ՅԵՍՈՒԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 6

Երիքով Իսրայէլի որդիներուն պատճառով ամուր կերպով փակուած էր. ելլող ու մտնող չկար։
2 Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Նայէ՛, Երիքովն ու անոր թագաւորը եւ զօրաւոր կտրիճները քու ձեռքդ տուի։
3 Ուստի բոլոր պատերազմիկները ա՛ռ եւ վեց օր՝ օրական մէկ անգամ քաղաքին բոլորտիքը դարձէք
4 Եւ տապանակին առջեւ եօթը քահանայ՝ եօթը Յոբելեան փողերը առնեն ու եօթներորդ օրը քաղաքին բոլորտիքը եօթը անգամ դարձէք։ Քահանաները թող փողերը հնչեցնեն։
5 Երբ Յոբելեան եղջիւրները երկար հնչեցնեն եւ դուք փողերուն ձայնը լսէք, բոլոր ժողովուրդը մեծ ձայնով թող աղաղակեն եւ այն ատեն քաղաքին պարիսպները վար պիտի իյնան ու ժողովուրդը շիտակ յառաջ երթալով ներս թող մտնէ»։
6 Նաւէի որդին Յեսու քահանաները կանչեց եւ անոնց ըսաւ. «Ուտին տապանակը վերցուցէք ու Տէրոջը տապանակին առջեւէն եօթը քահանայ եօթը Յոբելեան փողեր թող առնեն»։
7 Ետքը ժողովուրդին ըսաւ. «Անցէք ու քաղաքին բոլորտիքը պտըտեցէք։ Զինուորները Տէրոջը տապանակին առջեւէն թող քալեն»։
8 Երբ Յեսու ժողովուրդին պատուիրեց, եօթը քահանաները, որոնք եօթը Յոբելեան փողերը ունէին, Տէրոջը առջեւ անցնելով փողերը հնչեցուցին ու Տէրոջը ուխտին տապանակը անոնց ետեւէն կ’երթար։
9 Զինուորները փողերը հնչեցնող քահանաներուն առջեւէն կ’երթային, բայց վերջապահները՝ տապանակին ետեւէն ու քահանաները փողերը հնչեցնելով կ’երթային։
10 Յեսու ժողովուրդին պատուիրելով՝ ըսաւ. «Բնաւ աղաղակ մի՛ հանէք, թող ձայներնիդ չլսուի ու ձեր բերնէն խօսք մը չելլէ, մինչեւ այն օրը որ ես ձեզի ըսեմ թէ ‘Աղաղակեցէք’. այն ատեն աղաղակեցէք»։
11 Տէրոջը տապանակին քաղաքին բոլորտիքը մէկ անգամ պտըտելէն յետոյ, դարձան ու գիշերը բանակին մէջ մնացին։
12 Յեսու առտուն կանուխ ելաւ ու քահանաները Տէրոջը տապանակը վերցուցին։
13 Եօթը Յոբելեան փողերը կրող եօթը քահանաները Տէրոջը տապանակին առջեւէն կ’երթային՝ փողերը հնչեցնելով ու զինուորները անոնց առջեւէն կ’երթային ու վերջապահները՝ Տէրոջը տապանակին ետեւէն եւ քահանաները փողերը հնչեցնելով կ’երթային։
14 Երկրորդ օրն ալ քաղաքին բոլորտիքը մէկ անգամ պտըտելով բանակը դարձան։ Վեց օր այսպէս ըրին։
15 Եօթներորդ օրը կանուխ ելան՝ արշալոյսին ծագած ատենը ու քաղաքին բոլորտիքը եօթը անգամ պտըտեցան նոյն կերպով, միայն այդ օրը քաղաքին բոլորտիքը եօթը անգամ պտըտեցան։
16 Ու եօթներորդ անգամին երբ քահանաները փողերը հնչեցուցին, Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. «Աղաղակեցէք, քանզի Տէրը այս քաղաքը ձեր ձեռքը տուաւ։
17 Քաղաքն ու բոլոր անոր մէջ եղածները Տէրոջմէ նզովուած ըլլան, միայն Ռախաբ պոռնիկը մեր ղրկած լրտեսները պահելուն համար ողջ թող մնայ, թէ՛ ինք եւ թէ՛ իրեն հետ տանը մէջ բոլոր եղողները։
18 Բայց դուք ամէն կերպով զգուշացէ՛ք նզովուածէն. չըլլայ որ նզովուածէն առնելով դուք ալ նզովուած ըլլաք ու Իսրայէլի բանակը նզովքի մէջ ձգելով՝ զանիկա նեղութեան մէջ ձգէք։
19 Բոլոր արծաթն ու ոսկին եւ պղնձէ ու երկաթէ ամանները Տէրոջը համար սուրբ ըլլան. Տէրոջը գանձը մտնեն»։
20 Ժողովուրդը աղաղակեց, որովհետեւ փողերը հնչուեցան։ Երբ ժողովուրդը փողերուն ձայնը լսեց ու բարձրաձայն աղաղակեց, պարիսպները վար ինկան։ Ժողովուրդը շիտակ յառաջ քաղաքը մտնելով՝ քաղաքը առին։
21 Ու քաղաքին մէջի բոլոր այր եւ կին, երիտասարդ եւ ծեր, արջառ, ոչխար ու էշ սուրի բերնէ անցընելով կորսնցուցին։
22 Յեսու այն երկիրը լրտեսող երկու մարդոցն ըսաւ. «Այն պոռնիկ կնոջ տունը գացէք ու ինչպէս անոր երդում ըրիք, կինն ու անոր ամէն ունեցածը անկէ դուրս հանեցէք»։
23 Ուստի այն լրտես երիտասարդները գացին ու Ռախաբը եւ անոր հայրն ու մայրը ու եղբայրները եւ անոր ամէն ունեցածը դուրս հանեցին ու անոր բոլոր ազգատոհմն ալ դուրս հանեցին եւ զանոնք Իսրայէլի բանակէն դուրս կեցուցին։
24 Քաղաքը եւ բոլոր անոր մէջ եղածը կրակով այրեցին, միայն արծաթն ու ոսկին եւ պղնձէ ու երկաթէ ամանները Տէրոջը տանը գանձին մէջ դրին։
25 Այսպէս Յեսու ողջ պահեց Ռախաբ պոռնիկն ու անոր հօրը տունը եւ անոր ամէն ունեցածը ու անիկա Իսրայէլի մէջ կը բնակի մինչեւ այսօր. քանզի անիկա պահեց այն լրտեսները, որոնք Յեսու ղրկեր էր Երիքովը լրտեսելու համար։
26 Եւ այն ատեն Յեսու երդում ընելով՝ ըսաւ. «Տէրոջը առջեւ անիծեալ ըլլայ այն մարդը, որ ելլէ ու այս Երիքով քաղաքը շինէ. իր անդրանիկով անոր հիմերը դնէ ու անոր դռներն ալ իր պզտիկ տղայով կանգնեցնէ»։
27 Եւ Տէրը Յեսուին հետ էր ու անոր համբաւը բոլոր երկրին մէջ տարածուեցաւ։