ՄԱՏԹԷՈՍ
Գլուխ 27
Առտուն, բոլոր քահանայապետներն ու ժողովուրդին ծերերը Յիսուսի դէմ խորհուրդ ըրին որ զանիկա մեռցնեն։
2 Կապելով զանիկա տարին Պոնտացի Պիղատոս կուսակալին ձեռքը տուին։
3 Այն ատեն Յուդա, որ զանիկա մատնեց, տեսնելով որ դատապարտուեցաւ, զղջաց ու երեսուն արծաթը ետ դարձուց քահանայապետներուն եւ ծերերուն
4 Ու ըսաւ. «Մեղա՜յ, անմեղ արիւն մատնեցի»։ Անոնք ըսին. «Մեզի ի՞նչ, դուն նայէ»։
5 Դրամը գանձանակին մէջ ձգեց ու դուրս ելաւ եւ գնաց ինքզինքը խեղդեց։
6 Քահանայապետներն ալ արծաթը առնելով՝ ըսին. «Արժան չէ ատիկա կորբանին մէջ՝ ՝ դնել, վասն զի արեան գին է»։
7 Ուստի խորհուրդ ըրին եւ անով բրուտին արտը ծախու առին՝ օտարներու գերեզմանատուն ըլլալու համար։
8 Այս պատճառաւ այն արտը «Արեան արտ» կոչուեցաւ մինչեւ այսօր։
9 Այն ատեն կատարուեցաւ Երեմիա մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. «Եւ առին երեսուն արծաթը, գին կտրուածին գինը, որ Իսրայէլի որդիներէն ոմանք գին կտրեցին,
10 Ու տուին զանիկա բրուտին արտին, ինչպէս ինծի հրաման ըրաւ Տէրը»։
11 Յիսուս կուսակալին առջեւ կայնեցաւ. եւ կուսակալը հարցուց անոր ու ըսաւ. «Հրէից թագաւորը դո՞ւն ես»։ Եւ Յիսուս ըսաւ անոր. «Դուն կ’ըսես»։
12 Բայց քահանայապետներէն եւ ծերերէն ամբաստանուած ատենը բնաւ պատասխան մը չտուաւ։
13 Այն ատեն Պիղատոս ըսաւ անոր. «Չե՞ս լսեր թէ ո՛րչափ քեզի դէմ կը վկայեն ատոնք»։
14 Անոր ալ պատասխան չտուաւ, այնպէս որ շատ զարմացաւ կուսակալը։
15 Բայց կուսակալը սովորութիւն ունէր տօնին ատենը կապուած մը արձակելու ժողովուրդին, ով որ ուզէին։
16 Այն ատեն Բարաբբա անունով երեւելի բանտարկեալ մը ունէին։
17 Երբ ժողվուեցան, ըսաւ անոնց Պիղատոս. «Ո՞րը կ’ուզէք որ ձեզի արձակեմ. Բարաբբա՞ն, թէ Յիսուսը՝ որ Քրիստոս կ’ըսուի».
18 Քանզի գիտէր թէ նախանձի համար մատնեցին զանիկա։
19 Երբ անիկա ատեանը նստեր էր, անոր կինը մէկը ղրկեց անոր ու ըսաւ. «Դուն այն արդարին հետ գործ մի ունենար, վասն զի այսօր երազիս մէջ շատ դիպուածներ անցան գլխէս անոր համար»։
20 Քահանայապետները եւ ծերերը ժողովուրդը համոզեցին որ Բարաբբան խնդրեն ու Յիսուսը կորսնցնեն։
21 Կուսակալը կրկին խօսեցաւ ու ըսաւ անոնց. «Այս երկուքէն ո՞րը կ’ուզէք, որ ձեզի արձակեմ»։
22 Անոնք ըսին. «Բարաբբան»։ Ըսաւ անոնց Պիղատոս. «Հապա ի՞նչ ընեմ Յիսուսը, որ Քրիստոս կ’ըսուի»։
23 Ամէնքն ալ ըսին անոր. «Թող խաչուի»։ Եւ կուսակալը ըսաւ. «Բայց ի՞նչ չար գործ ըրաւ»։ Անոնք ա՛լ աւելի կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Թող խաչուի»։
24 Պիղատոս տեսնելով որ օգուտ մը չունի, հապա ա՛լ աւելի խռովութիւն կ’ըլլայ, ջուր առաւ, ձեռքերը լուաց ժողովուրդին առջեւ ու ըսաւ. «Ես այդ արդարին արիւնէն անպարտ եմ. դո՛ւք մտածեցէք»։
25 Բոլոր ժողովուրդը պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Ատոր արիւնը մեր վրայ ու մեր որդիներուն վրայ ըլլայ»։
26 Ստիպուած՝ Բարաբբան արձակեց անոնց եւ Յիսուսը ծեծելով անոնց ձեռքը տուաւ, որպէս զի խաչուի։
27 Այն ատեն կուսակալին զինուորները պալատէն ներս առին Յիսուսը ու բոլոր զինուորներուն գունդը անոր վրայ ժողվեցին.
28 Զանիկա մերկացնելով կարմիր վերարկու մը հագցուցին անոր,
29 Ու փուշերէ պսակ մը հիւսելով՝ անոր գլուխը դրին ու եղէգ մը անոր աջ ձեռքը եւ անոր առջեւ ծունկի վրայ գալով կը ծաղրէին զանիկա ու կ’ըսէին. «Ողջո՜յն քեզ, Հրէից թագաւոր»։
30 Եւ թքնելով անոր վրայ՝ եղէգը կ’առնէին ու անոր գլխուն կը զարնէին։
31 Շարունակեցին ծաղրել զանիկա, վերարկուն վրայէն հանեցին ու իր հանդերձները հագցուցին անոր եւ տարին զանիկա խաչը հանելու։
32 Դուրս ելլելով, Կիւրենացի մարդ մը գտան Սիմոն անունով, զանիկա պահակ բռնեցին որպէս զի անոր խաչը վերցնէ։
33 Եկան Գողգոթա ըսուած տեղը, որ է գանկի տեղ։
34 Լեղիով խառնուած քացախ տուին անոր, որպէս զի խմէ։ Երբ համը առաւ, խմել չուզեց։
35 Զանիկա խաչը հանեցին եւ անոր հանդերձները վիճակով բաժնեցին. [որպէս զի մարգարէէն ըսուածը կատարուի, «Իմ հանդերձներս իրենց մէջ բաժնեցին եւ իմ պատմուճանիս վրայ վիճակ ձգեցին»]։
36 Անոնք նստեր զանիկա կը պահէին։
37 Անոր գլխուն վրայ իր յանցանքը գրուած դրին, թէ ‘Ասիկա է Յիսուս, Հրէից թագաւորը’։
38 Այն ատեն անոր հետ երկու աւազակ խաչուեցան, մէկը անոր աջ կողմը ու մէկը ձախ կողմը։
39 Անոնք որ կ’անցնէին՝ կը հայհոյէին անոր, գլուխնին կը շարժէին,
40 Ու կ’ըսէին. «Դուն որ տաճարը կը քակէիր եւ երեք օրուան մէջ կը շինէիր, ինքզինքդ ազատէ։ Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, իջիր այդ խաչէն»։
41 Նոյնպէս ալ քահանայապետները դպիրներուն ու ծերերուն հետ ծաղրելով՝ կ’ըսէին.
42 «Ուրիշները ազատեց, ինքզինք չի կրնար ազատել։ Եթէ Իսրայէլի թագաւոր է, թող հիմա իջնէ խաչէն եւ իրեն հաւատանք։
43 Աստուծոյ յուսացեր է, հիմա թող փրկէ ատիկա՝ եթէ կ’ուզէ։ Վասն զի ըսաւ, թէ ‘Ես Որդի Աստուծոյ եմ’»։
44 Իրեն հետ խաչուած աւազակներն ալ նոյնպէս կը նախատէին զանիկա։
45 Վեցերորդ ժամէն մինչեւ իններորդ ժամը բոլոր երկրին վրայ խաւար եղաւ։
46 Ժամը իննին ատենները Յիսուս մեծ ձայնով աղաղակեց ու ըսաւ. «Էլի՜, Էլի՜, լա՞մա սաբաքթանի». որ ըսել է՝ «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր».
47 Անոնցմէ ոմանք որ հոն կայներ էին, երբ լսեցին՝ ըսին. «Ատիկա Եղիան կը կանչէ»։
48 Շուտ մը անոնցմէ մէկը վազեց սպունգ մը առաւ՝ քացախով լեցուց ու եղէգի մը անցընելով տուաւ անոր որպէս զի խմէ։
49 Միւսները ըսին. «Թո՛ղ տուր, տեսնենք թէ Եղիան պիտի գա՞յ ատիկա ազատելու»։
50 Յիսուս դարձեալ մեծ ձայնով աղաղակեց ու հոգին աւանդեց։
51 Ահա տաճարին վարագոյրը վերէն վար երկուքի ճեղքուեցաւ, երկիր շարժեցաւ, քարերը պատռեցան,
52 Գերեզմանները բացուեցան ու շատ մը սուրբ ննջեցեալներու մարմիններ յարութիւն առին։
53 Եւ գերեզմաններէն ելան անոր յարութենէն յետոյ, մտան սուրբ քաղաքը ու շատերու երեւցան։
54 Բայց հարիւրապետը եւ անոր հետ Յիսուսը պահողները, երբ տեսան երկրաշարժը ու եղած բաները, շատ վախցան ու ըսին. «Արդարեւ ասիկա Որդի Աստուծոյ էր»։
55 Հոն շատ կիներ կային, որոնք հեռուէն կը նայէին, որոնք Գալիլիայէն Յիսուսին ետեւէն եկան իրեն ծառայութիւն ընելու։
56 Անոնց մէջ էին Մարիամ Մագդաղենացին եւ Յակոբոսին ու Յովսէսին մայրը Մարիամը եւ Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը։
57 Երբ իրիկուն եղաւ, Արիմաթիայէն հարուստ մարդ մը եկաւ, որուն անունը Յովսէփ էր, որ ինքն ալ Յիսուսի աշակերտ էր։
58 Ասիկա Պիղատոսին քով երթալով՝ Յիսուսին մարմինը խնդրեց. այն ատեն Պիղատոս հրաման ըրաւ որ մարմինը տրուի։
59 Յովսէփ մարմինը առաւ, մաքուր կտաւով փաթթեց,
60 Ու դրաւ իր նոր գերեզմանին մէջ՝ որ քարէ փորուած էր եւ գերեզմանին դուռը մեծ քար մը գլորելով՝ գնաց։
61 Հոն Մարիամ Մագդաղենացին եւ միւս Մարիամը՝ գերեզմանին դիմաց նստած էին։
62 Հետեւեալ օրը, որ ուրբաթէն յետոյ էր, քահանայապետներն ու փարիսեցիները ժողվուեցան Պիղատոսին քով
63 Ու ըսին. «Տէ՛ր, կը յիշենք թէ այն մոլորեցուցիչը իր կենդանութեան ատեն կ’ըսէր թէ՝ ‘Երեք օրէն յետոյ յարութիւն պիտի առնեմ’,
64 Ուստի հրաման ըրէ, որ մինչեւ երրորդ օրը գերեզմանին զգուշութիւն ընեն։ Չըլլայ թէ իր աշակերտները գիշերով գան զանիկա գողնան եւ ժողովուրդին ըսեն թէ՝ ‘Մեռելներէն յարութիւն առաւ’. ու ետքի մոլորութիւնը առաջինէն գէշ ըլլայ»։
65 Պիղատոս անոնց ըսաւ. «Դուք ունիք պահապան զինուորներ. գացէ՛ք, զգուշութիւն ըրէք, ինչպէս որ կ’ուզէք»։
66 Անոնք ալ գացին գերեզմանին զգուշութիւն ըրին, քարը կնքելով ու պահապան զինուորներ դնելով։