ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27


Գլուխ 9

Ութերորդ օրը Մովսէս կանչեց Ահարոնն ու անոր որդիները եւ Իսրայէլի ծերերը
2 Եւ ըսաւ Ահարոնին. «Ա՛ռ քեզի մեղքի պատարագի համար արջառներէն զուարակ մը ու ողջակէզի համար՝ խոյ մը. անոնք անարատ պէտք է ըլլան եւ Տէրոջը առջեւ մօտեցո՛ւր
3 Եւ Իսրայէլի որդիներուն խօսէ՝ ըսելով. ‘Մեղքի պատարագի համար այծերէն՝ նոխազ մը եւ ողջակէզի համար զուարակ մը ու գառնուկ մը առէ՛ք. մէկ տարեկան եւ անարատ ըլլալու են։
4 Նաեւ խաղաղութեան զոհերուն համար Տէրոջը առջեւ զոհելու արջառ մը ու խոյ մը ու իւղով շաղուած հացի ընծայ առէք. վասն զի այսօր Տէրը ձեզի պիտի երեւնայ’»։
5 Եւ Մովսէսին պատուիրածները վկայութեան խորանին առջեւ բերին ու բոլոր ժողովուրդը մօտեցան ու Տէրոջը առջեւ կայնեցան։
6 Եւ Մովսէս ըսաւ. «Այս է Տէրոջը պատուէրը. ասիկա ըրէ՛ք ու Տէրոջը փառքը ձեզի պիտի երեւնայ»։
7 Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Սեղանին մօտեցի՛ր ու քու մեղքի պատարագդ եւ ողջակէզդ ըրէ՛ եւ քեզի համար ու ժողովուրդին համար քաւութիւն ըրէ՛ եւ ժողովուրդին ընծան մատուցանելով՝ անոնց համար քաւութիւն ըրէ՛ Տէրոջը պատուիրածին պէս»։
8 Ուստի Ահարոն սեղանին մօտեցաւ եւ իրեն համար եղած մեղքի պատարագին զուարակը մորթեց։
9 Ահարոնին որդիները արիւնը մօտեցուցին անոր ու անիկա իր մատը արիւնը թաթխեց ու սեղանին եղջիւրներուն վրայ քսեց եւ մնացած արիւնը սեղանին յատակը թափեց.
10 Մեղքի պատարագին ճարպը եւ երիկամունքները եւ լեարդին թաղանթը սեղանին վրայ այրեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։
11 Եւ միսն ու մորթը բանակին դուրսի կողմը կրակով այրեց։
12 Եւ ողջակէզը մորթեց ու Ահարոնին որդիները արիւնը իրեն բերին։ Ահարոն սեղանին վրայ շուրջանակի սրսկեց զայն։
13 Եւ ողջակէզը կտորներովը ու գլխովը իրեն բերին եւ սեղանին վրայ այրեց։
14 Եւ փորոտիքն ու ոտքերը լուաց ու սեղանին վրայի ողջակէզին վրայ այրեց։
15 Եւ ժողովուրդին ընծան մօտեցուց ու ժողովուրդին համար մեղքի պատարագ ըրաւ, առաջուանին պէս։
16 Եւ ողջակէզը մօտեցուց ու օրէնքին համաձայն մատուցանեց։
17 Եւ հացի ընծան մօտեցուց ու անկէ ձեռքը լեցուց եւ սեղանին վրայ այրեց, առտուան ողջակէզէն զատ։
18 Եւ ժողովուրդին խաղաղութեան զոհ ըլլալու արջառը ու խոյը մորթեց եւ Ահարոնին որդիները արիւնը անոր բերին ու սեղանին վրայ շուրջանակի սրսկեց զայն։
19 Եւ արջառին ճարպերն ու խոյին դմակը եւ փորոտիքը ծածկող ճարպը ու երիկամունքներն ու լեարդին թաղանթը բերին
20 Եւ ճարպերը երբուծներուն վրայ դրին ու ճարպերը սեղանին վրայ այրեց։
21 Ահարոնին երբուծներն ու աջ զիստը Տէրոջը առջեւ իբր երերցնելու ընծայ մատուցանեց, ինչպէս Մովսէսին պատուիրեր էր։
22 Եւ Ահարոն իր ձեռքերը ժողովուրդին վրայ երկնցուց ու օրհնեց զանոնք եւ մեղքի պատարագն ու ողջակէզը եւ խաղաղութեան զոհերը մատուցանելէն ետքը իջաւ։
23 Մովսէս ու Ահարոն վկայութեան խորանը մտան եւ անկէ ելլելով ժողովուրդը օրհնեցին եւ Տէրոջը փառքը բոլոր ժողովուրդին երեւցաւ։
24 Եւ Տէրոջը առջեւէն կրակ ելաւ ու սեղանին վրայ եղած ողջակէզը եւ ճարպը այրեց եւ բոլոր ժողովուրդը տեսնելով՝ աղաղակեցին ու երեսնուն վրայ ինկան։