գլուխ 8

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2 «Ա՛ռ Ահարոնն ու անոր որդիները իրեն հետ եւ զգեստներն ու օծման իւղը եւ մեղքի պատարագին զուարակն ու երկու խոյերը եւ անխմոր հացին սակառը
3 Եւ հաւաքէ բոլոր ժողովուրդը մէկտեղ վկայութեան խորանին դուռը»։
4 Մովսէս Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրաւ ու ժողովուրդը մէկտեղ հաւաքուեցաւ վկայութեան խորանին դուռը։
5 Եւ Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Այս է ինչ որ Տէրը պատուիրեց»։
6 Եւ Մովսէս մօտեցուց Ահարոնն ու անոր որդիները եւ զանոնք ջրով լուաց
7 Եւ անոր հագցուց շապիկը ու անոր մէջքը կապեց գօտին եւ պատմուճանը հագցուց անոր ու եփուտը անոր վրայ դրաւ ու եփուտին ժապաւէնովը փաթթեց ու անով գօտեւորեց զանիկա։
8 Եւ լանջապանակը անոր վրայ դրաւ ու լանջապանակին մէջ Ուրիմն ու Թումիմը դրաւ։
9 Եւ խոյրը անոր գլուխը դրաւ ու խոյրին վրայ անոր առջեւի կողմէն ոսկի թիթեղը, այսինքն սուրբ պսակը դրաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրած էր։
10 Մովսէս օծման իւղը առաւ ու խորանը եւ բոլոր անոր մէջ եղածները օծեց ու սրբեց զանոնք
11 Եւ անկէ սեղանին վրայ սրսկեց եօթը անգամ եւ սեղանն ու անոր բոլոր գործիքները եւ աւազանն ու անոր խարիսխը օծեց, զանոնք սրբելու համար։
12 Եւ օծման իւղէն Ահարոնին գլխուն վրայ թափելով՝ զանիկա սրբելու համար օծեց։
13 Եւ Մովսէս մօտեցուց Ահարոնին որդիները ու անոնց շապիկներ հագցուց եւ մէջքերնին գօտի կապեց ու անոնց գլուխը ապարօշներ փաթթեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրած էր։
14 Եւ մեղքի պատարագին զուարակը մօտեցուց եւ Ահարոնն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը մեղքի պատարագ ըլլալիք զուարակին գլխուն վրայ դրին։
15 Մորթեց զանիկա եւ Մովսէս արիւնը առաւ ու իր մատովը սեղանին եղջիւրներուն շուրջը դնելով, մաքրեց սեղանը ու արիւնը սեղանին յատակը թափեց եւ անոր վրայ քաւութիւն ընելու համար սրբեց զայն։
16 Եւ փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը եւ լեարդին թաղանթն ու երկու երիկամունքը եւ անոնց ճարպը առաւ ու Մովսէս սեղանին վրայ այրեց զանոնք։
17 Բայց զուարակը, այսինքն անոր մորթը եւ միսը ու անոր աղբը, բանակէն դուրս կրակով այրեց, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրած էր։
18 Եւ ողջակէզին խոյը մօտեցուց։ Ահարոն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը խոյին գլխուն վրայ դրին։
19 Եւ մորթեց զանիկա եւ Մովսէս շուրջանակի սեղանին վրայ սրսկեց արիւնը
20 Եւ խոյը կտոր կտոր ըրաւ ու Մովսէս այրեց գլուխը եւ կտորներն ու ճարպը։
21 Փորոտիքն ու ոտքերը ջրով լուաց եւ Մովսէս բոլոր խոյը սեղանին վրայ այրեց։ Ասիկա ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ էր Տէրոջը, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։
22 Եւ մօտեցուց միւս խոյը, այսինքն օրհնութեան խոյը։ Ահարոն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը խոյին գլխուն վրայ դրին
23 Եւ մորթեց զանիկա ու Մովսէս անոր արիւնէն առաւ եւ Ահարոնին աջ ականջին բլթակին վրայ ու անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ եւ անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ քսեց։
24 Ահարոնին որդիներն ալ մօտեցուց ու Մովսէս արիւնէն անոնց աջ ականջներուն բլթակներուն վրայ եւ անոնց աջ ձեռքերուն մեծ մատերուն վրայ ու անոնց աջ ոտքերուն մեծ մատերուն վրայ քսեց եւ Մովսէս սեղանին վրայ շուրջանակի սրսկեց մնացած արիւնը։
25 Եւ ճարպը, դմակն ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը եւ լեարդին թաղանթն ու երկու երիկամունքը եւ անոնց ճարպն ու աջ զիստը առաւ
26 Եւ Տէրոջը առջեւ եղած անխմոր հացի սակառէն անխմոր շօթ մը, իւղով հացի շօթ մը ու լաւաշ մը առաւ եւ ճարպերուն վրայ ու աջ զստին վրայ դրաւ։
27 Եւ բոլորը Ահարոնին ու անոր որդիներուն ձեռքը դնելով՝ զանոնք Տէրոջը առջեւ իբր երերցնելու ընծայ մատուցանեց։
28 Եւ Մովսէս անոնց ձեռքէն առաւ զանոնք ու սեղանը եղած ողջակէզին վրայ այրեց։ Ասոնք օրհնութեան համար անուշահոտ պատարագ էին Տէրոջը։
29 Եւ Մովսէս երբուծը առաւ ու Տէրոջը առջեւ իբր երերցնելու ընծայ մատուցանեց։ Ասիկա օրհնութեան խոյէն Մովսէսին բաժինը եղաւ, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրած էր։
30 Եւ Մովսէս օծման իւղէն ու սեղանին վրայ եղած արիւնէն առնելով՝ Ահարոնին վրայ ու անոր հանդերձներուն վրայ եւ անոր որդիներուն վրայ ու անոր որդիներուն հանդերձներուն վրայ սրսկեց եւ Ահարոնն ու անոր հանդերձները եւ անոր որդիներն ու անոր որդիներուն հանդերձները սրսկեց։
31 Եւ Մովսէս ըսաւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն. «Միսը վկայութեան խորանին դրանը քով եռացուցէք եւ հոն օրհնութեան սակառին մէջի հացերովը կերէք զանիկա, ինչպէս ինծի պատուիրուեցաւ՝ ՝, ըսելով թէ Ահարոնն ու անոր որդիները պիտի ուտեն զանոնք։
32 Եւ միսէն ու հացէն աւելցածը կրակով այրեցէ՛ք
33 Եւ եօթը օր վկայութեան խորանին դռնէն դուրս մի՛ ելլէք, մինչեւ ձեր օրհնութեան օրերուն վերջին օրը. վասն զի ձեր օրհնութիւնը եօթը օր պիտի ըլլայ։
34 Այս օրուան եղածին պէս, ձեզի համար քաւութիւն ընելու, Տէրը հրաման ըրաւ, որ այսպէս ընէք։
35 Ուստի ցորեկը ու գիշերը եօթը օր վկայութեան խորանին դրանը քով պիտի նստիք ու Տէրոջը պահպանութիւնը պիտի ընէք, որպէս զի չմեռնիք. քանզի այսպէս պատուիրուած է ինծի Տէրոջմէն»։
36 Եւ Ահարոնն ու անոր որդիները Տէրոջը Մովսէսին միջոցով պատուիրած բոլոր բաները ըրին։