ՄԱՏԹԷՈՍ
Գլուխ 11
Երբ Յիսուս լմնցուց իր տասներկու աշակերտներուն պատուէր տալը, գնաց անոնց քաղաքներուն մէջ քարոզելու եւ սորվեցնելու։
2 Յովհաննէս բանտին մէջ երբ լսեց Քրիստոսի գործերը, իր աշակերտներէն երկուքը ղրկելով՝ հարցուց անոր.
3 «Դուն ա՞ն ես, որ գալու էր, թէ ուրիշի մը սպասենք»։
4 Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Գացէք պատմեցէք Յովհաննէսին ինչ որ կը լսէք ու կը տեսնէք.
5 Կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ’առնեն ու աղքատներուն աւետարան կը քարոզուի։
6 Երանի՜ անոր որ իմ վրայովս չի գայթակղիր»։
7 Երբ անոնք գացին, Յիսուս սկսաւ ժողովուրդին ըսել Յովհաննէսին համար. «Ի՞նչ տեսնելու ելաք անապատին մէջ. եղէ՞գ մը հովէն շարժուած։
8 Հապա ի՞նչ տեսնելու ելաք. փափուկ հանդերձներ հագած մա՞րդ մը. ահա փափուկ հանդերձներ հագնողները թագաւորներուն տուներն են։
9 Հապա ի՞նչ տեսնելու ելաք. մարգարէ՞։ Այո՛, կ’ըսեմ ձեզի, մարգարէէ մըն ալ աւելի։
10 Վասն զի ասիկա է՝ որու համար գրուած է. ‘Ահա ես իմ դեսպանս կը ղրկեմ քու երեսիդ առջեւէն, որ քու ճամբադ պիտի պատրաստէ քու առջեւէդ’։
11 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Կիներէն ծնածներուն մէջ Յովհաննէս Մկրտիչէն մեծը ելած չէ. սակայն երկնքի թագաւորութեանը մէջ ամենէն պզտիկը անկէ մեծ է։
12 Ու Յովհաննէս Մկրտչին օրերէն մինչեւ հիմա երկնքի թագաւորութիւնը ուժով կ’առնուի եւ ուժեղները կը յափշտակեն զանիկա։
13 Վասն զի բոլոր մարգարէները ու օրէնքը մինչեւ Յովհաննէս՝ մարգարէութիւն ըրին։
14 Եթէ կ’ուզէք ընդունիլ, անիկա է Եղիան՝ որ պիտի գար։
15 Ան որ լսելու ականջ ունի, թող լսէ։
16 Բայց որո՞ւ նմանցնեմ այս ազգը։ Կը նմանի տղոց, որոնք շուկաները նստելով՝ իրենց ընկերներուն կը կանչեն,
17 Ու կ’ըսեն. ‘Փող հնչեցուցինք ձեզի ու չխաղացիք, ողբ կարդացինք ձեզի՝ ու կոծ չըրիք’։
18 Վասն զի Յովհաննէս եկաւ, ո՛չ կ’ուտէր եւ ո՛չ կը խմէր, ու կ’ըսէին. ‘Դեւ կայ անոր ներսիդին’։
19 Որդին մարդոյ եկաւ, կ’ուտէ ու կը խմէ եւ կ’ըսեն. ‘Ահա ուտող եւ արբեցող մարդ մը, մաքսաւորներու ու մեղաւորներու բարեկամ’։ Իմաստութիւնը արդարացաւ իր որդիներէն»։
20 Այն ատեն սկսաւ նախատել այն քաղաքները, որոնց մէջ կատարեր էր իր հրաշքներէն շատերը, քանզի չապաշխարեցին.
21 «Վա՜յ քեզի, Քորազին, վա՜յ քեզի Բեթսայիդա, վասն զի եթէ Տիւրոսի ու Սիդոնի մէջ եղած ըլլային այն հրաշքները, որոնք ձեր մէջ եղան, շատոնցմէ քուրձով ու մոխիրով ապաշխարած պիտի ըլլային։
22 Բայց ձեզի կ’ըսեմ, Տիւրոսի եւ Սիդոնի աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը՝ քան թէ ձեզի։
23 Եւ դո՛ւն, Կափառնայում, որ մինչեւ երկինք բարձրացած ես, մինչեւ դժոխք պիտի իջնես, վասն զի եթէ Սոդոմի մէջ եղած ըլլային այն հրաշքները, որոնք քու մէջդ եղան, իրաւ որ մինչեւ այսօր դեռ պիտի մնար։
24 Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սոդոմացիներու երկրին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը՝ քան քեզի»։
25 Նոյն ժամանակ Յիսուս ըսաւ. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն ու գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր։
26 Այո՛, ո՛վ Հայր, վասն զի քու առջեւդ այսպէս հաճելի եղաւ։
27 Ամէն բան ինծի տրուեցաւ իմ Հօրմէս ու մէկը չի ճանչնար Որդին, բայց Հայրը եւ մէ՛կը չի ճանչնար Հայրը, բայց Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ’ուզէ յայտնել։
28 Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։
29 Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք.
30 Վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։