ՄԱՏԹԷՈՍ
Գլուխ 3
Այն օրերը Յովհաննէս Մկրտիչ եկաւ ու Հրէաստանի անապատին մէջ կը քարոզէր,
2 Ու կ’ըսէր. «Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»։
3 Ասիկա ան է՝ որուն համար Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուեցաւ, որ կ’ըսէ. «Անապատին մէջ կանչողին ձայնը, Տէրոջը ճամբան պատրաստեցէք, անոր շաւիղները շտկեցէք»։
4 Յովհաննէսին հանդերձը ուղտի մազէ էր ու իր մէջքը կաշիէ գօտի ունէր եւ իր կերակուրը մարախ ու վայրենի մեղր էր։
5 Այն ատեն Երուսաղէմ եւ բոլոր Հրէաստան ու Յորդանանի բոլոր կողմերէն իրեն կու գային
6 Եւ կը մկրտուէին իրմէ Յորդանանի մէջ ու իրենց մեղքերը կը խոստովանէին։
7 Երբ տեսաւ փարիսեցիներէն ու սադուկեցիներէն շատեր, որ իր մկրտութեանը եկած էին, ըսաւ. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ իմացուց ձեզի գալու բարկութենէն փախչիլ։
8 Ուրեմն ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղ բերէք.
9 Եւ մի՛ խորհիք դուք ձեր ներսիդին, թէ ‘Մենք մեզի հայր՝ Աբրահամը ունինք’. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ Աստուած կարող է այս քարերէն Աբրահամի որդիներ հանել։
10 Ալ հիմա կացինը ծառերուն արմատին քով կը դրուի. ուստի ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի բերեր, կը կտրուի ու կրակը կը ձգուի։
11 Ես ձեզ ջրով կը մկրտեմ ապաշխարութեան համար, բայց իմ ետեւէս եկողը ինծմէ զօրաւոր է։ Ես անոր կօշիկները կրելու արժանի չեմ։ Անիկա ձեզ պիտի մկրտէ Սուրբ Հոգիով ու կրակով.
12 Որուն հեծանոցը իր ձեռքն է եւ իր կալը պիտի մաքրէ ու իր ցորենը ամբարը պիտի ժողվէ եւ յարդը պիտի այրէ չմարող կրակով»։
13 Այն ատեն Յիսուս Գալիլիայէն Յորդանան եկաւ Յովհաննէսին, որպէս զի անկէ մկրտուի։
14 Յովհաննէս կ’արգիլէր զանիկա ու կ’ըսէր. «Ինծի պէտք է որ քեզմէ մկրտուիմ ու դուն ինծի՞ կու գաս»։
15 Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Թող տուր հիմա, վասն զի այսպէս կը վայելէ մեզի, որ բոլոր արդարութիւնը կատարենք»։ Ետքը թող տուաւ անոր։
16 Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, շուտ մը ջուրէն դուրս ելաւ եւ ահա երկինքը բացուեցաւ ու տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ’իջնէր ու կու գար իր վրայ։
17 Եւ ահա երկնքէն ձայն մը եկաւ որ կ’ըսէր. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։