ԹՈՒՈՑ
Գլուխ 20
Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Սին անապատը եկան առաջին ամսուն ու ժողովուրդը Կադէսի մէջ իջեւան ըրաւ։ Մարիամ հոն մեռաւ ու հոն թաղուեցաւ։
2 Ժողովուրդին խմելու ջուր չկար, ուստի Մովսէսին եւ Ահարոնին քով հաւաքուեցան։
3 Ժողովուրդը Մովսէսին հետ վիճեցան ու ըսին. «Երանի՜ թէ մենք ալ մեռնէինք, երբ մեր եղբայրները մեռան Տէրոջը առջեւ։
4 Ինչո՞ւ Տէրոջը ժողովուրդը այս անապատը բերիք, որ մենք ու մեր անասունները հոս մեռնինք։
5 Ինչո՞ւ մեզ Եգիպտոսէն հանեցիք, մեզ այս գէշ տեղը բերելո՞ւ համար։ Հոս ո՛չ սերմ ցանելու տեղ է, ո՛չ ալ՝ թզենիներու ու այգիներու եւ նռնենիներու. խմելու ջուր անգամ չկայ»։
6 Մովսէս ու Ահարոն ժողովուրդին առջեւէն ելլելով վկայութեան խորանին դուռը գացին ու իրենց երեսին վրայ ինկան եւ Տէրոջը փառքը անոնց երեւցաւ։
7 Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
8 «Գաւազանը ա՛ռ ու ժողովուրդը հաւաքէ՛, դուն ու քու եղբայրդ Ահարոն եւ անոնց աչքերուն առջեւ ըսէք ապառաժին ու իր ջուրը պիտի տայ։ Դուն ապառաժէն ջուր պիտի հանես անոնց ու ժողովուրդին եւ անոնց անասուններուն խմցնես»։
9 Մովսէս առաւ գաւազանը Տէրոջը առջեւէն, ինչպէս իրեն պատուիրեց։
10 Մովսէս ու Ահարոն ժողովուրդը ապառաժին առջեւ հաւաքեցին եւ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Լսեցէ՛ք հիմա, ո՛վ ապստամբներ, ձեզի այս ապառաժէ՞ն ջուր պէտք է հանենք»։
11 Եւ Մովսէս իր ձեռքը վերցուց ու գաւազանովը երկու անգամ ապառաժին զարկաւ եւ առատօրէն ջուր ելաւ եւ ժողովուրդն ու անոնց անասունները խմեցին։
12 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին. «Որովհետեւ ինծի չհաւատացիք Իսրայէլի որդիներուն աչքերուն առջեւ զիս փառաւորելու, անոր համար այս ժողովուրդը դուք պիտի չտանիք այն երկիրը, որ անոնց տուի»։
13 Մերիպայի ջուրը այս է. վասն զի Իսրայէլի որդիները Տէրոջը դէմ վիճեցան եւ ինք փառաւորուեցաւ անոնց մէջ։
14 Մովսէս Կադէսէն դեսպաններ ղրկեց Եդովմի թագաւորին ու ըսաւ. «Այսպէս կ’ըսէ քու եղբայրդ Իսրայէլ, Մեզի պատահած բոլոր նեղութիւնը գիտես.
15 Ի՛նչպէս մեր հայրերը Եգիպտոս իջան եւ բնակեցանք Եգիպտոսի մէջ երկար ատեն եւ Եգիպտացիները չարչարեցին մեզ ու մեր հայրերը։
16 Եւ երբ մենք Տէրոջը աղաղակեցինք, լսեց մեր ձայնը եւ հրեշտակ մը ղրկեց ու մեզ Եգիպտոսէն հանեց եւ ահա մենք քու սահմանիդ ծայրի Կադէս քաղաքին մէջ ենք.
17 Արտօնէ, որ անցնինք քու երկրէդ. արտերէն ու այգիներէն պիտի չանցնինք եւ հորերէն ջուր պիտի չխմենք. արքունական ճամբայէն պիտի երթանք, աջ կամ ձախ կողմը պիտի չխոտորինք՝ մինչեւ որ քու սահմանէդ անցնինք»։
18 Բայց Եդովմ ըսաւ անոր. «Իմ երկրէս՝ ՝ մի՛ անցնիր, ապա թէ ոչ՝ սրով քու դէմդ կ’ելլեմ»։
19 Իսրայէլի որդիները ըսին անոր. «Մենք մեծ ճամբայէն կ’անցնինք եւ եթէ մենք՝ ես ու իմ անասուններս քու ջուրէդ խմենք, անոր գինը կը հատուցանեմ։ Առանց ուրիշ բան մը ընելու իմ ոտքերովս կ’անցնիմ»։
20 Եւ անիկա ըսաւ. «Պիտի չանցնիս»։ Եւ Եդովմ մեծ բազմութիւնով ու հզօր ձեռքով անոնց դէմը ելաւ։
21 Այսպէս Եդովմ իր սահմանէն Իսրայէլին ճամբայ տալ չուզեց. ուստի Իսրայէլ դարձաւ անկէ։
22 Կադէսէն չուեցին ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Հովր լեռը եկան։
23 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին Հովր լեռը՝ Եդովմի երկրին սահմանին քով՝ ըսելով.
24 «Ահարոն իր ժողովուրդին պիտի խառնուի. քանզի Մերիպայի ջուրին քով իմ հրամանիս դէմ ապստամբութիւն ընելուդ համար պիտի չմտնէ այն երկիրը, որ Իսրայէլի որդիներուն տուի։
25 Ահարոնն ու անոր որդին Եղիազարը ա՛ռ ու Հովր լեռը հանէ զանոնք։
26 Ահարոնը իր զգեստներէն մերկացո՛ւր ու անոր որդիին Եղիազարին հագցուր զանոնք. վասն զի Ահարոն իր ժողովուրդին պիտի խառնուի ու հոն մեռնի»։
27 Մովսէս Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրաւ ու բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ Հովր լեռը ելան։
28 Մովսէս մերկացուց Ահարոնը իր զգեստներէն ու անոր որդիին Եղիազարին հագցուց զանոնք։ Եւ Ահարոն հոն լերանը գլուխը մեռաւ։ Մովսէս ու Եղիազար լեռնէն իջան։
29 Երբ բոլոր ժողովուրդը տեսան, որ Ահարոն մեռաւ, Իսրայէլի բոլոր տունը Ահարոնին համար երեսուն օր լացին։