ՅԵՍՈՒԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 20

Տէրը խօսեցաւ Յեսուին՝ ըսելով.
2 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՝ ‘Մովսէսին միջոցով ձեզի ըսուած ապաստանի քաղաքները ձեզի համար որոշեցէք,
3 Որպէս զի սխալմամբ ու անգիտութեամբ մարդ զարնելով սպաննողը հոն փախչի ու անոնք ձեզի ապաստանարան ըլլան արեան վրէժխնդիր եղողէն
4 Եւ անգիտութեամբ սպաննողը այն քաղաքներէն մէկուն մէջ թող փախչի ու քաղաքին դուռը կայնի եւ այն քաղաքին ծերերուն իր պարագան յայտնէ, որպէս զի լսեն ու անոնք զանիկա քաղաքին մէջ իրենց քով առնելով՝ անոր տեղ մը տան, որպէս զի իրենց հետ բնակի։
5 Երբ արեան վրէժխնդիրը անոր ետեւէն իյնայ, սպաննողը անոր ձեռքը թող չտան. քանզի անիկա իր դրացին անգիտութեամբ մեռցուցեր է։ Նախապէս անոր դէմ թշնամութիւն ունեցած չէ։
6 Եւ անիկա այն քաղաքին մէջ պիտի բնակի, մինչեւ որ դատաստանի համար ժողովին առջեւ կայնի ու մինչեւ որ այն օրուան քահանայապետը մեռնի։ Անկէ ետքը սպաննողը կրնայ դառնալ իր քաղաքը ու իր տունը երթալ՝ այսինքն այն քաղաքը ուրկէ փախեր էր։
7 Ուստի Գալիլիայի մէջ Կադէսը զատեցին Նեփթաղիմի լեռնակողմը, Սիւքէմը՝ Եփրեմի լեռնակողմը եւ Կարիաթ-Արբան՝ այսինքն Քեբրոնը՝ Յուդայի լեռնակողմը։
8 Ու Երիքովի դէմը Յորդանանի անդիի կողմը դէպի արեւելք՝ Ռուբէնին ցեղէն՝ անապատին մէջ Բոսորը եւ Գադի ցեղէն՝ Գաղաադի մէջ Ռամովթը ու Մանասէին ցեղէն՝ Բասանի մէջ Գովղանը տուին։
9 Բոլոր Իսրայէլի որդիներուն համար ու անոնց մէջ բնակող օտարականին համար որոշուած քաղաքները ասոնք են. որպէս զի ամէն ով որ սխալմամբ մարդ մեռցնէ, հոն փախչի ու արեան վրէժխնդրին ձեռքով չմեռնի, մինչեւ որ դատաստանի համար ժողովին առջեւ կայնի’»։