ՅԵՍՈՒԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 14

Քանանի երկրին մէջ Իսրայէլի որդիներուն ժառանգած տեղերը ասոնք են, որոնք Եղիազար քահանան եւ Նաւեան Յեսու ու Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն նահապետական իշխանները իբր ժառանգ տուին անոնց։
2 Ինն ու կէս ցեղերուն վիճակով տրուեցաւ անոնց ժառանգութիւնը, ինչպէս Տէրը Մովսէսին միջոցով հրամայեր էր։
3 Քանզի Մովսէս երկուք ու կէս ցեղերուն Յորդանանի անդիի կողմը ժառանգութիւն տուեր էր. բայց անոնց մէջ՝ Ղեւտացիներուն ժառանգութիւն տուած չէր.
4 Որովհետեւ Յովսէփին որդիները երկու ցեղ էին, Մանասէն ու Եփրեմը ու երկրին մէջ Ղեւտացիներուն բաժին չտուին, բայց միայն քաղաքներ՝ բնակելու համար ու արուարձաններն ալ՝ անոնց խաշինքներուն եւ ստացուածքներուն համար։
5 Ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր, Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին ու երկիրը բաժնեցին։
6 Եւ Յուդային որդիները Գաղգաղայի մէջ Յեսուին մօտեցան ու Կենեզեան Յեփոնէին որդին Քաղէբ անոր ըսաւ. «Դուն գիտես այն խօսքը, որ Տէրը Կադէս-Բառնեայի մէջ Աստուծոյ մարդուն Մովսէսին հետ խօսեցաւ ինծի ու քեզի համար։
7 Երբ Տէրոջը ծառան Մովսէս զիս Կադէս-Բառնեայէն ղրկեց երկիրը լրտեսելու համար, ես քառասուն տարեկան էի ու սրտիս մէջ եղածին պէս անոր լուր բերի.
8 Սակայն ինծի հետ գացող եղբայրներս ժողովուրդին սիրտը թուլցուցին. բայց ես իմ բոլոր սրտովս իմ Տէր Աստուծոյս հնազանդեցայ՝ ՝»։
9 Նոյն օրը Մովսէս երդում ըրաւ՝ ըսելով. «Այն երկիրը որուն վրայ կը կոխես անպատճառ քեզի ու քու որդիներուդ ժառանգութիւն պիտի ըլլայ. որովհետեւ իմ Տէր Աստուծոյս հնազանդեցար քու բոլոր սրտովդ։
10 Արդ՝ ահա Տէրը իր ըսածին պէս քառասունըհինգ տարի իմ կեանքս պահեց, այն ժամանակէն ի վեր՝ որ Տէրը այս խօսքը Մովսէսին ըսաւ, քանի որ Իսրայէլ անապատին մէջ կը պտըտէր եւ ահա ես այսօր ութսունըհինգ տարեկան եմ։
11 Այսօր տակաւին ուժով եմ, ինչպէս էի Մովսէսին զիս ղրկած օրը. այն ատենուան զօրութիւնս ինչպէս էր, հիմակուան զօրութիւնս ալ նոյնպէս է, պատերազմելու եւ ելլելու ու մտնելու համար։
12 Ուստի հիմա ինծի տուր այն լեռը, որուն համար Տէրը այն օրը խօսեցաւ, քանզի դուն այն օրը լսեցիր, որ Ենակիմները հոն կը բնակին ու մեծ պարսպապատ քաղաքներ ունին. թերեւս Տէրը ինծի հետ ըլլայ ու ես զանոնք վռնտեմ, ինչպէս Տէրը ըսաւ»։
13 Յեսու զանիկա օրհնեց ու Յեփոնեան Քաղէբին Քեբրոնը ժառանգութիւն տուաւ։
14 Ասոր համար Քեբրոն Կենեզեան Յեփոնէին որդիին Քաղէբին ժառանգութիւնը եղաւ մինչեւ այսօր, որովհետեւ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն բոլոր սրտով հնազանդեցաւ։
15 Ու Քեբրոնին անունը առաջ Կարիաթ-Արբա էր ու այն Արբան Ենակիմներուն մէջ մեծ մարդ մըն էր։ Ու երկիրը պատերազմէն հանգստացաւ։