ՅԵՍՈՒԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 22

Այն ատեն Յեսու իրեն կանչեց Ռուբէնեանները, Գադեաններն ու Մանասէին կէս ցեղը
2 Եւ անոնց ըսաւ. «Տէրոջը ծառան Մովսէս ինչ որ ձեզի հրամայեր էր, դուք անոնց ամէնքն ալ պահեցիք ու իմ խօսքիս մտիկ ըրիք ամէն բանի մէջ, որ ձեզի պատուիրեցի։
3 Այսչափ շատ օրեր մինչեւ այսօր ձեր եղբայրները չթողուցիք եւ ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքները ամբողջ՝ ՝ պահեցիք։
4 Հիմա ձեր Տէր Աստուածը ձեր եղբայրները հանգստացուց, ինչպէս անոնց ըսաւ. ուստի դարձէք, ձեր վրանները ու ձեր սեփական երկիրը գացէք, որ Տէրոջը ծառան Մովսէս Յորդանանի անդիի կողմը ձեզի տուաւ։
5 Միայն թէ աղէկ զգուշութեամբ գործադրեցէք այն պատուիրանքն ու օրէնքը, որ Տէրոջը ծառան Մովսէս ձեզի պատուիրեց, որ ձեր Տէր Աստուածը սիրէք, անոր բոլոր ճամբաներուն մէջ քալէք, անոր պատուիրանքները պահէք, անոր յարիք ու ձեր բոլոր սրտովը եւ բոլոր հոգիովը զանիկա պաշտէք»։
6 Յեսու օրհնեց զանոնք եւ արձակեց ու անոնք իրենց վրանները գացին։
7 (Եւ Մանասէին կէս ցեղին Մովսէս կալուածք տուեր էր Բասանի մէջ ու Յեսու միւս կէսին՝ անոնց եղբայրներուն հետ՝ Յորդանանի անդիի կողմը տուաւ դէպի արեւմուտք։) Ու երբ Յեսու զանոնք իրենց վրանները ղրկեց, զանոնք օրհնեց
8 Եւ անոնց խօսեցաւ՝ ըսելով. «Շատ հարստութիւնով ու խիստ շատ անասուններով, արծաթով, ոսկիով, պղնձով, երկաթով ու խիստ շատ հանդերձներով ձեր վրանները դարձէք ու ձեր թշնամիներուն աւարը ձեր եղբայրներուն հետ բաժնեցէք»։
9 Ուստի Ռուբէնին որդիները, Գադին որդիները ու Մանասէին կէս ցեղը Քանանի երկիրը՝ Սելովին մէջ՝ Իսրայէլին որդիներէն զատուեցան գացին, որպէս զի իրենց ժառանգութեան երկիրը՝ այսինքն Գաղաադի երկիրը՝ երթան, որ Տէրոջը հրամանով Մովսէսին միջոցով առեր էին։
10 Երբ Յորդանանի մօտ տեղերը եկան, այն կողմը որ Քանանի երկրին մէջ է, Ռուբէնին որդիները, Գադին որդիները ու Մանասէին կէս ցեղը հոն Յորդանանի քով սեղան մը շինեցին, երեւոյթով մեծ սեղան մը։
11 Ու Իսրայէլի որդիները լսեցին թէ Ռուբէնին որդիները, Գադին որդիները եւ Մանասէին կէս ցեղը Քանանի երկրին կողմը Յորդանանի մօտ, ուրկէ Իսրայէլի որդիները անցեր էին, սեղան մը շիներ են։
12 Երբ Իսրայէլի որդիները լսեցին, բոլոր Իսրայէլի որդիները Սելովին մէջ հաւաքուեցան, որպէս զի անոնց վրայ երթան պատերազմելու համար։
13 Իսրայէլի որդիները Ռուբէնեաններուն, Գադեաններուն ու Մանասէի կէս ցեղին՝ Գաղաադի երկիրը ղրկեցին Եղիազարին որդին Փենէհէս քահանան
14 Եւ անոր հետ տասը իշխան, այսինքն Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն նահապետականներէն մէկմէկ իշխան, որոնց ամէն մէկը Իսրայէլի հազարաւորներու նահապետութիւններուն իշխաններ էին։
15 Անոնք Գաղաադի երկիրը գացին Ռուբէնին որդիներուն, Գադին որդիներուն ու Մանասէին կէս ցեղին եւ անոնց հետ խօսեցան՝ ըսելով.
16 «Տէրոջը բոլոր ժողովուրդը այսպէս կ’ըսէ. ‘Արդ ի՞նչ մեղք է, որ դուք Իսրայէլի Աստուծոյ դէմ գործեցիք՝ Տէրոջմէն խոտորելով եւ Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն ընելու համար ձեզի սեղան շինեցիք։
17 Միթէ Փեգովրին անօրէնութիւնը պզտի՞կ բան մըն էր մեզի, որմէ մինչեւ այսօր չմաքրուեցանք, որ Տէրոջը ժողովուրդին վրայ այն հարուածն ալ եկաւ։
18 Դուք Տէրոջմէն խոտորեցաք. ուստի եթէ դուք այսօր Տէրոջմէ ապստամբիք, ան ալ վաղը Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին վրայ պիտի բարկանայ։
19 Սակայն եթէ ձեր սեփական երկիրը անմաքուր կը համարէք, Տէրոջը սեփական երկիրը անցէք, ուր Տէրոջը վկայութեան խորանը կանգնած է ու մեր մէջ ժառանգութիւն առէք եւ մեր Տէր Աստուծոյ սեղանէն տարբեր սեղան շինելով Տէրոջը դէմ ապստամբ մի՛ ըլլաք ու մեզ ալ ապստամբ մի՛ ներկայացնէք։
20 Երբ Զարայեան Աքար նզովուածէն առնելով մեղք գործեց, միթէ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին վրայ չեկա՞ւ ու այն մարդը իր անօրէնութեանը մէջ մինակ ինք չմեռաւ’»։
21 Ռուբէնին որդիները, Գադին որդիները ու Մանասէին կէս ցեղը պատասխան տուին ու Իսրայէլի հազարապետներուն ըսին.
22 «Աստուածներուն Եհովա Աստուածը, աստուածներուն Եհովա Աստուածը՝ ՝ ինք գիտէ ու Իսրայէլն ալ թող գիտնայ, եթէ այս բանը ապստամբութեան համար կամ Տէրոջը դէմ յանցանք գործելու համար ըրինք, մեզ այսօր թող չ’ապրեցնէ.
23 Եթէ մեզի սեղան շինեցինք Տէրոջմէ հեռանալու համար կամ անոր վրայ ողջակէզ ու հացի ընծայ մատուցանելու համար եւ կամ անոր վրայ խաղաղութեան զոհեր ընելու համար, Տէրը ինք թող վրեժը առնէ։
24 Մենք ասիկա մեր վախէն շինեցինք, մտածելով թէ գուցէ վաղը ձեր որդիները մեր որդիներուն խօսին ու ըսեն թէ՝ «Դուք Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն հետ ի՞նչ ունիք.
25 Ո՛վ Ռուբէնեաններ ու Գադեաններ, Տէրը մեր ու ձեր մէջ Յորդանանը սահման դրաւ, դուք Տէրոջմէ բնաւ բաժին չունիք»։ Այս կերպով ձեր որդիները ստիպեն որ մեր որդիները Տէրոջը երկիւղը մոռնան։
26 Այս պատճառով ըսինք. «Հիմա մեզի սեղան մը շինենք, բայց ո՛չ թէ ողջակէզի համար, կամ զոհի համար,
27 Այլ որպէս զի անիկա մեր ու ձեր մէջ եւ մեզմէ ետքը մեր սերունդներուն մէջ վկայութիւն ըլլայ, որպէս զի մեր ողջակէզներովը, մեր պատարագներովը ու մեր խաղաղութեան զոհերովը Տէրոջը ծառայութիւնը Անոր առջեւ ընենք ու վաղը ձեր որդիները մեր որդիներուն չըսեն թէ ‘Դուք Տէրոջմէն բաժին չունիք’։
28 Ու ըսինք. «Եթէ մեզի կամ մեր սերունդին վաղը այս բանը ըսելու ըլլան, պիտի ըսենք թէ՝ ‘Տեսէք Տէրոջը սեղանին օրինակը, որ մեր հայրերը շինեցին, ո՛չ թէ ողջակէզի համար կամ զոհի համար, հապա մեր ու ձեր մէջ վկայութիւն մը ըլլալու համար’։
29 Քա՜ւ լիցի որ մենք Տէրոջմէն ապստամբինք, Տէրոջմէն հեռանալով վկայութեան խորանէն զատ ողջակէզի համար, հացի ընծայի համար եւ զոհի համար սեղան շինենք»։
30 Երբ Փենէհէս քահանան եւ անոր հետ եղող իշխաններն ու Իսրայէլի հազարապետները Ռուբէնին որդիներուն, Գադին որդիներուն եւ Մանասէին որդիներուն ըսած խօսքերը լսեցին, իրենց հաճոյ երեւցաւ։
31 Եղիազարի որդին Փենէհէս քահանան Ռուբէնին որդիներուն, Գադին որդիներուն ու Մանասէին որդիներուն ըսաւ. «Այսօր գիտցանք թէ Տէրը մեր մէջ է, որովհետեւ դուք Տէրոջը դէմ յանցանք չգործեցիք եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը ձեռքէն ազատեցիք»։
32 Այսպէս Եղիազարի որդին Փենէհէս քահանան եւ իշխանները Ռուբէնին որդիներուն ու Գադին որդիներուն քովէն, Գաղաադի երկրէն, Քանանի երկիրը Իսրայէլի որդիներուն դարձան եւ անոնց լուր բերին։
33 Այս բանը Իսրայէլի որդիներուն հաճոյ երեւցաւ եւ Իսրայէլի որդիները Աստուած օրհնեցին եւ Ռուբէնին որդիներուն եւ Գադին որդիներուն բնակած երկրին դէմ պատերազմի երթալու մասին չխօսեցան։
34 Ռուբէնին որդիները ու Գադին որդիները այն սեղանին անունը Վկայութիւն դրին, որովհետեւ ըսին. «Անիկա մեր մէջ վկայ է, թէ մեր Աստուածը Եհովան է»։