ՅԵՍՈՒԱՅ
Գլուխ 19
Երկրորդ վիճակը Շմաւոնին ելաւ։ Շմաւոնին որդիներուն ցեղին իրենց տոհմերուն համեմատ ու անոնց ժառանգութիւնը Յուդային որդիներուն ժառանգութեան մէջտեղը եղաւ։
2 Իրենց ժառանգութեան մէջ այս քաղաքները ունեցան. Բերսաբէէ, (Սաբէէ,) Մօլադա,
3 Ասերսուաղ, Բաղա, Ասէմ,
4 Էլթուղադ, Բաթուլ, Հօրմա,
5 Սիկելակ, Բեթմարքաբովթ, Ասերսուսա,
6 Բեթլաբաւովթ եւ Սարուհէն. տասներեք քաղաք ու անոնց գիւղերը։
7 Ային, Ռեմօն, Եթեր եւ Ասան. չորս քաղաք ու անոնց գիւղերը։
8 Եւ այս քաղաքներուն բոլորտիքը եղած բոլոր գիւղերը՝ մինչեւ Բաաղեթ-Բէեր ու հարաւային Ռաման՝ ՝։ Շմաւոնին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։
9 Շմաւոնին որդիներուն ժառանգութիւնը Յուդային որդիներուն բաժինէն եղաւ, քանզի Յուդային որդիներուն բաժինը շատ էր իրենց. անոր համար Շմաւոնին որդիները անոնց ժառանգութեանը մէջ ժառանգութիւն առին։
10 Երրորդ վիճակը Զաբուղոնին որդիներուն ելաւ իրենց տոհմերուն համեմատ։ Անոնց ժառանգութեանը սահմանը մինչեւ Սարիդ եղաւ
11 Ու անոնց սահմանը դէպի ծովը ու Մարաղա կ’ելլէ եւ Դաբասէթ կը հասնի ու Յեկնամին դէմ եղող ձորը կը հասնի
12 Եւ Սարիդէն դէպի արեւելեան կողմը՝ Քասղովթ-Թաբօրին սահմանը կը դառնայ ու Դաբարաթէն ելլելով՝ վեր Յափիէ կ’ելլէ
13 Եւ անկէ դէպի արեւելք անցնելով Գեթքոփեր եւ Իթագասին կ’անցնի ու Ռեմօն-Մեթօար եւ Նուա կ’ելլէ.
14 Ետքը այս սահմանը հիւսիսային կողմէն Ենաթօն կը պտըտի ու Յեփթայէլի ձորին մէջ կը վերջանայ
15 Եւ Կատտաթ ու Նաաղօլ եւ Սամրօն ու Յադելա եւ Բեթլեհէմ. տասներկու քաղաք ու անոնց գիւղերը։
16 Զաբուղոնին որդիներուն ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։ ԻՍԱՔԱՐԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ
17 Չորրորդ վիճակը Իսաքարին ելաւ։ Իսաքարին որդիներուն իրենց տոհմերուն համեմատ
18 Ու անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Յեզրայէլ ու Քասելովթ եւ Սունամ,
19 Ու Ափերէմ եւ Սիան ու Անարէթ
20 Եւ Ռաբբիթ ու Կէսիօն ու Աբէս
21 Եւ Ռամաթ ու Ենգանիմ եւ Ենքադդա ու Բեթփասես
22 Եւ այս սահմանը Թաբօր, Սասիմա ու Բեթսամիւս կը հասնի ու անոնց սահմանը Յորդանանի մէջ կը վերջանայ. տասնըվեց քաղաք ու անոնց գիւղերը։
23 Իսաքարին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։
24 Հինգերորդ վիճակը Ասերին որդիներուն ցեղին ելաւ՝ իրենց տոհմերուն համեմատ։
25 Անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Քեղկաթ ու Աղի եւ Բետէն ու Աքսափ
26 Եւ Ալամելէք ու Ամադ եւ Մասաղ ու արեւմտեան կողմէն մինչեւ Կարմեղոս եւ Սիօր-Լեբնաթ կը հասնի։
27 Արեւելեան կողմէն դէպի Բեթդագոն կը դառնայ ու հիւսիսային կողմէն Զաբուղոն, Յեփթայէլի ձորը, Բեթամէկ ու Նէիէլ կը հասնի եւ ձախ կողմէն Քաբօղ կ’ելլէ
28 Ու Եբրոն եւ Րոոբ ու Համմօն եւ Կանա, մինչեւ մեծ Սիդոն.
29 Ետքը այս սահմանը Ռամա կը դառնայ մինչեւ Տիւրոս ամուր քաղաքը եւ այս սահմանը Ուսա դառնալով ծովուն մէջ՝ Աքեզիբին վիճակին մէջ կը վերջանայ
30 Ու Ամմա եւ Ափէկ ու Րոոբ. քսաներկու քաղաքներ ու անոնց գիւղերը։
31 Ասերին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։
32 Վեցերորդ վիճակը Նեփթաղիմին որդիներուն ելաւ, այսինքն Նեփթաղիմին որդիներուն իրենց տոհմերուն համեմատ։
33 Անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Հելեփէն ու Ալօնէն մինչեւ Սանանիմ ու Ադամի-Նագեբ եւ Յաբնէլ մինչեւ Լակում ու սահմանը Յորդանանի մէջ կը վերջանայ։
34 Եւ այս սահմանը արեւմտեան կողմէն Ազանօթ-Թաբօր կը դառնայ ու անկէ Հուկօկ կ’ելլէ եւ հարաւային կողմէն մինչեւ Զաբուղոն կը հասնի ու արեւմտեան կողմէն մինչեւ Ասեր եւ արեւելեան կողմէն մինչեւ Յուդա ու Յորդանան կը հասնի։
35 Եւ պարսպապատ քաղաքները՝ Ասեդիմ, Սէր, Ամաթ, Ռեկկաթ,
36 Քեներեթ, Ադամա, Ռամա, Հասոր,
37 Կադէս, Եդրայի, Ենհասոր, Յարօն,
38 Մակդաղիէլ, Հարէմ, Բեթանաթ ու Բեթսամիւս. տասնըինը քաղաք եւ անոնց գիւղերն են։
39 Նեփթաղիմին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։
40 Եօթերորդ վիճակը Դանին որդիներուն ցեղին ելաւ իրենց տոհմերուն համեմատ։
41 Եւ անոնց ժառանգութեան սահմանը ասիկա եղաւ՝ Սարաա ու Եսթաւուղ եւ Իրսամէս
42 Ու Սաղաբին եւ Այեղոն ու Յեթլա
43 Եւ Ելօն ու Թամնաթա եւ Ակկարոն
44 Ու Ելթեկէ եւ Գաբաթոն ու Բաալօթ
45 Ու Եհուդ եւ Բանէ-Բարակ ու Գեթրեմօն
46 Եւ Մէարկօն ու Ռակկոն, Յոպպէի դիմացը եղած սահմանովը մէկտեղ։
47 Եւ Դանին որդիներուն սահմանը իրենց պզտիկ եկաւ. ուստի Դանին որդիները ոտքի ելան ու Լէսէմի հետ պատերազմեցան եւ զանիկա առնելէն ետքը սուրի բերնէ անցուցին ու զանիկա ժառանգելով անոր մէջ բնակեցան եւ Լէսէմը իրենց հօրը Դանի անունով Դան կոչեցին։
48 Դանին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։ ԵՐԿՐԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄԸ
49 Ու երկիրը իր սահմաններովը բաժնելը լմնցնելէն ետքը, Իսրայէլի որդիները Նաւեան Յեսուին իրենց մէջ ժառանգութիւն տուին.
50 Տէրոջը հրամանով անոր ուզած քաղաքը, Թամնաթ-Սարան, իրեն տուին Եփրեմի լերանը վրայ ու անիկա քաղաքը շինեց եւ անոր մէջ բնակեցաւ։
51 Ասոնք են այն ժառանգութիւնները, որոնք Եղիազար քահանան եւ Նաւեան Յեսուն ու Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն նահապետները Սելովի մէջ Տէրոջը առջեւ, վկայութեան խորանին դրանը քով, վիճակով բաժնեցին ու լմնցուցին։