ՄԱՏԹԷՈՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28


Գլուխ 23

Այն ատեն Յիսուս խօսեցաւ ժողովուրդներուն եւ իր աշակերտներուն ու ըսաւ.
2 «Մովսէսին աթոռը դպիրները եւ փարիսեցիները նստած են։
3 Ուրեմն ինչ որ ձեզի ըսեն որ պահէք, պահեցէք ու ըրէք, բայց անոնց գործերուն պէս մի՛ ընէք, վասն զի կ’ըսեն ու չեն ըներ։
4 Քանզի ծանր ու տանելու դժուար բեռներ կը կապեն ու կը դնեն մարդոց ուսերուն վրայ եւ իրենց մատովը չեն ուզեր զանոնք շարժել։
5 Իրենց բոլոր գործերը մարդոց երեւնալու համար կ’ընեն. կը լայնցնեն իրենց գրապանակները ու կ’երկնցնեն իրենց հանդերձներուն քղանցքները.
6 Ընթրիքներու մէջ առաջին բազմոցները կը սիրեն եւ ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները ու շուկաներուն մէջ բարեւները։
7 Եւ մարդոցմէ Ռաբբի, Ռաբբի կոչուիլ։
8 Բայց դուք Ռաբբի մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։
9 Դուք ամէնքդ եղբայր էք։ Ու երկրի վրայ մա՛րդ ձեզի Հայր մի կոչէք, վասն զի ձեր Հայրը մէկ է, որ երկինքն է։
10 Եւ դուք ուսուցիչներ մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։
11 Եւ ձեր մէջէն մեծը ձեր սպասաւորը թող ըլլայ։
12 Ով որ իր անձը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»։
13 «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ երկնքի թագաւորութիւնը մարդոց առջեւ կը գոցէք ու դուք չէք մտներ եւ մտնողներն ալ չէք թողուր որ մտնեն։
14 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ որ որբեւարիներուն տուները կ’ուտէք ու մարդոց երեւնալու համար աղօթքը կ’երկնցնէք. անոր համար աւելի դատապարտութիւն պիտի ընդունիք։
15 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ ծով ու ցամաք կը պտըտիք մէկը նորահաւատ ընելու ու երբ ըլլայ, զանիկա ձեզմէ երկու անգամ աւելի գեհենի որդի կ’ընէք։
16 Վա՜յ ձեզի կո՛յր առաջնորդներ, որ կ’ըսէք թէ ‘Ով որ տաճարին վրայ երդում ընէ, բան մը չէ, բայց ով որ տաճարին մէջի ոսկիին վրայ երդում ընէ, պարտաւոր կ’ըլլայ’։
17 Ո՛վ յիմարներ ու կոյրեր, ո՞րը մեծ է, ոսկի՞ն թէ տաճարը որ կը սրբացնէ ոսկին։
18 Եւ թէ ‘Ով որ սեղանին վրայ երդում ընէ, բան մը չէ, բայց ով որ սեղանին վրայի պատարագին վրայ երդում ընէ, պարտաւոր կ’ըլլայ’։
19 Յիմարնե՛ր ու կոյրեր, ո՞րը մեծ է, պատարա՞գը թէ սեղանը որ կը սրբացնէ պատարագը։
20 Ուստի ով որ սեղանին վրայ երդում ընէ, երդում կ’ընէ անոր վրայ եւ անոր վրայի ամէն բաներուն վրայ
21 Եւ ով որ տաճարին վրայ երդում ընէ, երդում կ’ընէ անոր վրայ եւ անոր մէջ բնակողին վրայ
22 Եւ ով որ երկնքի վրայ երդում ընէ, երդում կ’ընէ Աստուծոյ աթոռին վրայ եւ անոր վրայ նստողին վրայ։
23 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ անանուխին ու սամիթին եւ չամանին տասանորդը կը վճարէք ու կը ձգէք օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը. ասոնք պէտք է ընէիք եւ զանոնք չձգէիք։
24 Կո՛յր առաջնորդներ, որ մժղուկը կը քամէք եւ ո՛ւղտը կը կլլէք։
25 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ գաւաթին ու պնակին դուրսի կողմը կը մաքրէք, բայց ներսէն յափշտակութեամբ եւ անիրաւութեամբ լեցուն են։
26 Կո՛յր փարիսեցի, առաջ գաւաթին ու պնակին ներսի կողմը մաքրէ, որպէս զի անոնց դուրսի կողմն ալ մաքուր ըլլայ։
27 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ կը նմանիք ծեփած գերեզմաններու, որոնք դուրսէն գեղեցիկ կ’երեւնան, բայց ներսէն մեռելներու ոսկորներով եւ ամէն կերպ պղծութիւնով լեցուն են։
28 Նոյնպէս դուք դուրսէն մարդոց արդար կ’երեւնաք ու ներսէն կեղծաւորութեամբ եւ անօրէնութեամբ լեցուն էք։
29 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ մարգարէներուն տապանները կը շինէք եւ արդարներուն գերեզմանները կը զարդարէք,
30 Ու կ’ըսէք. ‘Եթէ մեր հայրերուն օրերը ըլլայինք, անոնց հետ մարգարէներուն արեանը մասնակից չէինք ըլլար’։
31 Ուրեմն դուք ձեզի համար կը վկայէք թէ անոնց զաւակներն էք՝ որոնք մարգարէները կը սպաննէին։
32 Ուստի դուք ալ ձեր հայրերուն չափը լեցուցէք։
33 Օձե՛ր, իժե՛րու ծնունդներ, ի՞նչպէս պիտի փախչիք գեհենին դատապարտութենէն։
34 Ատոր համար ահա ես կը ղրկեմ ձեզի մարգարէներ եւ իմաստուններ ու դպիրներ։ Անոնցմէ մէկ քանիները պիտի սպաննէք ու խաչը հանէք, մէկ քանիները ձեր ժողովարաններուն մէջ պիտի ծեծէք ու քաղաքէ քաղաք հալածէք։
35 Որպէս զի երկրի վրայ թափուած բոլոր արդար արիւնը ձեր վրայ գայ, արդար Աբէլի արիւնէն մինչեւ Բարաքիայի որդիին Զաքարիային արիւնը, որ տաճարին եւ սեղանին միջեւ սպաննեցիք։
36 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, այս ամէն բաները պիտի գան այս ազգին վրայ»։
37 «Ո՛վ Երուսաղէմ, Երուսաղէմ, որ մարգարէները կը սպաննէիր ու քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք։
38 Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ։
39 Վասն զի ձեզի կ’ըսեմ թէ ա՛լ ասկէ յետոյ պիտի չտեսնէք զիս, մինչեւ ըսէք. ‘Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ’»։