ՅԵՍՈՒԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 8

Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Մի վախնար ու մի՛ զարհուրիր. բոլոր պատերազմիկները քեզի հետ ա՛ռ ու դէպի Գայի գնա՛, քանզի Գայիի թագաւորն ու անոր ժողովուրդը եւ անոր քաղաքն ու անոր երկիրը քու ձեռքդ տուի։
2 Երիքովի ու անոր թագաւորին ըրածիդ պէս Գայիի ու անոր թագաւորին ալ ըրէ, միայն անոր աւարն ու անասունները ձեզի առէ՛ք։ Քաղաքին ետեւի կողմէն դարաններ պատրաստէ»։
3 Յեսու ու բոլոր պատերազմողները ոտքի ելան, որպէս զի Գայիի վրայ երթան. Յեսու երեսուն հազար զօրաւոր մարդ ընտրեց ու զանոնք գիշերով ղրկեց։
4 Անոնց պատուիրելով՝ ըսաւ. «Նայեցէ՛ք, դուք քաղաքին ետեւէն այն քաղաքին համար դարանի մէջ պիտի նստիք, քաղաքէն շատ մի հեռանաք եւ ամէնքդ ալ պատրաստ եղէ՛ք.
5 Ես ինծի հետ եղող բոլոր ժողովուրդով քաղաքին պիտի մօտենամ ու երբ անոնք՝ առաջին անգամուան պէս՝ մեզի դէմ ելլեն, անոնց առջեւէն պիտի փախչինք։
6 Անոնք մեր ետեւէն պիտի գան, մինչեւ որ զանոնք քաղաքէն զատենք, որովհետեւ անոնք պիտի ըսեն՝ ‘Մեր առջեւէն փախան առաջին անգամուան պէս’։ Մենք անոնց առջեւէն պիտի փախչինք։
7 Այն ատեն դուք դարանէն կ’ելլէք ու քաղաքը կ’առնէք, քանզի ձեր Տէր Աստուածը զանիկա ձեր ձեռքը պիտի տայ։
8 Երբ քաղաքը առնէք, քաղաքը կրակով այրեցէ՛ք. Տէրոջը ըսածին պէս։ Ահա ձեզի պատուիրեցի»։
9 Յեսու զանոնք ղրկեց ու անոնք գացին դարանը նստան Բեթէլի ու Գայիի մէջտեղ, Գայիի արեւմտեան կողմը։ Յեսու այն գիշերը ժողովուրդին մէջ մնաց։
10 Յեսու առտուն կանուխ ելաւ ու ժողովուրդը աչքէ անցուց եւ ինք Իսրայէլի ծերերուն հետ ժողովուրդին առջեւէն դէպի Գայի գնաց.
11 Իրեն հետ մնացող բոլոր պատերազմիկներն ալ ելան ու մօտենալով՝ քաղաքին առջեւ գացին ու Գայիի հիւսիսային կողմը բանակեցան։ Անոնց ու Գայիի մէջտեղ ձոր մը կար։
12 Յեսու հինգ հազարի չափ մարդ առաւ ու զանոնք դարանի մէջ նստեցուց Բեթէլի ու Գայիի մէջտեղ քաղաքին արեւմտեան կողմը։
13 Ու ժողովուրդը քաղաքին հիւսիսային կողմը կեցուց բոլոր բանակը։ Քաղաքին արեւմտեան կողմը՝ դարանակալները։ Յեսու այն գիշեր ձորին մէջ մնաց։
14 Երբ Գայիի թագաւորը զանիկա տեսաւ, քաղաքին մարդոցմով շուտով ու կանուխ դուրս ելաւ, որպէս զի ինք ու իր բոլոր ժողովուրդը որոշ ժամանակով մը դաշտի վրայ Իսրայէլի դէմ պատերազմին ու չէր գիտեր թէ քաղաքին ետեւը իրեն համար դարան պատրաստուած էր։
15 Յեսու եւ բոլոր Իսրայէլ անոնց առջեւ զիրենք ծեծուածի պէս ցուցնելով՝ անապատին ճամբան փախան։
16 Քաղաքին մէջ եղող բոլոր ժողովուրդը հաւաքուեցաւ, որպէս զի զանոնք հալածեն ու Յեսուին ետեւէն իյնալով քաղաքէն հեռացան։
17 Գայիի ու Բեթէլի մէջ մարդ չմնաց, որ Իսրայէլի ետեւէն չերթայ, ուստի քաղաքը բաց թողուցին ու Իսրայէլի ետեւէն ինկան։
18 Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Ձեռքդ եղած նիզակը դէպի քաղաքը երկնցուր, քանզի զանիկա քու ձեռքդ պիտի տամ»։ Յեսու ձեռքը եղած նիզակը դէպի քաղաքը երկնցուց
19 Ու դարանակալները շուտով իրենց տեղէն ելան եւ անիկա իր ձեռքը երկնցուցածին պէս, վազեցին քաղաքը մտան ու առին զանիկա եւ շուտով քաղաքը կրակով բռնկցուցին։
20 Գայիի բնակիչները ետեւնին դարձան ու տեսան, որ քաղաքին ծուխը մինչեւ երկինք կ’ելլէր եւ իրենք հոս կամ հոն փախչելու կարողութիւն չունէին. քանզի անապատը փախչող ժողովուրդն ալ իր ետեւէն ինկողներուն վրայ դարձաւ։
21 Յեսու ու բոլոր Իսրայէլ երբ տեսան, որ դարանակալները քաղաքը առին ու քաղաքին ծուխը վեր կ’ելլէր, իրենք ալ ետ դարձան ու Գայիի մարդիկը զարկին։
22 Միւսներն ալ քաղաքէն անոնց դէմը ելան, ուստի մէկ կողմէ ասոնք ու միւս կողմէ ալ անոնք ըլլալով, Գայիի մարդիկը Իսրայելացիներուն մէջտեղ մնացին։ Զանոնք զարկին մինչեւ որ անոնցմէ մարդ մը ողջ չմնաց ու չազատեցաւ։
23 Գայիի թագաւորը ողջ բռնեցին ու զանիկա Յեսուին բերին։
24 Երբ Իսրայելացիները Գայիի բոլոր բնակիչները՝ զիրենք հալածողները՝ դաշտին ու անապատին մէջ ջարդեցին ու ամէնքն ալ սուրի բերնէ իյնալով հատան, բոլոր Իսրայելացիները Գայի դարձան ու զանիկա սուրի բերնէ անցուցին։
25 Այն օրը ինկածները, թէ՛ այր մարդ եւ թէ՛ կին մարդ, տասներկու հազար էին, այսինքն Գայիի բոլոր մարդիկը։
26 Յեսու նիզակով երկնցուցած ձեռքը ետ չքաշեց մինչեւ որ Գայիի բոլոր բնակիչները բնաջինջ ըրաւ։
27 Իսրայելացիները անասուններն ու քաղաքին աւարը իրենց առին, Տէրոջը Յեսուին հրամայած խօսքին համեմատ։
28 Եւ Յեսու Գային այրեց։ Անիկա մշտնջենական աւերակներու դէզ եղաւ մինչեւ այսօր։
29 Եւ Գայիի թագաւորը ծառէ մը կախեցին մինչեւ իրիկուն ու արեւին մտնելու ատենը՝ Յեսու հրամայեց որ անոր մեռած մարմինը ծառէն վար իջեցնեն եւ զանիկա քաղաքին դրանը առջեւ նետեցին ու անոր վրայ մեծ քարակոյտ մը դիզեցին, որ կը կենայ մինչեւ այսօր։
30 Այն ատեն Յեսու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն սեղան մը շինեց Գեբաղ լերան վրայ,
31 Ինչպէս Տէրոջը ծառան Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեր էր ու Մովսէսի օրէնքներու գրքին մէջ գրուածին պէս՝ Յեսու այս սեղանը ամբողջ քարերէ շինեց, որոնց վրայ երկաթ չէր դպած եւ անոր վրայ Տէրոջը ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին։
32 Եւ հոն այն քարերուն վրայ գրեց Մովսէսին օրէնքներու գրքին օրինակը, որ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ գրեց։
33 Ու բոլոր Իսրայէլ եւ անոնց ծերերն ու ոստիկանները եւ դատաւորները տապանակին մէկ կողմը ու միւս կողմը՝ Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող Ղեւտացի քահանաներուն առջեւէն կ’երթային, թէ՛ օտարականները եւ թէ՛ բնիկները. անոնց կէսը Գարիզին լերանը կողմը ու կէսն ալ Գեբաղ լերանը կողմը կայնեցան, ինչպէս Տէրոջը ծառան Մովսէս պատուիրեր էր, որպէս զի Իսրայէլի ժողովուրդը օրհնեն։
34 Անկէ յետոյ օրէնքին բոլոր խօսքերը կարդաց, թէ՛ օրհնութիւնները եւ թէ՛ անէծքները, ինչ որ գրուած էր օրէնքներու գրքին մէջ։
35 Մովսէսի բոլոր պատուէրներէն բնաւ խօսք մը չմնաց, որ Յեսու զանիկա Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին եւ անոնց կիներուն ու տղաքներուն եւ անոնց մէջ պտըտող օտարականին առջեւ չկարդայ։