ՅԵՍՈՒԱՅ
Գլուխ 15
Յուդայի որդիներուն ցեղին վիճակը իրենց տոհմերուն համեմատ՝ մինչեւ Եդովմայեցիներուն սահմանը կը հասնէր. հարաւային կողմէն Սին անապատը անոնց հարաւային ծայրն էր։
2 Անոնց հարաւային սահմանը այս եղաւ՝ Աղի ծովուն ծայրէն, այսինքն հարաւակողմը նայող ծոցէն, սկսելով
3 Ու հարաւային կողմէն Ակրաբիմի զառիվերը ելլելով Սին կ’անցնի ու հարաւային կողմէն Կադէս-Բառնեայ ելլելով Եսրոն կ’անցնի. ետքը դէպի Ադդար ելլելով Կարկայի կողմը կը պտըտի.
4 Ետքը Ասեմոնէն անցնելով Եգիպտոսին հեղեղատը կ’ելլէ ու այս սահմանը ծովուն մէջ կը վերջանայ։ Ձեր հարաւային սահմանը այս է։
5 Արեւելեան սահմանը Աղի ծովն է մինչեւ Յորդանանի ծայրը։ Հիւսիսային կողմի սահմանը Յորդանանի ծայրը եղող ծոցէն կը սկսի
6 Եւ այս սահմանը մինչեւ Բեթագղա կ’ելլէ ու Բեթարաբայի հիւսիսային կողմէն կը պտըտի եւ այս սահմանը մինչեւ Ռուբէնեան Բաանի վէմը կ’ելլէ.
7 Ետքը այս սահմանը Աքովրի ձորէն Դաբիր կ’ելլէ ու հիւսիսային կողմէն Գաղգաղա կը դառնայ, որ այն ձորին հարաւակողմը եղող Էդովմինի զառիվերին դէմ է եւ այս սահմանը Ենսամիւսի ջուրէն կ’անցնի ու Ռովգելի աղբիւրը կը վերջանայ
8 Եւ այս սահմանը Ենովմի որդիին ձորը՝ հարաւային կողմէն Յեբուսի, այսինքն Երուսաղէմի, քով կ’ելլէ. ետքը այս սահմանը մինչեւ այն լերան գլուխը կ’ելլէ, որ արեւմտեան կողմէն Ենովմի ձորին դէմն է ու հիւսիսային կողմէն Ռափայիններուն ձորին ծայրն է
9 Եւ այս սահմանը լերանը գլխէն մինչեւ Նափթովայի ջուրին աղբիւրը կը հասնի ու Եփրոն լերանը քաղաքները կ’ելլէ. ետքը այս սահմանը մինչեւ Բաաղա, այսինքն Կարիաթարիմ կը հասնի
10 Եւ այս սահմանը Բաաղայէն դէպի արեւմուտք Սէիր լեռը կը պտըտի ու հիւսիսային կողմէն Յարիմ լերանը քովէն կ’անցնի, որ Քեսաղօն է. անկէ Բեթսամիւս կ’իջնէ ու Թամնա կ’անցնի
11 Եւ այս սահմանը Ակկարոնին քով կ’ելլէ դէպի հիւսիս ու այս սահմանը Սաքարօն հասնելով՝ Բաաղա լեռնէն կ’անցնի ու Յաբնէլ կ’ելլէ եւ ծովուն մէջ կը վերջանայ։
12 Արեւմտեան սահմանը մեծ ծովուն եզերքն է։ Յուդայի որդիներուն սահմանը շուրջանակի իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։
13 Յեփոնեան Քաղէբի՝ Յուդայի որդիներուն մէջ Ենակին հօրը Արբային քաղաքը, այսինքն Քեբրոնը բաժին տուաւ, ինչպէս Տէրը Յեսուին հրամայեր էր
14 Եւ Քաղէբ անկէ Ենակին երեք որդիները, Սէսին ու Աքիմանը եւ Թոլմին, Ենակին որդիները, վռնտեց
15 Եւ անկէ Դաբիրի բնակիչներուն վրայ գնաց (ու Դաբիրի անունը առաջ Կարիաթ-Սեփեր էր.)
16 Եւ Քաղէբ ըսաւ. «Ով որ Կարիաթ-Սեփերը զարնէ ու առնէ, իմ Աքսա աղջիկս անոր կնութեան պիտի տամ»
17 Եւ Քաղէբին եղբօրը Կենեզին որդին Գոթոնիէլը առաւ զանիկա ու Քաղէբ իր Աքսա աղջիկը անոր կնութեան տուաւ։
18 Ու երբ անոր կ’երթար զանիկա յորդորեց, որ իր հօրմէն ագարակ մը ուզէ եւ իշուն վրայէն վար իջաւ ու Քաղէբ անոր ըսաւ. «Ի՞նչ եղաւ քեզի»։
19 Աղջիկը ըսաւ. «Ինծի օրհնութիւն տուր. որովհետեւ ինծի հարաւային երկիր մը տուիր, ինծի ջուրի աղբիւրներ՝ ՝ ալ տուր»։ Ուստի անոր՝ վերի աղբիւրները ու վարի աղբիւրները տուաւ։
20 Յուդայի որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է՝,
21 Եդովմի սահմանին քով հարաւային կողմը Յուդայի որդիներուն ցեղին վերջին քաղաքները ասոնք են՝ Կաբեսէէլ, Եդեր, Յագուր,
22 Կինա, Դէմօնա, Ադադա,
23 Կադէս, Հասոր, Յեթնան,
24 Զիփ, Տէլէմ, Բաալօթ,
25 Հասոր-Ադաթա, Կարիօթ Եսրոն՝ ՝ որ է Հասոր,
26 Ամամ, Սամա, Մօլադա,
27 Ասեր-Գադդա, Եսեմոն, Բեթփաղէթ,
28 Ասեր-Սուաղ, Բերսաբէէ, Բազիօթիա,
29 Բաաղա, Իյիմ, Ասէմ,
30 Էլթուղադ, Քէսիլ, Հօրմա,
31 Սիկելակ, Մադմաննա, Սանսաննա,
32 Լաբաովթ, Սէլէմ, Ային ու Ռեմօն. ամէնը քսանըինը քաղաք ու անոնց գիւղերը։
33 Դաշտավայրի մէջ՝ Եսթաւուղ, Սարաա, Ասնա,
34 Զանով, Ենգանիմ, Թափուա, Ենայիմ,
35 Յերիմութ, Ոդողոմ, Սոքով, Ազեկա,
36 Սագարիմ, Ատիթայիմ եւ Գադերա (ու Գադերօթայիմ). տասնըչորս քաղաք եւ անոնց գիւղերը։
37 Սէննան, Ադասա, Մագդաղգադ,
38 Դաղաան, Մասփա, Յեկթովէլ,
39 Լաքիս, Բազկաթ, Էգղոն, Քաբբօն,
40 Լամաս, Քիթլիս,
41 Գադերօթ, Բեթդագոն, Նաամա ու Մակեդա- տասնըվեց քաղաք եւ անոնց գիւղերը։
42 Լեբնա, Եթեր, Ասան,
43 Յեփթա, Ասնա, Նեսիբ,
44 Կէիլա, Աքեզիբ եւ Մարեսա. ինը քաղաք ու անոնց գիւղերը։
45 Ակկարոն իր գիւղաքաղաքներովը ու գիւղերովը.
46 Ակկարոնէն մինչեւ ծովը, Ասեդովթին քովի բոլոր քաղաքները իրենց գիւղերովը.
47 Ասեդովթ իր գիւղաքաղաքներովը ու գիւղերովը. Գազա իր գիւղաքաղաքներովը ու գիւղերովը մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը ու մինչեւ մեծ ծովը իր սահմաններովը։
48 Եւ լեռնավայրի վրայ՝ Սամիր, Յաթիր, Սոքով,
49 Դաննա, Կարիաթ-Սաննա, այսինքն Դաբիր,
50 Անաբ, Եսթեմով, Անիմ,
51 Գոսոմ, Քօղօն ու Գեղոն. տասնըմէկ քաղաք ու անոնց գիւղերը։
52 Երեբ, Դումա, Եսան,
53 Յանում, Բեթթափուա, Ափեկա,
54 Քամմատա, Կարիաթ-Արբա, այսինքն Քեբրոն ու Սիովր. ինը քաղաք եւ անոնց գիւղերը։
55 Մաոն, Կարմեղոս, Զիփ, Յետտա,
56 Յեզրայէլ, Յեկդաամ, Զանով,
57 Կային, Գաբաա ու Թամնա. տասը քաղաք ու անոնց գիւղերը։
58 Աղուղ, Բեթսուր, Գեդովր,
59 Մաարաթ, Բեթանովթ ու Ելթեկոն. վեց քաղաք ու անոնց գիւղերը։
60 Կարիաթ-Բաաղ, այսինքն Կարիաթարիմ ու Ռաբբա. երկու քաղաք ու անոնց գիւղերը։
61 Անապատին մէջ Բեթարաբա, Մադդին, Սեքաքա,
62 Նեբսան, աղի քաղաքը ու Ենգադդի. վեց քաղաք ու անոնց գիւղերը։
63 Բայց Յուդայի որդիները կարող չեղան Երուսաղէմի մէջ բնակող Յեբուսացիները վռնտել. ուստի Յեբուսացիները Յուդայի որդիներուն հետ Երուսաղէմի մէջ կը բնակին մինչեւ այսօր։