ՅԵՍՈՒԱՅ
Գլուխ 3
Յեսու առտուն կանուխ ելաւ։ Ինք ու բոլոր Իսրայէլի որդիները Սատիմէն չուեցին ու մինչեւ Յորդանան եկան եւ անցնելէ առաջ հոն իջեւանեցան։
2 Երեք օր յետոյ ոստիկանները բանակին մէջէն անցան
3 Եւ ժողովուրդին պատուիրելով՝ ըսին. «Երբ ձեր Տէր Աստուծոյն ուխտին տապանակը տեսնէք ու Ղեւտացի քահանաները՝ որոնք զանիկա կը տանին, դուք ալ ձեր տեղերէն ելէք ու անոր ետեւէն գացէք։
4 Բայց ձեր ու անոր մէջտեղ երկու հազար կանգունի չափ միջոց պէտք է ըլլայ։ Անոր չմօտենաք, որպէս զի երթալու ճամբանիդ գիտնաք. քանզի ասկէ առաջ այս ճամբայէն անցած չէք»։
5 Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. «Սրբեցէ՛ք ձեր անձերը. քանզի Տէրը վաղը ձեր մէջ հրաշքներ պիտի ընէ»։
6 Անկէ յետոյ Յեսու քահանաներուն խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ուխտին տապանակը վերցուցէ՛ք ու ժողովուրդին առջեւէն քալեցէ՛ք» Անոնք ուխտին տապանակը վերցուցին ու ժողովուրդին առջեւէն գացին։
7 Տէրը ըսաւ Յեսուին. «Այսօր պիտի սկսիմ բոլոր Իսրայէլի աչքին առջեւ քեզ մեծցնել, որպէս զի գիտնան թէ ինչպէս Մովսէսին հետ էի, այնպէս ալ քեզի հետ պիտի ըլլամ։
8 Հիմա դուն ուխտին տապանակը վերցնող քահանաներուն պատուիրէ՛ ու ըսէ՛. ‘Երբ Յորդանանի ջուրին եզերքը հասնիք, Յորդանանի մէջ կայնեցէ՛ք’»։
9 Յեսու Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Հոս մօտեցէք եւ ձեր Տէր Աստուծոյն խօսքերը լսեցէք»։
10 Ու Յեսու ըսաւ. «Ասով պիտի գիտնաք, թէ կենդանի Աստուածը ձեր մէջն է ու ձեր առջեւէն Քանանացիները, Քետացիները, Խեւացիները, Փերեզացիները, Գերգեսացիները, Ամօրհացիներն ու Յեբուսացիները պիտի վռնտէ։
11 Ահա բոլոր երկրի Տէրոջը ուխտին տապանակը ձեր առջեւ պիտի մտնէ Յորդանանի մէջ։
12 Հիմա դուք Իսրայէլի ցեղերէն տասներկու մարդ առէք, ամէն ցեղէ մէկմէկ մարդ։
13 Ու երբ բոլոր երկրի Եհովա Տէրոջը տապանակը վերցնող քահանաներուն ոտքերը Յորդանանի ջուրին մէջ մտնեն, Յորդանանի ջուրը պիտի կտրի ու վերէն իջնող ջուրը կարկառակոյտի մը պէս պիտի կայնի»։
14 Երբ ժողովուրդը Յորդանանէն անցնելու համար իրենց վրաններէն չուեցին, ուխտին տապանակը վերցնող քահանաները ժողովուրդին առջեւէն կ’երթային։
15 Երբ տապանակը վերցնողները Յորդանան հասան ու տապանակը վերցնող քահանաներուն ոտքերը ջուրին մէջ մխուեցան՝ (վասն զի հունձքի բոլոր ժամանակը Յորդանանի ջուրը առատանալով իր բոլոր եզերքները կը կոխէ,)
16 Վերէն իջնող ջուրը կայնեցաւ ու Սարթանի քով եղող Ադամ քաղաքէն շատ հեռու կարկառակոյտի մը պէս բարձրացաւ ու դաշտի ծովը, այսինքն Աղի ծովը, իջնողը կտրեցաւ, լմնցաւ։ Եւ ժողովուրդը Երիքովի դիմաց անցաւ։
17 Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող քահանաները Յորդանանի մէջ ցամաքի վրայ հաստատ կայնեցան, մինչեւ որ բոլոր Իսրայէլ ցամաքով Յորդանանէն անցաւ։