ՅԵՍՈՒԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24


Գլուխ 2

Նաւէի որդին Յեսու Սատիմէն երկու մարդ ղրկեց՝ ծածկաբար երկիրը լրտեսելու համար ու անոնց ըսաւ. «Գացէ՛ք այն երկիրը ու Երիքովը քննեցէք»։ Անոնք գացին ու Ռախաբ անունով պոռնիկ կնոջ մը տունը մտան եւ հոն մնացին։
2 Այն ատեն Երիքովի թագաւորին լուր տրուեցաւ՝ ըսելով. «Ահա այս գիշեր երկիրը լրտեսելու համար Իսրայէլի որդիներէն մարդիկ եկեր են հոս»։
3 Երիքովի թագաւորը Ռախաբին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Քեզի եկող ու տունդ մտնող մարդիկը դուրս հանէ՛. քանզի անոնք այս բոլոր երկիրը լրտեսելու եկեր են»։
4 Կինը այն երկու մարդը առաւ պահեց ու ըսաւ. «Իրաւ այն մարդիկը ինծի եկան, բայց ուրկէ ըլլալնին չգիտցայ
5 Ու դռներուն գոցուելու ատենը, մութին, այն մարդիկը դուրս ելան։ Անոնց ուր երթալը չեմ գիտեր։ Շուտով անոնց ետեւէն գացէք, որպէս զի անոնց հասնիք»։
6 Իսկ ինք տանիքը հանելով զանոնք, պահեր էր վուշի ցօղուններու մէջ, որոնք տանիքին վրայ դիզուած էին։
7 Ուստի թագաւորին մարդիկը մինչեւ Յորդանանի անցքերը անոնց ետեւէն գացին։ Լրտեսներուն ետեւէն գացողներուն դուրս ելլելէն ետքը՝ դուռը գոցեցին։
8 Լրտեսները դեռ չէին քնացած, երբ կինը տանիք ելաւ անոնց քով
9 Եւ ըսաւ. «Ես գիտեմ որ Տէրը այս երկիրը ձեզի տուաւ ու ձեր վախը մեր վրայ ինկաւ եւ ձեր պատճառով այս երկրին բնակիչները հալեցան։
10 Քանզի մենք լսեցինք թէ ի՛նչպէս Տէրը ձեր Եգիպտոսէն ելած ատենը Կարմիր ծովուն ջուրերը ձեր առջեւէն ցամքեցուց. նաեւ ինչ որ դուք ըրիք Յորդանանի անդիի կողմը բնակող Ամօրհացիներու երկու թագաւորներուն՝ Սեհոնին ու Ովգին՝ որոնք բնաջինջ ըրիք։
11 Ուստի այս բաները լսածնուս պէս սրտերնիս հալեցաւ ու ձեր երեսէն վախնալով մէկո՛ւն վրայ համարձակութիւն չմնաց. քանզի ձեր Եհովա Աստուածը՝ վերը երկնքին մէջ ու վարը երկրի վրայ՝ միայն ինքն է Աստուած։
12 Հիմա կ’աղաչեմ, Տէրոջմով երդում ըրէք ինծի, որ ես ձեզի ողորմութիւն ընելուս համար, դուք ալ իմ հօրս տանը ողորմութիւն պիտի ընէք եւ ինծի վստահելի նշան մը տուէք,
13 Որ իմ հայրս, մայրս, եղբայրներս, քոյրերս ու բոլոր իրենց պատկանողները ողջ պիտի թողուք եւ մեր անձը մահուանէ պիտի ազատէք»։
14 Լրտեսները անոր ըսին. «Եթէ այս մեր բանը չյայտնէք, ձեր տեղը մեր անձերը մեռնին։ Երբ Տէրը այս երկիրը մեզի տայ, քեզի ողորմութիւն ու հաւատարմութիւն պիտի ընենք»։
15 Այն ատեն զանոնք պարանով մը պատուհանէն վար իջեցուց. (քանզի իր տունը բերդին պարսպին վրայ էր ու ինք պարսպին վրայ կը բնակէր.)
16 Եւ անոնց ըսաւ. «Լեռը գացէ՛ք, չըլլայ որ հալածողները ձեզի հանդիպին ու հոն երեք օր պահուեցէ՛ք, մինչեւ որ հալածողները ետ դառնան, անկէ յետոյ ձեր ճամբան գացէ՛ք»։
17 Լրտեսները անոր ըսին. «Ահա մենք այդ մեզի ընել տուած երդումէդ այս կերպով անպարտ ըլլանք.
18 Երբ մենք այս երկիրը մտնենք, այս կարմիր պարանը այն պատուհանին վրայ կապէ, ուրկէ մեզ իջեցուցիր եւ քու հայրդ, մայրդ, եղբայրներդ ու քու հօրդ բոլոր տունը քու քովդ այս տանը մէջ հաւաքէ ու մենք քեզի հետ ողորմութեամբ եւ հաւատարմութեամբ պիտի վարուինք։
19 Բայց անոնցմէ ով որ քու տանդ դռնէն դուրս ելլէ, անոր արիւնը իր գլխուն վրայ ըլլայ. մենք անպարտ պիտի ըլլանք. բայց քու քովդ այս տանը մէջ բոլոր եղողներուն եթէ ձեռք մը դպչի, անոնց արիւնը մեր գլխուն վրայ ըլլայ։
20 Եւ եթէ այս մեր բանը մէկուն յայտնես, այն ատեն քու մեզի ընել տուած երդումէդ անպարտ պիտի ըլլանք»։
21 Կինը ըսաւ. «Ձեր խօսքերուն պէս թող ըլլայ»։ Թողուց զանոնք ու անոնք գացին։ Այն կարմիր պարանը պատուհանին վրայ կապեց։
22 Եւ անոնք անկէ լեռնակողմը գացին ու հոն երեք օր նստան, մինչեւ որ հալածողները ետ դարձան։ Հալածողները զանոնք ամէն ճամբու մէջ փնտռեցին, բայց չգտան։
23 Այն ատեն այն երկու մարդիկը ետ դառնալով՝ լեռնէն վար իջան եւ անցնելով՝ Նաւէի որդիին Յեսուին գացին ու իրենց պատահած բոլոր բաները անոր պատմեցին։
24 Եւ ըսին. «Իրաւցընէ Տէրը այն բոլոր երկիրը մեր ձեռքը տուաւ ու այն երկրին բոլոր բնակիչները մեր երեսէն հալեցան»։