ՅԵՍՈՒԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 11

Հասորի Յաբին թագաւորը, երբ այս բաները լսեց, Մադոնի Յոբաբ թագաւորին եւ Սամրօնի թագաւորին ու Աքսափի թագաւորին
2 Եւ հիւսիսային լեռներն ու Քեներեթի հարաւային դաշտն ու հովիտը եւ արեւմտեան կողմը՝ Դովրի գաւառներուն մէջ եղող թագաւորներուն,
3 Արեւելեան ու արեւմտեան կողմը եղող Քանանացիներուն, Ամօրհացիներուն, Քետացիներուն, Փերեզացիներուն ու լեռնաբնակ Յեբուսացիներուն եւ Հերմոնի տակ Մասփայի երկիրը եղող Խեւացիներուն մարդ ղրկեց։
4 Անոնք իրենց բոլոր բանակներովը ու շատ ժողովուրդով եկան, որոնք ծովեզերքի աւազին չափ բազմաթիւ էին եւ իրենց հետ խիստ շատ ձիեր ու կառքեր առին։
5 Այս բոլոր թագաւորները միաբանելով մէկտեղ գացին՝ Մառօնի ջուրին քով բանակեցան, որպէս զի Իսրայէլին դէմ պատերազմին։
6 Եւ Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Անոնց երեսէն մի՛ վախնար, քանզի վաղը այս ատեն ես անոնց ամէնքը Իսրայէլի առջեւ կոտորուելու պիտի մատնեմ. անոնց ձիերուն ջիղերը կտրէ ու անոնց կառքերն ալ կրակով այրէ՛»։
7 Ուստի Յեսու եւ իրեն հետ բոլոր պատերազմող ժողովուրդը յանկարծակի Մառօնի ջուրին քով անոնց դէմ երթալով վրանին յարձակեցան։
8 Տէրը զանոնք Իսրայէլին ձեռքը տուաւ ու զանոնք զարկին եւ մինչեւ մեծ Սիդոն ու Մասրեփօթ-Մայիմ եւ մինչեւ Մասփայի հովիտը դէպի արեւելք հալածեցին ու զանոնք զարկին՝ այնպէս որ անոնցմէ մէ՛կը չազատեցաւ։
9 Յեսու անոնց այնպէս ըրաւ, ինչպէս Տէրը իրեն ըսեր էր։ Անոնց ձիերուն ջիղերը կտրեց ու անոնց կառքերը կրակով այրեց։
10 Նոյն ատեն Յեսու դարձաւ՝ Հասորը առաւ ու անոր թագաւորը սրով մեռցուց. քանզի Հասոր առաջ այս բոլոր թագաւորութիւններուն գլուխն էր։
11 Եւ անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը սուրի բերնէ անցուցին ու բնաջինջ ըրին. բնաւ շնչաւոր մը չմնաց ու Հասորը կրակով այրեց։
12 Յեսու այս թագաւորներուն բոլոր քաղաքները ու անոնց բոլոր թագաւորները առաւ եւ զանոնք սուրի բերնէ անցընելով բնաջինջ ըրաւ, ինչպէս Տէրոջը ծառան Մովսէս պատուիրեր էր։
13 Բայց Իսրայէլ չայրեց այն քաղաքները՝ որոնք իրենց հողաբլուրներովը կը կենային, միայն Հասորը՝ որ Յեսու այրեց։
14 Այս քաղաքներուն բոլոր աւարն ու անասունները Իսրայէլի որդիները իրենց առին, բայց բոլոր մարդիկը սուրի բերնէ անցուցին, մինչեւ որ զանոնք բնաջինջ ըրին ու բնաւ շնչաւոր մը չթողուցին։
15 Ինչպէս Տէրը իր Մովսէս ծառային պատուիրեր էր, նոյնպէս ալ Մովսէս Յեսուին պատուիրեց ու Յեսու ալ այնպէս ըրաւ եւ ինչ որ Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր, անոնցմէ մէ՛կը զանց չըրաւ։
16 Յեսու այն բոլոր երկիրը առաւ, լեռնակողմն ու բոլոր հարաւային կողմը եւ բոլոր Գոսոմի երկիրը, հովիտն ու դաշտը եւ Իսրայէլի լեռն ու անոր հովիտը,
17 Սէիր ելլող Քալակ լեռնէն մինչեւ Հերմոն լերանը տակ Լիբանանի հովտին մէջ եղող Բաաղգադը եւ անոնց բոլոր թագաւորները բռնեց եւ զանոնք զարկաւ մեռցուց։
18 Յեսու այս բոլոր թագաւորներուն հետ շատ օրեր պատերազմ ըրաւ։
19 Գաբաւոնի մէջ բնակող Խեւացիներէն զատ Իսրայէլի որդիներուն հետ հաշտութիւն ընող քաղաք մը չգտնուեցաւ, ամէնքն ալ պատերազմով առնուեցան.
20 Քանզի անոնց սրտին կարծրանալը ու պատերազմով Իսրայէլի դէմ դնելը Տէրոջմէն եղաւ, որպէս զի առանց ողորմութեան զանոնք կորսնցնէ ու բնաջինջ ընէ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։
21 Եւ այն ատեն Յեսու գնաց ու լեռներէն, Քեբրոնէն, Դաբիրէն, Անաբէն ու Յուդայի բոլոր լեռներէն եւ Իսրայէլի բոլոր լեռներէն Ենակիմները կոտորեց. Յեսու զանոնք իրենց քաղաքներով մէկտեղ կորսնցուց։
22 Իսրայէլի որդիներուն երկրին մէջ Ենակիմներէն մէկը չմնաց, բայց Գազայի, Գէթի ու Ասեդովթի մէջ մնացին։
23 Յեսու բոլոր երկիրը առաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ Յեսու զանիկա Իսրայէլի ժառանգութիւն տուաւ, անոնց ցեղերուն բաժիններուն համեմատ ու երկիրը պատերազմէն հանգստացաւ։