ՅԵՍՈՒԱՅ
Գլուխ 7
Բայց Իսրայէլի որդիները նզովուած բաներու պատճառով յանցանք գործեցին. քանզի Յուդայի ցեղէն Զարայի որդիին Զարդիին որդիին Քարմիին որդին Աքար նզովուածէն առաւ։ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի որդիներուն վրայ բորբոքեցաւ։
2 Յեսու Երիքովէն մարդիկ ղրկեց դէպի Գայի, որ Բեթաւանի մօտ է՝ Բեթէլի արեւելեան կողմը եւ խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Ելէ՛ք ու այն երկիրը լրտեսեցէ՛ք»։ Անոնք ելան ու Գային լրտեսեցին։
3 Եւ Յեսուին դարձան ու անոր ըսին. «Բոլոր ժողովուրդը պէտք չէ ելլէ, միայն երկու կամ երեք հազար մարդ կը բաւէ Գային զարնելու համար։ Բոլոր ժողովուրդը հոն տանելով մի՛ յոգնեցներ. քանզի անոնք քիչուոր են»։
4 Ուստի ժողովուրդէն երեք հազարի չափ մարդ հոն գացին, բայց Գայիի մարդոց առջեւէն փախան։
5 Եւ Գայիի մարդիկը անոնցմէ երեսունըվեց մարդու չափ զարկին, քանզի զանոնք դրանը առջեւէն մինչեւ Սեբարիմ հալածեցին ու զառիվայրին վրայ զանոնք զարկին. ուստի ժողովուրդին սիրտը հալեցաւ ու ջուրի պէս եղաւ։
6 Յեսու իր հանդերձները պատռելով Տէրոջը տապանակին առջեւ երեսի վրայ գետինը ինկաւ մինչեւ իրիկուն, թէ՛ ինք եւ թէ՛ Իսրայէլի ծերերը ու իրենց գլխուն վրայ հող ցանեցին։
7 Յեսու ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ինչո՞ւ համար այս ժողովուրդը Յորդանանի ասդիի կողմը անցուցիր, որպէս զի մեզ Ամօրհացիներուն ձեռքը մատնես ու մեզ կորսնցնե՞ս. երանի՜ թէ գոհ ըլլալով Յորդանանի անդիի կողմը մնայինք։
8 Ո՜հ, Տէ՛ր, Իսրայէլ իր թշնամիներուն առջեւ կռնակ դարձնելէ յետոյ՝ ալ ես ի՞նչ ընեմ.
9 Որովհետեւ Քանանացիները ու երկրին բոլոր բնակիչները լսելով՝ մեզ պիտի պաշարեն ու մեր անունը երկրի վրայէն բոլորովին պիտի վերցնեն. այն ատեն քու մեծ անունդ ի՞նչ պիտի ընես»։
10 Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Ոտքի վրայ ելի՛ր. ինչո՞ւ համար այսպէս երեսիդ վրայ ինկեր ես.
11 Իսրայէլ մեղք գործեց եւ իմ հրամայած ուխտս զանց ըրին. քանզի նզովուածէն առին ու գողութիւն ըրին եւ սուտ խօսեցան ու իրենց կարասիներուն մէջ դրին։
12 Ուստի Իսրայէլի որդիները պիտի չկրնան իրենց թշնամիներուն առջեւ կենալ. իրենց թշնամիներուն առջեւ կռնակ պիտի դարձնեն, քանզի նզովուած եղան եւ ա՛լ ձեզի հետ պիտի չըլլամ, եթէ դուք նզովուածը ձեր մէջէն բնաջինջ չընէք»։
13 «Ելի՛ր, ժողովուրդը սրբէ՛ ու ըսէ՛ ‘Վաղուան համար սրբուեցէ՛ք. քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Ով Իսրայէլ, ձեր մէջ նզովուած կայ. մինչեւ որ նզովուածը ձեր մէջէն չվերցնէք, ձեր թշնամիներուն առջեւ պիտի չկրնաք կենալ»։
14 Ուստի առտուն ձեր ցեղերով մօտեցէք ու Տէրը ո՛ր ցեղը վիճակով բռնէ, անիկա իր ազգատոհմերով թող մօտենայ եւ Տէրը ո՛ր ազգատոհմը բռնէ, անիկա իր տուներով թող մօտենայ ու Տէրը ո՛ր տունը բռնէ, անիկա իր մարդոցմով թող մօտենայ
15 Եւ ով որ նզովուած բռնուի, կրակով թող այրուի, թէ՛ ինք եւ թէ՛ իր ամէն ունեցածը. քանզի Տէրոջը ուխտը զանց ըրաւ ու Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն ըրաւ»։
16 Ուստի Յեսու առտուն կանուխ ելաւ ու Իսրայէլը իր ցեղերովը մօտեցուց։ Յուդայի ցեղը բռնուեցաւ։
17 Յուդայի ազգատոհմերը մօտեցուց, Զարայեաններու ազգատոհմը բռնուեցաւ ու Զարայեաններու տոհմը իր մարդոցմովը մօտեցուց եւ Զարդի բռնուեցաւ.
18 Ետքը անոր տունը իր մարդոցմովը մօտեցուց եւ Յուդայի ցեղէն Զարայի որդիին Զարդիի որդիին Քարմիի որդին Աքար բռնուեցաւ։
19 Այն ատեն Յեսու Աքարին ըսաւ. «Որդի՛ս, հիմա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյ փառք տուր ու քու մեղքդ անոր խոստովանէ՛ եւ քու ըրածդ հիմա ինծի յայտնէ՛, ինծմէ մի՛ պահեր»։
20 Աքար պատասխան տուաւ Յեսուին եւ ըսաւ. «Իրաւցընէ ես Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցի. ահա ըրածս։
21 Այսինքն աւարին մէջ աղուոր բանուած Բաբելոնի վերարկու մը ու երկու հարիւր սիկղ արծաթ եւ յիսուն սիկղի ծանրութեամբ ոսկի լեզու մը տեսայ ու ցանկանալով առի եւ ահա անոնք իմ վրանիս մէջ հողին տակ պահուած են ու արծաթը անոր տակն է»։
22 Ուստի Յեսու մարդիկ ղրկեց ու անոնք վրանը վազեցին եւ ահա վրանին մէջ պահուած գտան ու արծաթը անոր տակն էր.
23 Զանոնք վրանին մէջէն առնելով Յեսուին ու Իսրայէլի բոլոր որդիներուն բերին եւ զանոնք Տէրոջը առջեւ դրին։
24 Այն ատեն Յեսու ու իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ՝ Զարայեան Աքարը ու այն արծաթը եւ վերարկուն ու ոսկի լեզուն եւ անոր տղաքը, աղջիկները, արջառները, էշերը, ոչխարները, վրանն ու անոր ամէն բանը առին եւ զանոնք Աքովրի ձորը հանեցին։
25 Յեսու ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար դուն մեզ նեղեցիր. Տէրը այսօր քեզ պիտի նեղէ», ուստի բոլոր Իսրայէլ զանոնք քարկոծելէ յետոյ կրակով այրեցին։
26 Ետքը անոր վրայ մեծ քարակոյտ մը դիզեցին, որ կը կենայ մինչեւ այսօր։ Տէրը իր սաստիկ բարկութենէն դադրեցաւ։ Այս պատճառով այն տեղին անունը Աքովրի ձոր կոչուեցաւ մինչեւ այսօր։