ՄԱՏԹԷՈՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28


Գլուխ 13

Այն օրը Յիսուս տունէն ելլելով ծովուն եզերքը նստաւ։
2 Շատ ժողովուրդ քովը ժողովուեցան, այնպէս որ ինք նաւը մտաւ ու նստաւ եւ բոլոր ժողովուրդը ծովեզերքը կայներ էր։
3 Շատ բաներ խօսեցաւ անոնց առակներով եւ ըսաւ.
4 «Ահա սերմ ցանողը ելաւ որ սերմ ցանէ։ Երբ կը ցանէր, մէկ քանիները ճամբուն քով ինկան եւ թռչունները եկան ու կերան զանոնք։
5 Ուրիշներ ապառաժուտ տեղերու վրայ ինկան, ուր շատ հող չկար եւ շուտ մը բուսան՝ հողին խորունկութիւն չունենալուն համար.
6 Սակայն արեւուն ծագած ատենը այրեցան ու արմատ չունենալուն համար չորցան։
7 Ուրիշներ ինկան փուշերու մէջ։ Փուշերը ելան ու խեղդեցին զանոնք։
8 Ուրիշներ ինկան աղէկ հողի մէջ ու պտուղ տուին ո՛րը մէկուն տեղ հարիւր, ո՛րը՝ վաթսուն եւ ո՛րը՝ երեսուն։
9 Ան որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ»։
10 Աշակերտները մօտենալով՝ ըսին իրեն. «Ինչո՞ւ համար առակներով կը խօսիս անոնց»։
11 Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Անոր համար՝ որ ձեզի տրուած է գիտնալ երկնքի թագաւորութեան խորհուրդները, բայց անոնց տրուած չէ։
12 Վասն զի ով որ ունի, անոր պիտի տրուի ու պիտի աւելնայ եւ ով որ չունի, ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի։
13 Անոր համար առակներով կը խօսիմ անոնց, որ կը տեսնեն՝ ու չեն տեսներ եւ կը լսեն՝ ու չեն լսեր ու միտք չեն առներ։
14 Անոնց վրայ պիտի կատարուի Եսայի մարգարէութիւնը որ կ’ըսէ. ‘Լսելով պիտի լսէք ու պիտի չիմանաք։ Տեսնելով պիտի տեսնէք ու պիտի չտեսնէք’։
15 Վասն զի այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ եւ իրենց ականջներովը ծանր լսեցին ու աչքերնին գոցեցին, որպէս զի չըլլայ թէ աչքերով տեսնեն եւ ականջներով լսեն եւ սրտով իմանան ու դարձի գան եւ ես զանոնք բժշկեմ։
16 Բայց երանի՜ է ձեր աչքերուն, որոնք կը տեսնեն ու ձեր ականջներուն, որոնք կը լսեն,
17 Քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատ մարգարէներ եւ արդարներ փափաքեցան ձեր տեսածները տեսնել ու չտեսան եւ ձեր լսածները լսել՝ ու չլսեցին»։
18 «Հիմա դուք սերմ ցանողին առակը լսեցիք։
19 Ամէն ով որ թագաւորութեան խօսքը կը լսէ ու միտք չառներ, չարը կու գայ ու անոր սրտին մէջ ցանուածը կը յափշտակէ։ Ասիկա այն է որ ճամբուն քով ցանուեցաւ։
20 Ապառաժուտ տեղերու վրայ ցանուածը այն է որ երբ լսէ խօսքը, շուտ մը ուրախութեամբ կ’ընդունի զանիկա։
21 Բայց իր մէջ արմատ չունենալով, քիչ ժամանակ կը տեւէ ու երբ նեղութիւն կամ հալածանք ըլլայ խօսքին համար, շուտ մը կը գայթակղի։
22 Փուշերուն մէջ ցանուածը այն է որ երբ կը լսէ խօսքը, աշխարհիս զբաղմունքը եւ հարստութեան խաբէութիւնը խօսքը կը խեղդեն ու կ’ըլլայ անպտուղ,
23 Իսկ աղէկ հողի մէջ ցանուածը այն է որ երբ լսէ խօսքը, միտք կ’առնէ եւ պտուղ կու տայ, ո՛րը հարիւր, ո՛րը՝ վաթսուն ու ո՛րը՝ երեսուն»,
24 Ուրիշ առակ մըն ալ յառաջ բերաւ անոնց ու ըսաւ. «Երկնքի թագաւորութիւնը նմանեցաւ մարդու մը, որ իր արտին մէջ բարի սերմ ցանեց։
25 Երբ մարդիկ կը քնանային իր թշնամին եկաւ ու ցորենին մէջ որոմ ցանեց եւ գնաց։
26 Երբ խոտը բուսաւ ու պտուղ բերաւ, անկէ յետոյ որոմն ալ երեւցաւ։
27 Ուստի տանտիրոջ ծառաները մօտեցան ու իրեն ըսին. ‘Տէ՛ր, չէ՞ որ դուն քու արտիդ մէջ բարի սերմ ցանեցիր. ուրեմն որոմը ուրկէ՞ է’։
28 Անիկա ըսաւ անոնց. ‘Թշնամի մարդ մը ըրած է ատիկա’։ Ծառաները իրեն ըսին. ‘Հիմա կ’ուզե՞ս որ երթանք զանոնք քաղենք’։
29 Ան ալ ըսաւ. ‘Ո՛չ, չըլլայ թէ որոմը քաղած ատեննիդ ցորենն ալ անոր հետ փրցնէք։
30 Թող տուէ՛ք որ երկուքն ալ մէկտեղ աճին մինչեւ հունձքի ատենը։ Եւ հունձքի ատենը հնձողներուն պիտի ըսեմ. ‘Առաջ որոմը քաղեցէք, խուրձ խուրձ կապեցէք այրելու համար, իսկ ցորենը իմ ամբարս ժողվեցէք’»։
31 Ուրիշ առակ մըն ալ յառաջ բերաւ անոնց ու ըսաւ. «Երկնքի թագաւորութիւնը մանանեխի հատի նման է, որ մարդ մը առաւ, իր արտին մէջ ցանեց։
32 Ան՝ բոլոր սերմերէն պզտիկ է, բայց երբ աճի, բոլոր խոտեղէններէն մեծ ծառ կ’ըլլայ, այնպէս որ երկնքի թռչունները կու գան եւ անոր ճիւղերուն վրայ կը հանգչին»։
33 Ուրիշ առակ մըն ալ ըսաւ անոնց. «Երկնքի թագաւորութիւնը խմորի նման է, որ կին մը առաւ, երեք գրիւ ալիւրի մէջ պահեց մինչեւ բոլորն ալ խմորուեցաւ»։
34 Յիսուս այս ամէն բաները առակներով խօսեցաւ ժողովուրդին։ Առանց առակի բան մը չէր խօսեր անոնց,
35 Որպէս զի կատարուի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. «Առակներով պիտի բանամ իմ բերանս ու աշխարհի սկիզբէն ի վեր ծածկուած բաները յառաջ պիտի բերեմ»։ ՈՐՈՄԻՆ ԱՌԱԿԻՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
36 Երբ Յիսուս ժողովուրդը թողուց, տունը գնաց։ Իր աշակերտները մօտեցան իրեն ու ըսին. «Արտին որոմներուն առակը մեկնէ մեզի»։
37 Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Բարի սերմը ցանողը Որդին մարդոյ է.
38 Արտը աշխարհս է։ Բարի սերմը թագաւորութեանը որդիներն են, բայց որոմը չարին որդիներն են։
39 Թշնամին որ զանիկա ցանեց, Սատանան է եւ հունձքը աշխարհիս վերջն է ու հնձողները հրեշտակներն են։
40 Արդ ինչպէս որ որոմը կը ժողվուի ու կրակի մէջ կ’այրուի, աշխարհիս վերջն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։
41 Որդին մարդոյ իր հրեշտակները պիտի ղրկէ ու պիտի ժողվեն անոր թագաւորութենէն բոլոր գայթակղութիւնները եւ զանոնք, որ անօրէնութիւն կը գործեն
42 Ու կրակի հնոցին մէջ պիտի ձգեն զանոնք։ Հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել։
43 Այն ատեն արեւի պէս պիտի փայլին արդարները իրենց Հօրը թագաւորութեանը մէջ։ Ան որ լսելու ականջ ունի, թող լսէ»։
44 «Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը արտի մէջ պահուած գանձի մը նման է, որ մարդ մը գտնելով՝ կը ծածկէ եւ ուրախութենէն կ’երթայ բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու այն արտը կը գնէ»։
45 «Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը վաճառական մարդու մը նման է, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ.
46 Եւ պատուական մարգարիտ մը գտնելով, կ’երթայ իր բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու զանիկա կը գնէ»։
47 «Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը ծովը ձգուած ուռկանի մը նման է, որ ամէն տեսակ ձուկ կը ժողվէ։
48 Երբ ուռկանը լեցուեցաւ, ցամաքը հանեցին ու նստան աղէկները ամաններու մէջ ժողվեցին եւ անշահը դուրս ձգեցին։
49 Այսպէս պիտի ըլլայ աշխարհիս վերջը։ Հրեշտակները պիտի ելլեն ու արդարներուն մէջէն չարերը պիտի զատեն.
50 Եւ պիտի ձգեն զանոնք կրակի հնոցին մէջ, հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել»։
51 Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Հասկցա՞ք այս ամէն բաները»։ Ըսին անոր. «Այո՛, Տէ՛ր»։
52 Անիկա ըսաւ անոնց. «Անոր համար ամէն դպիր որ երկնքի թագաւորութեան աշակերտ եղած է, նման է տանտէր մարդու մը որ իր գանձէն նոր ու հին բաներ կը հանէ»։
53 Երբ Յիսուս այս առակները լրացուց, անկէ մեկնեցաւ.
54 Եւ գնաց իր գաւառը ու անոնց կը սորվեցնէր իրենց ժողովարանին մէջ, անոնք ալ կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ասիկա ուրկէ՞ ունի այս իմաստութիւնը եւ հրաշքները։
55 Ասիկա հիւսնին որդին չէ՞. ասոր մայրը Մարիամ չի՞ կոչուիր։ Ասոր եղբայրները՝ Յակոբոս եւ Յովսէս ու Սիմոն եւ Յուդա.
56 Ու ասոր քոյրերը ամէնքը մեր քով չե՞ն։ Ալ ինք ուրկէ՞ ունի այս ամէն բաները»։
57 Անոր վրայով կը գայթակղէին. բայց Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մարգարէ մը անպատիւ չէ, բայց միայն իր գաւառին ու իր տանը մէջ»։
58 Հոն շատ հրաշքներ չըրաւ անոնց անհաւատութեանը համար։