ՄԱՏԹԷՈՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28


Գլուխ 8

Երբ լեռնէն վար իջաւ, շատեր գացին անոր ետեւէն։
2 Ահա բորոտ մը եկաւ, երկրպագութիւն կ’ընէր անոր ու կ’ըսէր. «Տէ՛ր, եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»։
3 Յիսուս իր ձեռքը երկնցնելով դպաւ անոր ու ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ»։ Շուտ մը անոր բորոտութիւնը մաքրուեցաւ։
4 Յիսուս ըսաւ անոր. «Զգոյշ կեցիր, մարդո՛ւ չըսես, հապա գնա, քեզ քահանային ցուցուր եւ Մովսէսին պատուիրած ընծան տուր, անոնց վկայութիւն ըլլալու համար»։
5 Երբ Կափառնայում մտաւ, հարիւրապետ մը եկաւ քովը, կ’աղաչէր անոր,
6 Ու կ’ըսէր. «Տէ՛ր, ծառաս տունը անդամալոյծ պառկած չարաչար կը տանջուի»։
7 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես կու գամ ու զանիկա կը բժշկեմ»։
8 Հարիւրապետը պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Տէ՛ր, ես արժանի չեմ որ դուն իմ յարկիս տակ մտնես. միայն խօսքով հրամայէ ու իմ ծառաս պիտի բժշկուի։
9 Վասն զի ես ալ իշխանութեան տակ մարդ եմ ու իմ հրամանիս տակ զինուորներ ունիմ։ Ասոր կ’ըսեմ՝ ‘Գնա՛’, ու կ’երթայ. եւ միւսին՝ թէ ‘Եկո՛ւր’, ու կու գայ եւ ծառայիս՝ թէ ‘Այս բանը ըրէ’, ու կ’ընէ»։
10 Յիսուս երբ լսեց, զարմացաւ եւ իր ետեւէն գացողներուն ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Իսրայէլի մէջ անգամ ես այսչափ հաւատք չգտայ։
11 Ձեզի կ’ըսեմ թէ արեւելքէն ու արեւմուտքէն շատեր պիտի գան ու երկնքի թագաւորութեանը մէջ պիտի բազմին Աբրահամին ու Իսահակին եւ Յակոբին հետ.
12 Իսկ թագաւորութեանը որդիները դուրսի խաւարը պիտի հանուին. հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել»
13 Յիսուս հարիւրապետին ըսաւ. «Գնա ու ինչպէս դուն հաւատացիր, այնպէս թող ըլլայ քեզի»։ Նոյն ժամուն անոր ծառան բժշկուեցաւ։
14 Յիսուս Պետրոսի տունը գալով, տեսաւ որ անոր զոքանչը ջերմէն բռնուած՝ պառկած էր։
15 Անոր ձեռքէն բռնեց ու ջերմը թող տուաւ զանիկա։ Ան ալ ոտքի ելաւ եւ անոնց սպասաւորութիւն կ’ընէր։
16 Երբ իրիկուն եղաւ, շատ դիւահարներ բերին անոր։ Խօսքով հանեց չար ոգիները եւ բոլոր հիւանդները բժշկեց.
17 Որպէս զի Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը կատարուի. «Անիկա մեր հիւանդութիւնները վերցուց եւ մեր ցաւերը կրեց»։
18 Յիսուս իր բոլորտիքը շատ ժողովուրդ տեսնելով, հրաման ըրաւ որ միւս կողմը երթան։
19 Դպիր մը մօտենալով՝ ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, ես քու ետեւէդ պիտի գամ ուր որ երթաս»։
20 Յիսուս ըսաւ անոր. «Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ»։
21 Ուրիշ մը, որ անոր աշակերտներէն էր, ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ինծի հրաման տուր, որ երթամ առաջ իմ հայրս թաղեմ»։
22 Յիսուս ըսաւ անոր. «Եկուր իմ ետեւէս ու թող տուր մեռելներուն, որ թաղեն իրենց մեռելները»։
23 Երբ նաւը մտաւ, իր աշակերտները իր ետեւէն գացին։
24 Ահա մեծ ալեկոծութիւն մը եղաւ ծովուն մէջ, այնպէս որ նաւը ալիքներէն կը ծածկուէր. իսկ ինք կը քնանար։
25 Աշակերտները իր մօտ գացին, արթնցուցին զանիկա ու ըսին. «Տէ՛ր, ազատէ մեզ, ահա կը կորսուինք»։
26 Ան ըսաւ անոնց. «Թերա՛հաւատներ, ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք»։ Ելաւ հովերուն ու ծովուն սաստեց եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ։
27 Ու մարդիկ զարմացան եւ կ’ըսէին. «Ի՜նչպիսի մարդ է աս որ հովերն ու ծովը իրեն կը հնազանդին»։
28 Երբ միւս կողմը Գերգեսացիներուն երկիրը անցաւ, երկու դիւահարներ պատահեցան իրեն գերեզմաններէն ելած՝ սաստիկ կատղած, այնպէս որ անհնար էր որ մարդ այդ ճամբայէն անցնէր։
29 Ահա աղաղակեցին ու ըսին. «Յիսո՛ւս, Որդի Աստուծոյ, դուն մեզի հետ ի՞նչ բան ունիս, ատենէն առաջ մեզ տանջելո՞ւ համար հոս եկար»։
30 Անոնցմէ հեռու շատ խոզերու երամակ մը կար, որոնք կ’արածէին։
31 Դեւերը կ’աղաչէին իրեն ու կ’ըսէին. ‘Եթէ մեզ հանես, հրաման տուր մեզի որ երթանք խոզերուն երամակին մէջ մտնենք’։
32 Ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք»։ Անոնք ելան գացին խոզերուն երամակին մէջ մտան եւ ահա բոլոր երամակը գահավէժ տեղէն ծովը վազեցին ու ջուրերու մէջ մեռան։
33 Խոզարածներն ալ փախան եւ քաղաքը երթալով պատմեցին դիւահարներուն պատահած բաները։
34 Ուստի բոլոր քաղաքը Յիսուսի դէմը ելաւ ու երբ տեսան զանիկա, աղաչեցին որ իրենց սահմաններէն երթայ։