ՅԵՍՈՒԱՅ
Գլուխ 18
Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Սելովի մէջ հաւաքուեցան եւ հոն վկայութեան խորանը կանգնեցուցին ու երկիրը անոնց առջեւ նուաճուեցաւ։
2 Իսրայէլի որդիներուն մէջ եօթը ցեղ մնացեր էր, որոնք իրենց ժառանգութիւնը առած չէին։
3 Եւ Յեսու Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ անհոգութիւն պիտի ընէք ու պիտի չերթաք ժառանգելու այն երկիրը, որ ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզի տուաւ։
4 Ամէն մէկ ցեղէ երեք մարդ ընտերցէք ու զանոնք ղրկեմ, որպէս զի ելլեն այն երկրին մէջ պտըտին ու զանիկա իրենց ժառանգութեանը համեմատ գրեն ու ետքը ինծի դառնան
5 Եւ զանիկա եօթը մասերու բաժնեն։ Յուդան իր սահմանին մէջ հարաւային կողմը թող կենայ ու Յովսէփին տունը իրենց սահմաններուն մէջ հիւսիսային կողմը թող կենան։
6 Դուք երկիրը եօթը բաժին ըրէք ու հոս ինծի բերէք եւ մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ հոս ձեզի համար վիճակ ձգեմ։
7 Ղեւտացիները ձեր մէջ բաժին չունին, որովհետեւ անոնց ժառանգութիւնը Տէրոջը քահանայութիւնն է եւ Գադ ու Ռուբէն եւ Մանասէի կէս ցեղը Յորդանանի անդիի կողմը դէպի արեւելք՝ իրենց ժառանգութիւնները առած են, որոնք Տէրոջը ծառան Մովսէս անոնց տուաւ»։
8 Այն մարդիկը գացին ու Յեսու այն երկիրը գրելու գացողներուն պատուիրեց՝ ըսելով. «Գացէ՛ք եւ այն երկրին մէջ պտըտելով զանիկա գրեցէք. ետքը ինծի դարձէք, որպէս զի հոս Սելովի մէջ Տէրոջը առջեւ ձեզի համար վիճակ ձգեմ»։
9 Այն մարդիկը գացին ու այն երկրին մէջ պտըտեցան եւ զանիկա իր քաղաքներովը եօթը բաժին ընելով՝ գրքի մը մէջ գրեցին ու Սելով՝ բանակը՝ եկան Յեսուին։
10 Յեսու Սելովին մէջ Տէրոջը առջեւ անոնց համար վիճակ ձգեց ու երկիրը բաժնեց Իսրայէլի որդիներուն՝ իրենց բաժիններուն համեմատ։
11 Նախ՝ Բենիամինին որդիներուն ցեղին վիճակը ելաւ իրենց տոհմերուն համեմատ։ Իրենց վիճակին սահմանը Յուդայի որդիներուն ու Յովսէփի որդիներուն մէջտեղը ելաւ։
12 Անոնց հիւսիսային կողմի սահմանը Յորդանանէն եղաւ ու այս սահմանը հիւսիսային կողմէն Երիքովի քով կ’ելլէ եւ դէպի արեւմուտք լեռը վեր կ’ելլէ ու Բեթաւանի անապատին մէջ կը վերջանայ։
13 Սահմանը անկէ ելլելով Լուզէ կ’անցնի, Լուզին, այսինքն Բեթէլին հարաւային կողմէն. այս սահմանը Ատարօթ-Ադար կ’իջնէ, որ վարի Բեթորոնին հարաւային կողմը եղող լերանը քովն է։
14 Այս սահմանը արեւմտեան ծայրը հասնելով, դէպի հարաւ կը դառնայ հարաւային կողմէն Բեթորոնին դիմացի լեռնէն ու կը վերջանայ Կարիաթ-Բաաղի մէջ, որ է Կարիաթարիմ, Յուդային որդիներուն քաղաքը։ Արեւմտեան ծայրը ասիկա է։
15 Հարաւային կողմը Կարիաթարիմին ծայրէն սկսելով, սահմանը դէպի արեւմուտք կ’երթայ ու Նափթովային ջուրին աղբիւրը կ’ելլէ։
16 Այս սահմանը Ռափայիններուն հովիտին մէջ, հիւսիսային կողմը եղող Ենովմին որդիին ձորին դիմացի լերանը եզերքը կ’իջնէ ու Յեբուսին քովէն դէպի հարաւ Ենովմին ձորէն իջնելով Ռովգելին աղբիւրը կ’իջնէ
17 Եւ հիւսիսային կողմէն նշան կտրելով Ենսամիւս կ’ելլէ ու անկէ Եդովմինին զառիվերին դէմ եղող Գալիլովթ կ’ելլէ եւ Ռուբէնեան Բաանին վէմը կ’իջնէ.
18 Ետքը Արաբային դիմացի կողմէն դէպի հիւսիս անցնելով Արաբա կ’իջնէ.
19 Ետքը այս սահմանը դէպի հիւսիս Բեթագղայի քովէն կ’անցնի ու այս սահմանը Աղի ծովուն հիւսիսային ծոցը ու Յորդանանի հարաւային ծայրը կը վերջանայ։ Հարաւային սահմանը ասիկա է։
20 Արեւելեան կողմի սահմանը Յորդանանն է։ Բենիամինին որդիներուն ժառանգութիւնը շուրջանակի իր սահմաններովը անոնց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։
21 Եւ ասոնք են Բենիամինին որդիներուն ցեղին քաղաքները իրենց տոհմերուն համեմատ՝ Երիքով, Բեթագղա, Եմեկկասիս,
22 Բեթարաբա, Սեմարիմ, Բեթէլ,
23 Աւիմ, Փարա, Եփրա,
24 Քեփարամոննա, Հոփնի ու Գաբա. տասներկու քաղաք ու անոնց գիւղերը։
25 Գաբաւոն, Ռամա, Բերովթ,
26 Մասփա, Կեփիրա, Մոսա,
27 Ռէկեմ, Յերփայէլ, Թարաղա,
28 Սելա, Էլեփ, Յեբուս, այսինքն Երուսաղէմ, Գաբաաթ ու Կարիաթ։ Տասնըչորս քաղաք եւ անոնց գիւղերը։ Բենիամինին որդիներուն ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։