ՄԱՏԹԷՈՍ
Գլուխ 17
Վեց օր յետոյ Յիսուս իրեն հետ առաւ Պետրոսը ու Յակոբոսը եւ անոր եղբայրը Յովհաննէսը ու զանոնք բարձր լեռ մը հանեց առանձին։
2 Անոնց առջեւ այլակերպեցաւ ու իր երեսը փայլեցաւ արեգակի պէս ու իր հանդերձները ճերմկցան լոյսի պէս։
3 Եւ ահա երեւցան անոնց Մովսէսն ու Եղիան ու իրեն հետ կը խօսակցէին։
4 Խօսեցաւ Պետրոս ու ըսաւ Յիսուսի. «Տէ՛ր, աղէկ է որ հոս կենանք. եթէ կ’ուզես, երեք խրճիթ շինենք հոս, մէկը՝ քեզի, մէկը՝ Մովսէսին ու մէկը՝ Եղիային»։
5 Երբ անիկա կը խօսէր, լուսաւոր ամպ մը անոնց վրայ հովանի եղաւ եւ ամպէն ձայն մը եկաւ՝ ըսելով. «Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք»։
6 Աշակերտները երբ լսեցին, երեսնուն վրայ ինկան ու խիստ վախցան։
7 Յիսուս մօտենալով դպաւ անոնց ու ըսաւ. «Ելէ՛ք, մի՛ վախնաք»։
8 Աչքերնին վերցուցին ու մէկը չտեսան, բայց միայն Յիսուսը։
9 Երբ լեռնէն վար կ’իջնէին, Յիսուս պատուիրեց անոնց ու ըսաւ. «Այդ տեսիլքը մարդու մի՛ պատմէք, մինչեւ Որդին մարդոյ մեռելներէն յարութիւն առնէ»։
10 Աշակերտները իրեն հարցուցին. «Ինչո՞ւ համար դպիրները կ’ըսեն թէ ‘Պէտք է որ առաջ Եղիան գայ’»։
11 Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Յիրաւի առաջ Եղիան կու գայ եւ ամէն բան կարգի կը դնէ։
12 Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Եղիան արդէն եկած է եւ զանիկա չճանչցան, հապա ինչ որ ուզեցին ըրին անոր. նոյնպէս ալ Որդին մարդոյ անոնցմէ պիտի չարչարուի»։
13 Այն ատեն հասկցան աշակերտները թէ Յովհաննէս Մկրտչին համար ըսաւ անոնց։
14 Երբ ժողովուրդին քով եկան, մարդ մը մօտեցաւ անոր եւ ծունկի վրայ գալով՝ ըսաւ. «Տէ՛ր, իմ որդիիս ողորմէ, որ կը լուսնոտի եւ չարաչար կը տանջուի, քանզի յաճախ կրակի մէջ կ’իյնայ ու յաճախ ջուրի մէջ։
15 Քու աշակերտներուդ բերի ու չկրցան զանիկա բժշկել»։
16 Յիսուս ըսաւ. «Ով անհաւատ եւ խոտորեալ ա՛զգ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի պիտի համբերեմ. զանիկա հոս ինծի բերէք»։
17 Յիսուս սաստեց ու դեւը անկէ ելաւ եւ տղան բժշկուեցաւ նոյն ժամուն։
18 Այն ատեն աշակերտները առանձին Յիսուսի քով երթալով՝ ըսին. «Մենք ինչո՞ւ չկրցանք հանել»։
19 Յիսուս ըսաւ. «Ձեր թերահաւատութեանը համար. քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենաք, այս լերան ըսէք, ‘Ասկէ անդին փոխադրուէ’, պիտի փոխադրուի ու բան մը անհնարին պիտի չըլլայ ձեզի։
20 Սակայն այս տեսակը ուրիշ բանով չելլեր, բայց միայն աղօթքով ու ծոմապահութեամբ»։
21 Երբ անոնք Գալիլիայի մէջ կը պտըտէին, Յիսուս ըսաւ անոնց. «Որդին մարդոյ պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը
22 Եւ զանիկա պիտի մեռցնեն, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։ Անոնք խիստ տրտմեցան։
23 Երբ անոնք Կափառնայում եկան, երկդրամեան տուրքը առնողները Պետրոսին եկան ու ըսին. «Ձեր վարդապետը երկդրամեանը չի՞ հատուցաներ»։ Անիկա ըսաւ. «Այո՛, կը հատուցանէ»։
24 Երբ տունը մտաւ, առաջ Յիսուս խօսեցաւ անոր ու ըսաւ. «Քեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, Սի՛մոն, երկրի թագաւորները որմէ՞ կ’առնեն հարկը կամ տուրքը. իրենց որդիներէ՞ն թէ օտարներէն»։
25 Պետրոս ըսաւ. «Օտարներէն»։ Յիսուս անոր ըսաւ. «Ուրեմն որդիները ազատ են,
26 Բայց չըլլայ թէ զանոնք գայթակղեցնենք, գնա՛ ծովը եւ կարթը ձգէ ու առաջին ձուկը որ կ’ելլէ՝ ա՛ռ եւ անոր բերանը բանալով սատեր մը պիտի գտնես։ Անոնց տուր ինծի եւ քեզի համար»։