ՅԵՍՈՒԱՅ
Գլուխ 21
Ղեւտացիներուն նահապետները Եղիազար քահանային, Նաւեան Յեսուին եւ Իսրայէլի որդիներու ցեղերուն նահապետներուն մօտեցան
2 Ու Քանանի երկիրը՝ Սելովին մէջ՝ խօսեցան անոնց ըսելով. «Տէրը Մովսէսին միջոցով հրամայեց որ մեզի բնակելու համար քաղաքներ ու մեր անասուններուն համար անոնց արուարձաններ տրուին»։
3 Իսրայէլի որդիները Տէրոջը հրամանով իրենց ժառանգութիւններէն հետեւեալ քաղաքներն ու անոնց արուարձանները Ղեւտացիներուն տուին։
4 Առաջին վիճակը Կահաթեաններու ազգատոհմերուն ելաւ ու Ղեւտացիներէն Ահարոն քահանային որդիներուն վիճակով տասներեք քաղաք ելաւ, Յուդայի ցեղէն, Շմաւոնի ցեղէն ու Բենիամինի ցեղէն։
5 Եւ Կահաթի միւս որդիներուն՝ Եփրեմի ցեղին ազգատոհմերէն, Դանին ցեղէն եւ Մանասէին կէս ցեղէն վիճակով տասը քաղաք տրուեցաւ։
6 Ու Գերսոնին որդիներուն՝ Իսաքարին ցեղին ազգատոհմերէն եւ Ասերին ցեղէն ու Նեփթաղիմին ցեղէն եւ Բասանին մէջ եղող Մանասէին կէս ցեղէն վիճակով տասներեք քաղաք տրուեցաւ։
7 Մերարիին որդիներուն իրենց տոհմերուն համեմատ՝ Ռուբէնին ցեղէն ու Զաբուղոնին ցեղէն տասներկու քաղաք տրուեցաւ։
8 Ու Իսրայէլի որդիները այս քաղաքներն ու անոնց արուարձանները վիճակով Ղեւտացիներուն տուին, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր Մովսէսին միջոցով։
9 Յուդային որդիներուն ցեղէն ու Շմաւոնին որդիներուն ցեղէն իրենց անունովը յիշուած քաղաքները տուին
10 Ու Ահարոնին որդիներուն եղան, որոնք Ղեւիին որդիներէն եղող Կահաթեաններու ազգատոհմերէն էին. քանզի առաջին վիճակը անոնցն էր։
11 Անոնց Յուդայի լերանը վրայ Ենակին հօրը Արբային քաղաքը, այսինքն Քեբրոնը, տուին անոր շրջակայ արուարձաններովը
12 Եւ քաղաքին ագարակներն ու գիւղերը Յեփոնեան Քաղէբին տուին իբր կալուածք։
13 Ուստի Ահարոն քահանային որդիներուն՝ սպաննողին համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Քեբրոնը տուին իր արուարձաններովը, նաեւ Լեբնան իր արուարձաններովը
14 Եւ Յաթիրը իր արուարձաններովը ու Եսթեմովը իր արուարձաններովը
15 Եւ Քօղօնը իր արուարձաններովը ու Դաբիրը իր արուարձաններովը
16 Եւ Այինը իր արուարձաններովը ու Յետտան իր արուարձաններովը եւ Բեթսամիւսը իր արուարձաններովը։ Այս երկու ցեղէն ինը քաղաք տուին։
17 Ու Բենիամինին ցեղէն՝ Գաբաւոնը իր արուարձաններովը, Գաբան իր արուարձաններովը,
18 Անաթովթը իր արուարձաններովը ու Գաղմօնը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին։
19 Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ բոլոր քաղաքները տասներեք քաղաք էին ու անոնց արուարձանները։
20 Եւ Կահաթի որդիներէն մնացած Ղեւտացի Կահաթեաններու ազգատոհմերն ալ Եփրեմին ցեղէն վիճակով քաղաքներ առին։
21 Անոնց՝ Եփրեմի լեռնակողմը սպաննողի համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Սիւքէմը տուին իր արուարձաններովը, նաեւ Գազերը իր արուարձաններովը
22 Եւ Կաբսեմը իր արուարձաններովը ու Բեթորոնը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին։
23 Եւ Դանին ցեղէն՝ Ելթեկէն իր արուարձաններովը, Գաբաթոնը իր արուարձաններովը,
24 Այեղոնը իր արուարձաններովը ու Գեթրեմօնը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին։
25 Եւ Մանասէին կէս ցեղէն՝ Թանաքը իր արուարձաններովը ու Գեթրեմօնը իր արուարձաններովը։ Երկու քաղաք տուին։
26 Կահաթին որդիներուն մնացած ազգատոհմերուն բոլոր քաղաքները տասն էին եւ անոնց արուարձանները։
27 Ղեւտացիներուն ազգատոհմերէն եղող Գերսոնին որդիներուն՝ Մանասէին կէս ցեղէն սպաննողին համար ապաստանի քաղաքը ըլլալու որոշուած Բասանին մէջ Գովղանը իր արուարձաններովը, նաեւ Բեեստարան իր արուարձաններովը։ Երկու քաղաք տուին։
28 Եւ Իսաքարին ցեղէն՝ Կեսիօնը իր արուարձաններովը, Դարաբաթը իր արուարձաններովը,
29 Յերիմութը իր արուարձաններովը եւ Ենգանիմը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին։
30 Եւ Ասերին ցեղէն՝ Մասաղը իր արուարձաններովը,
31 Աբդօնը իր արուարձաններովը, Քեղկաթը իր արուարձաններովը եւ Րոոբը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին։
32 Ու Նեփթաղիմին ցեղէն՝ սպաննողին համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Գալիլիայի մէջ Կադէսը իր արուարձաններովը, նաեւ Եմաթդովրը իր արուարձաններովը ու Կարթանը իր արուարձաններովը։ Երեք քաղաք տուին։
33 Գերսոնեաններուն բոլոր քաղաքները անոնց ազգատոհմերուն համեմատ տասներեք քաղաք էին ու անոնց արուարձանները։
34 Մնացած Ղեւտացիներուն, այսինքն Մերարիին որդիներուն ազգատոհմերուն՝ Զաբուղոնին ցեղէն Յեկնամը իր արուարձաններովը, Կարթան իր արուարձաններովը,
35 Դեմնան իր արուարձաններովը ու Նաաղօլը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին։
36 Եւ Ռուբէնին ցեղէն՝ Բոսորը իր արուարձաններովը, Յասսան իր արուարձաններովը,
37 Կադեմօթը իր արուարձաններովը ու Մեփայաթը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին։
38 Եւ Գադին ցեղէն սպաննողին համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Գաղաադին մէջ Ռամովթը իր արուարձաններովը, նաեւ Մանայիմը իր արուարձաններովը,
39 Եսեբոնը իր արուարձաններովը ու Յազերը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին։
40 Ղեւտացիներուն ազգատոհմերէն մնացած Մերարիին որդիներուն բոլոր քաղաքները իրենց տոհմերուն համեմատ իրենց վիճակովը տասներկու քաղաք եղան։
41 Իսրայէլի որդիներուն կալուածներուն մէջ Ղեւտացիներուն բոլոր քաղաքները քառասունըութը քաղաք էին ու անոնց արուարձանները։
42 Այս քաղաքներուն ամէն մէկը իր բոլորտիքը արուարձաններ ունէր. այս քաղաքներուն ամէնքն ալ այնպէս էին։
43 Եւ Տէրը Իսրայէլին տուաւ այն բոլոր երկիրը, որ անոնց հայրերուն տալու երդում ըրեր էր եւ զանիկա ժառանգեցին ու անոր մէջ բնակեցան։
44 Եւ Տէրը զանոնք ամէն կողմէն հանգստացուց, ինչպէս անոնց հայրերուն երդում ըրեր էր ու անոնց բոլոր թշնամիներէն բնաւ մէկը չկրցաւ անոնց դէմ դնել. քանզի Տէրը անոնց բոլոր թշնամիները անոնց ձեռքը տուաւ։
45 Եւ Տէրը Իսրայէլի տանը համար որչափ բարի խօսքեր որ խօսեր էր, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. ամէնքն ալ կատարուեցան։