ՅԵՍՈՒԱՅ
Գլուխ 4
Երբ ժողովուրդը Յորդանանէն անցաւ, Տէրը խօսեցաւ Յեսուին ու ըսաւ.
2 «Ժողովուրդէն տասներկու մարդ առէք, ամէն ցեղէ մէկմէկ մարդ
3 Ու անոնց պատուիրելով ըսէք. ‘Ասկէ Յորդանանի մէջէն, քահանաներուն ոտքերուն ամուր կեցած տեղէն, ձեզի տասներկու քար վերցուցէք եւ զանոնք ձեզի հետ տարէք ու դրէք այն տեղը՝ ուր այս գիշեր իջեւան պիտի ընէք’»։
4 Յեսու Իսրայէլի որդիներէն իր որոշած տասներկու մարդիկը կանչեց, ամէն ցեղէ մէկմէկ մարդ
5 Ու Յեսու անոնց ըսաւ. «Յորդանանի մէջ ձեր Տէր Աստուծոյն տապանակին առջեւ անցէք ու Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն թիւովը՝ ամէն մէկդ ձեր ուսերուն վրայ մէկմէկ քար վերցուցէք անկէ.
6 Որպէս զի ասիկա ձեր մէջ նշան ըլլայ ու երբ վաղը ձեր որդիները ձեզի հարցնելու ըլլան ու ըսեն թէ՝ ‘Այս քարերը ի՞նչ պիտի ըլլան ձեզի’,
7 Անոնց ըսէք. ‘Քանի որ Տէրոջը ուխտի տապանակին առջեւէն Յորդանանի ջուրերը կտրուեցան. երբ անիկա Յորդանանէն կ’անցնէր՝ Յորդանանի ջուրը կտրուեցաւ. այս քարերը Իսրայէլի որդիներուն մէջ յիշատակի համար պիտի ըլլան յաւիտեան’»։
8 Եւ Իսրայէլի որդիները Յեսուի պատուիրածին պէս ըրին ու Յորդանանի մէջէն տասներկու քար առին, Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն թիւովը, ինչպէս Տէրը Յեսուին հրամայեր էր եւ զանոնք իրենց հետ իջեւանին տեղը տարին ու հոն դրին։
9 Եւ Յեսու ուրիշ տասներկու քարեր ալ կանգնեցուց Յորդանանի մէջ, ուխտին տապանակը վերցնող քահանաներուն ոտքերուն կեցած տեղը, որոնք մինչեւ այսօր հեն են։
10 Տապանակը վերցնող քահանաները Յորդանանի մէջ կայնեցան, մինչեւ որ լմնցաւ այն բոլոր խօսքը, որ Տէրը Յեսուին պատուիրեց, որ ժողովուրդին ըսէ, ինչպէս Մովսէս Յեսուին պատուիրեր էր ժողովուրդը արտորալով անցաւ։
11 Ու երբ ժողովուրդին անցնիլը լմնցաւ, այն ատեն Տէրոջը տապանակն ու քահանաները ժողովուրդին առջեւ անցան։
12 Ռուբէնին որդիները ու Գադին որդիները եւ Մանասէին կէս ցեղը սպառազինեալ՝ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ անցան, ինչպէս Մովսէս անոնց ըսեր էր.
13 Քառասուն հազարի չափ պատրաստուած զօրք Տէրոջը առջեւ՝ պատերազմի համար Երիքովի դաշտը անցան։
14 Նոյն օրը Տէրը բոլոր Իսրայէլի աչքերուն առջեւ Յեսուն մեծցուց ու անոր կեանքին բոլոր օրերուն որքան Մովսէսէն կը վախնային, այնքան Յեսուէն վախցան,
15 Տէրը խօսեցաւ Յեսուին՝ ըսելով.
16 «Վկայութեան տապանակը վերցնող քահանաներուն հրաման ըրէ որ Յորդանանէն ելլեն»։
17 Ուստի Յեսու քահանաներուն հրամայեց ու ըսաւ. «Յորդանանէն ելէք»։
18 Երբ Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող քահանաները Յորդանանի մէջէն ցամաք ելան եւ քահանաներուն ոտքերուն թաթերը ցամաքի վրայ կոխեցին, Յորդանանի ջուրը իր տեղը դարձաւ ու առաջուան պէս իր բոլոր եզերքները ողողեց։
19 Առաջին ամսուան տասներորդ օրը ժողովուրդը Յորդանանէն դուրս ելլելով, Գաղգաղայի մէջ Երիքովի արեւելեան կողմը իջեւան ըրին։
20 Այն տասներկու քարը, որոնք Յորդանանէն առեր էին, Յեսու Գաղգաղայի մէջ կանգնեցուց
21 Եւ Իսրայէլի որդիներուն խօսեցաւ՝ ըսելով. «Վաղը եթէ ձեր որդիները իրենց հայրերուն հարցնելու ըլլան ու ըսեն թէ՝ ‘Այս քարերը ի՞նչ են’,
22 Ձեր տղոց իմացնէք՝ ըսելով. ‘Իսրայէլ Յորդանանէն ցամաքով անցաւ’։
23 Որովհետեւ ձեր Տէր Աստուածը ձեր առջեւէն Յորդանանի ջուրերը ցամքեցուց մինչեւ որ դուք անցաք, ինչպէս ձեր Տէր Աստուածը Կարմիր ծովուն մէջ ալ ըրաւ, որը ցամքեցուց մեր առջեւէն մինչեւ որ մենք անցանք.
24 Որպէս զի երկրի բոլոր ազգերը գիտնան թէ Տէրոջը ձեռքը զօրաւոր է։ Դուք ձեր Տէր Աստուծմէն միշտ վախցէք»։