ՅԵՍՈՒԱՅ
Գլուխ 17
Ասիկա եղաւ Մանասէին ցեղին վիճակը, քանզի անիկա Յովսէփին անդրանիկն էր։ Մանասէին անդրանիկը Մաքիր, Գաղաադին հայրը, պատերազմող մարդ մը ըլլալուն համար, Գաղաադ ու Բասան անորը եղան։
2 Մանասէին միւս որդիներն ալ, Աբիեզերին որդիները, Քեղեքին որդիները, Ասրիէլին որդիները, Սիւքէմին որդիները, Ոփերին որդիները ու Սեմիդային որդիները իրենց տոհմերուն համեմատ ասոնք էին։ Յովսէփեան Մանասէին արու զաւակները իրենց տոհմերուն համեմատ ասոնք էին։
3 Մանասէին որդիին Մաքիրին որդիին Գաղաադին որդիին Ոփերին որդին Սալպաադ տղաքներ չունէր, բայց միայն աղջիկներ։ Անոր աղջիկներուն անունները ասոնք են՝ Մաալա, Նուա, Էգղա, Մեղքա ու Թերսա։
4 Ասոնք Եղիազար քահանային առջեւ, Նաւեան Յեսուին առջեւ ու իշխաններուն առջեւ ներկայանալով՝ ըսին. «Տէրը Մովսէսին հրամայեց, որ մեր եղբայրներուն մէջ մեզի ժառանգութիւն տրուի»։ Եւ Յեսու Տէրոջը հրամանով անոնց հօրը եղբայրներուն մէջ անոնց ժառանգութիւն տուաւ։
5 Մանասէին Յորդանանի անդիի կողմը եղող Գաղաադին ու Բասանին երկրէն զատ՝ տասը բաժին ինկաւ.
6 Քանզի Մանասէին աղջիկները անոր տղոցը հետ ժառանգութիւն առին ու Գաղաադին երկիրը Մանասէին միւս որդիներուն եղաւ։
7 Մանասէին սահմանը ասիկա եղաւ՝ Ասերէն մինչեւ Մաքմեթաթ, որ Սիւքէմին դէմն է։ Այս սահմանը աջ կողմը դառնալով՝ մինչեւ Թափուային աղբիւրին քով բնակողներուն կը հասնի։
8 Թափուային երկիրը Մանասէին եղաւ ու Մանասէին սահմանին մէջ եղող Թափուա քաղաքը Եփրեմին որդիներուն եղաւ։
9 Այս սահմանը Կանա հեղեղատը կ’իջնէ, հեղեղատին հարաւային կողմէն։ Մանասէին քաղաքներուն մէջ ասոնք Եփրեմի քաղաքներն են եւ Մանասէին սահմանը հեղեղատին հիւսիսային կողմն է ու ծովուն մէջ կը վերջանայ։
10 Հարաւային կողմը Եփրեմին ու հիւսիսային կողմը Մանասէին ըլլալով, անոնց սահմանը ծովը եղաւ եւ հիւսիսային կողմէն Ասերին ու արեւելեան կողմէն Իսաքարին հետ կը միանան։
11 Եւ Իսաքարին ու Ասերին սահմաններուն մէջ՝ Բեթսան ու անոր գիւղաքաղաքները եւ Յեբղաամ ու անոր գիղաքաղաքները եւ Դովրի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները եւ Ենդովրի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները եւ Թանաքի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները, Մակեդդովի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները. այս երեք գաւառը Մանասէին եղան։
12 Մանասէին որդիները չկրցան այս քաղաքներուն բնակիչները դուրս վռնտել, ուստի Քանանացիները կամակորութեամբ այն երկրին մէջ բնակեցան։
13 Երբ Իսրայէլի որդիները ուժովցան՝ հարկատու ըրին Քանանացիները, բայց զանոնք իսպառ չվռնտեցին։
14 Յովսէփին որդիները Յեսուին հետ խօսեցան ու ըսին. «Ինչո՞ւ համար ինծի միայն մէկ վիճակ ու մէկ բաժին ժառանգութիւն տուիր։ Ես բազմաթիւ ժողովուրդ մըն եմ. քանզի Աստուած մինչեւ հիմա զիս օրհնեց»։
15 Յեսու անոնց ըսաւ. «Եթէ դուն բազմաթիւ ժողովուրդ ես, անտառը ելի՛ր ու զանիկա կտրէ՛ եւ Փերեզացիներուն ու Ռափայիններուն երկրին մէջ քեզի տեղ ըրէ, եթէ Եփրեմին լեռը քեզի նեղ կու գայ»։
16 Յովսէփին որդիները ըսին. «Լեռը մեզի համար չէ ու հովիտին երկրին մէջ՝ Բեթսանին մէջ ու անոր գիւղաքաղաքներուն մէջ եւ Յեզրայէլին հովիտին մէջ բնակող բոլոր Քանանացիները երկաթէ կառքեր ունին»։
17 Յեսու Յովսէփին տանը, այսինքն Եփրեմին ու Մանասէին հետ խօսելով ըսաւ. «Դուն բազմաթիւ ժողովուրդ ես ու շատ ոյժ ունիս. քեզի միայն մէկ վիճակ չի բաւեր.
18 Լեռն ալ թող քուկդ ըլլայ եւ որովհետեւ անիկա անտառ է, զանիկա կտրէ՛ ու մինչեւ ծայրը քուկդ թող ըլլայ. քանզի դուն Քանանացիները անկէ պիտի վռնտես, թէեւ անոնք երկաթէ կառքեր ունին ու զօրաւոր են»։