ՅԵՍՈՒԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 23

Բաւական ժամանակ անցած էր այն օրէն, երբ Տէրը հանգստացուց Իսրայէլը անոր բոլորտիքի բոլոր թշնամիներէն։
2 Յեսու, որ ծերացած ու տարիքը առած էր, կանչեց բոլոր Իսրայէլը, անոր ծերերը, իշխանները, դատաւորներն ու ոստիկանները եւ անոնց ըսաւ.
3 «Ես ծերացայ ու տարիքս առի։ Դուք տեսաք այն ամէնը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար ըրաւ այս բոլոր ազգերուն. քանզի ձեր Տէր Աստուածը՝ ինքը ձեզի համար պատերազմ ըրաւ։
4 Նայեցէք, ես ձեզի այս մնացած ազգերը վիճակով իբր ժառանգութիւն բաժնեցի՝ ձեր ցեղերուն համեմատ, Յորդանանէն, իմ կոտորած բոլոր ազգերովս մէկտեղ, մինչեւ մեծ ծովը դէպի արեւմուտք։
5 Ձեր Տէր Աստուածը ինքը ձեր առջեւէն պիտի հալածէ զանոնք ու պիտի վռնտէ եւ անոնց երկիրը դուք պիտի ժառանգէք, ինչպէս ձեր Տէր Աստուածը ձեզի ըսաւ։
6 Ուստի խիստ ժի՛ր եղէք, որպէս զի Մովսէսին օրէնքներու գրքին մէջ գրուած բոլոր բաները զգուշութեամբ գործադրէք ու անկէ աջ կողմը կամ ձախ կողմը չխոտորիք.
7 Որպէս զի ձեր քով մնացած այս ազգերուն հետ չխառնուիք՝ ՝ ու անոնց աստուածներուն անունները չյիշէք եւ անոնցմով երդում չընէք ու անոնց չծառայէք եւ անոնց երկրպագութիւն չընէք.
8 Հապա ձեր Տէր Աստուծոյն յարիք, ինչպէս մինչեւ այսօր ըրիք։
9 Տէրը ձեր առջեւէն մեծ ու զօրաւոր ազգեր վռնտեց ու մինչեւ այսօր բնաւ մէկը չկրցաւ ձեզի դէմ դնել։
10 Ձեզմէ մէկը անոնց հազարը հալածեց, քանզի ձեր Տէր Աստուածը՝ ինքը՝ ձեզի համար պատերազմեցաւ, ինչպէս ձեզի խոստացած էր։
11 «Ուստի աղէկ զգուշութիւն ըրէ՛ք, որպէս զի ձեր Տէր Աստուածը սիրէք։
12 Բայց եթէ անկէ դառնալու ըլլաք ու ձեր քով մնացած այս ազգերուն մնացորդին յարիք եւ անոնց հետ խնամութիւն ընէք ու դուք անոնց հետ խառնուիք եւ անոնք ալ ձեզի հետ,
13 Ստոյգ գիտցէք, որ ձեր Տէր Աստուածը անգամ մըն ալ այս ազգերը ձեր առջեւէն պիտի չվռնտէ. հապա անոնք ձեզի որոգայթ ու գայթակղութիւն պիտի ըլլան եւ ձեր կողերուն՝ խթաններ ու ձեր աչքերուն՝ փուշեր, մինչեւ որ բնաջինջ ըլլաք այս ընտիր երկրին վրայէն, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի տուաւ։
14 Ահա ես այսօր երկրին ճամբան կ’երթամ ու դուք ձեր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը գիտէք թէ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան։ Անոնցմէ բնաւ խօսք մը գետին չինկաւ։
15 Ու ինչպէս ձեր Տէր Աստուծոյ ձեզի համար ըրած բոլոր բարի խօսքերը ձեր վրայ կատարուեցան, նոյնպէս Տէրը բոլոր չար խօսքերը ձեր վրայ պիտի բերէ, մինչեւ որ բնաջինջ ընէ ձեզ այս ընտիր երկրին վրայէն, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի տուաւ։
16 Եթէ ձեր Տէր Աստուծոյ ձեզի պատուիրած ուխտը զանց ընէք ու երթաք օտար աստուածներ պաշտէք եւ անոնց երկրպագութիւն ընէք, Տէրոջը բարկութիւնը ձեր վրայ պիտի բորբոքի ու ձեզի տուած ընտիր երկրին վրայէն շուտով պիտի կորսուիք»։