ՅԵՍՈՒԱՅ
Գլուխ 1
Տէրոջը ծառային Մովսէսին մահէն ետքը՝ Տէրը Մովսէսին սպասաւորին Նաւէի որդիին Յեսուին հետ խօսեցաւ՝ ըսելով.
2 «Իմ ծառաս Մովսէս մեռաւ. հիմա ելի՛ր ու անցի՛ր Յորդանանէն՝ դուն եւ այս բոլոր ժողովուրդը՝ այն երկիրը որ ես Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ։
3 Ձեր ոտքին բոլոր կոխած տեղերը ձեզի պիտի տամ, ինչպէս Մովսէսին ըսի՝
4 Անապատէն ու Լիբանանէն մինչեւ մեծ գետը, այսինքն Եփրատ գետը, Քետացիներուն բոլոր երկիրը մինչեւ մեծ ծովը արեւմտեան կողմը՝ ձեր սահմանը պիտի ըլլայ։
5 Քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ մա՛րդ մը պիտի չկրնայ քեզի դէմ դնել։ Ինչպէս Մովսէսին հետ էի, քեզի հետ ալ այնպէս պիտի ըլլամ։ Քեզ պիտի չթողում ու քեզ անտես պիտի չընեմ։
6 Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր. քանզի այս ժողովուրդը քու առաջնորդութեամբդ պիտի ժառանգէ այն երկիրը, որուն համար իրենց հայրերուն երդում ըրի, որ իրենց տամ։
7 Միայն թէ զօրացի՛ր ու քա՛ջ եղիր, որպէս զի իմ ծառայիս Մովսէսին բոլոր քեզի պատուիրած օրէնքը պահես ու կատարես. անկէ աջ կամ ձախ կողմ մի՛ խոտորիր, որպէս զի քու ամէն երթալու տեղդ յաջողութիւն գտնես՝ ՝։
8 Այս օրէնքներու գիրքը քու բերնէդ թող չզատուի, հապա գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ, որպէս զի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես. քանզի այն ատեն քու գործերդ յառաջ պիտի տանիս եւ այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես։
9 Ահա քեզի կը պատուիրեմ, զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր. քանզի քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս»։
10 Անկէ ետքը Յեսու ժողովուրդին ոստիկաններուն պատուիրելով՝ ըսաւ.
11 «Բանակին մէջէն անցէ՛ք ու ժողովուրդին ապսպրեցէք. ‘Ձեզի պաշար պատրաստեցէ՛ք. քանզի երեք օրէն յետոյ դուք այս Յորդանանէն պիտի անցնիք, որպէս զի երթաք ժառանգէք այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի իբր ժառանգութիւն պիտի տայ’»։
12 Յեսու Ռուբէնեաններուն ու Գադեաններուն եւ Մանասէի կէս ցեղին ըսաւ.
13 «Մտքերնիդ բերէք այն խօսքը, որ Տէրոջը ծառան՝ Մովսէս՝ ձեզի պատուիրեց՝ ըսելով. ‘Ձեր Տէր Աստուածը ձեզ հանգստացուց ու այս երկիրը ձեզի տուաւ։
14 Ձեր կիները, ձեր տղաքները եւ ձեր անասունները թող բնակին այն երկրին մէջ, որ Մովսէս ձեզի տուաւ Յորդանանի ասդիի կողմը. բայց դուք ամէնքդ, որ ուժով կտրիճներ էք, սպառազինեալ ձեր եղբայրներուն առջեւ անցնելով, անոնց օգնեցէք
15 Մինչեւ որ Տէրը ձեր եղբայրներն ալ ձեզի պէս հանգստացնէ եւ անոնք ալ ժառանգեն այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը անոնց պիտի տայ ու ետքը ձեր ժառանգութեան երկիրը դարձէք եւ ժառանգեցէք զանիկա, որ Տէրոջը ծառան Մովսէս ձեզի տուաւ Յորդանանի ասդիի կողմը՝ դէպի արեւելք’»։
16 Անոնք Յեսուին պատասխան տուին ու ըսին. «Քու բոլոր պատուիրածներդ պիտի ընենք եւ ուր որ մեզ ղրկես՝ պիտի երթանք։
17 Ինչպէս Մովսէսին հնազանդ էինք, այնպէս ալ քեզի հնազանդ պիտի ըլլանք. միայն թէ քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ ըլլայ, ինչպէս Մովսէսին հետ էր։
18 Ամէն մարդ, որ քու հրամանիդ դէմ դնէ եւ ամէն ինչ որ անոր պատուիրես՝ քու խօսքերդ մտիկ չընէ, թող մեռցուի. միայն թէ զօրացի՛ր ու քաջասիրտ եղի՛ր»։