ՄԱՏԹԷՈՍ
Գլուխ 22
Դարձեալ Յիսուս առակներով ըսաւ անոնց.
2 «Երկնքի թագաւորութիւնը թագաւոր մարդու մը կը նմանի, որ իր որդիին հարսանիք ըրաւ եւ իր ծառաները ղրկեց կանչելու իր որդիին հարսանիքին հրաւիրուածները։
3 Անոնք չուզեցին գալ։
4 Նորէն ուրիշ ծառաներ ղրկեց ու ըսաւ. «Ըսէք հրաւիրուածներուն, ‘Ահա իմ ճաշս պատրաստեցի, զուարակներս ու գէր կենդանիներս մորթուած են եւ ամէն բան պատրաստ է. հարսանիքի եկէք’»։
5 Բայց անոնք անհոգութիւն ընելով չեկան։ Մէկը իր արտը ու միւսը իր առուտուրին գնաց։
6 Ուրիշներ անոր ծառաները բռնեցին, նախատեցին ու սպաննեցին։
7 Թագաւորն ալ երբ լսեց՝ բարկացաւ եւ իր զօրքերը ղրկեց ու այն սպաննողները սատկեցուց ու անոնց քաղաքը այրեց։
8 Այն ատեն իր ծառաներուն ըսաւ. «Հարսանիքը պատրաստ է, բայց հրաւիրուածները արժանի չէին։
9 Ուստի գացէք ճամբաներուն գլուխները եւ ո՛վ որ գտնելու ըլլաք, հարսանիքի հրաւիրեցէք»։
10 Այն ծառաները ելան ճամբաներուն վրայ ու ո՛վ որ գտան, թէ՛ չար եւ թէ բարի, ամէնքն ալ ժողվեցին ու հարսնետունը հրաւիրուածներով լեցուեցաւ։
11 Թագաւորը երբ մտաւ հարսնեւորները տեսնելու, մարդ մը տեսաւ, որ հարսանիքի հանդերձ հագած չէր,
12 Ըսաւ անոր. «Ընկե՛ր, ինչո՞ւ համար հոս մտար առանց հարսանիքի հանդերձի»։ Անիկա պապանձեցաւ։
13 Այն ատեն թագաւորը սպասաւորներուն ըսաւ. «Կապեցէ՛ք ասոր ոտքերն ու ձեռքերը, հանեցէ՛ք զանիկա դուրսի խաւարը, հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել։
14 Վասն զի կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները քիչ»։
15 Այն ատեն փարիսեցիները խորհուրդ ըրին որպէս զի որոգայթ մը լարեն խօսքով։
16 Իրենց աշակերտները՝ Հերովդէսեաններու հետ մէկտեղ ղրկեցին անոր ու ըսին. «Վա՛րդապետ, գիտենք թէ ճշմարտախօս ես եւ ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես ու մարդո՛ւ համար հոգդ չէ, քանզի մարդոց երեսպաշտութիւն չես ըներ,
17 Ուստի մեզի ըսէ. Քեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, Պէ՞տք է կայսրին տուրք տալ թէ ոչ»։
18 Յիսուս գիտնալով անոնց խորամանկութիւնը՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք, կե՛ղծաւորներ,
19 Ցուցուցէք ինծի տուրքին դրամը»։ Անոնք դահեկան մը բերին իրեն։
20 Հարցուց անոնց. «Որո՞ւնն են այս պատկերն ու գիրը»։
21 Ըսին անոր. «Կայսրին»։ Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։
22 Երբ լսեցին՝ զարմացան եւ թողուցին զանիկա ու գացին։
23 Նոյն օրը անոր քով եկան սադուկեցիներ, որոնք կ’ըսեն թէ յարութիւն չկայ եւ հարցուցին՝
24 Ըսելով. «Վա՛րդապետ, Մովսէս ըսաւ. ‘Եթէ մէկը առանց զաւակի մեռնելու ըլլայ, անոր եղբայրը առնէ անոր կինը եւ իր եղբօրը զաւակ տայ’։
25 Արդ եօթը եղբայրներ կային մեր մէջ։ Առաջինը կին առաւ ու մեռաւ։ Զաւակ չունենալուն համար իր կինը ձգեց իր եղբօրը։
26 Նոյնպէս ալ երկրորդը ու երրորդը՝ մինչեւ եօթներորդը։
27 Ամենէն ետքը կինն ալ մեռաւ։
28 Ուրեմն, յարութեան ատեն այն եօթնէն որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ. վասն զի ամէնքն ալ զանիկա կին ունեցան»։
29 Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Դուք մոլորած էք։ Ո՛չ գրքերը գիտէք եւ ո՛չ Աստուծոյ զօրութիւնը.
30 Քանզի յարութեան ատեն ո՛չ կին կ’առնեն եւ ո՛չ էրկան կը տրուին, հապա երկնքի մէջ Աստուծոյ հրեշտակներուն պէս են։
31 Բայց մեռելներուն յարութիւն առնելուն համար՝ չէ՞ք կարդացեր Աստուծմէ ձեզի ըսուած խօսքը.
32 ‘Ես եմ Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը’։ Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն»։
33 Ժողովուրդը այս լսելով՝ կը զարմանային անոր վարդապետութեանը վրայ։
34 Փարիսեցիները երբ լսեցին թէ անիկա պապանձեցուց սադուկեցիները, մէկտեղ ժողուեցան
35 Եւ անոնցմէ օրինական մը հարցուց, զանիկա փորձելով.
36 «Վա՛րդապետ, ո՞ր պատուիրանքը մեծ է օրէնքին մէջ»։
37 Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։
38 Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը։
39 Ու երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’։
40 Այս երկու պատուիրանքէն կախուած են բոլոր օրէնքը եւ մարգարէները»։
41 Երբ փարիսեցիները ժողվուեցան, Յիսուս հարցուց անոնց ու ըսաւ.
42 «Քրիստոսի վրայով ի՞նչ կարծիք ունիք. անիկա որո՞ւն որդին է»։
43 Ըսին իրեն. «Դաւիթին»։ Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Հապա ի՞նչպէս Դաւիթ Հոգիով զանիկա Տէր կը կոչէ ու կ’ըսէ.
44 ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, Նստէ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։
45 Ուրեմն եթէ Դաւիթ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա անոր որդին կ’ըլլայ»։
46 Եւ մէ՛կը չէր կրնար անոր պատասխանել։ Այն օրէն յետոյ մէ՛կը չէր համարձակեր անոր բան մը հարցնել։