ՄԱՏԹԷՈՍ
Գլուխ 21
Երբ Երուսաղէմի մօտեցան ու եկան Բեթփագէ՝ դէպի Ձիթենեաց լեռը՝ այն ատեն Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց
2 Եւ ըսաւ անոնց. «Գացէք այդ ձեր դիմացի գիւղը եւ հոն պիտի գտնէք կապուած էշ մը ու անոր հետ աւանակ մը. արձակեցէք զանոնք ու ինծի բերէք։
3 Եթէ մէկը ձեզի բան մը ըսէ, ըսէք թէ ‘Տէրոջը պէտք են’. եւ շուտ մը զանոնք պիտի ղրկէ»։
4 Այս ամէն բաները եղան, որպէս զի կատարուի մարգարէին խօսքը որ կ’ըսէ.
5 «Ըսէք Սիօնի աղջկան. ‘Ահա քու Թագաւորդ քեզի կու գայ, հեզ ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի, վրայ’։
6 Աշակերտները գացին եւ ինչպէս Յիսուս իրենց պատուիրեր էր՝ ըրին
7 Ու բերին էշն ու աւանակը, անոնց վրայ իրենց հանդերձները դրին ու նստաւ։
8 Ժողովուրդէն շատեր իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ փռեցին եւ ուրիշներ ծառերէն ճիւղեր կը կտրէին ու ճամբուն վրայ կը տարածէին։
9 Ժողովուրդը առջեւէն ու ետեւէն կ’երթար, կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի։ Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ. Ովսա՛ննա ի բարձունս»։
10 Երբ անիկա Երուսաղէմ մտաւ բոլոր քաղաքը շարժեցաւ ու ըսաւ. «Ո՞վ է աս»։
11 Շատեր ըսին. «Ասիկա Յիսուս Մարգարէն է Գալիլիայի Նազարէթէն»։
12 Յիսուս Աստուծոյ տաճարը մտաւ ու դուրս հանեց ամէն անոնք, որ տաճարին մէջ կը ծախէին ու կը գնէին եւ ստակ փոխողներուն սեղաններն ու աղաւնի ծախողներուն աթոռները կործանեց.
13 Եւ ըսաւ անոնց. «Գրուած է թէ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի’. բայց դուք ատիկա աւազակներու այր ըրիք»։
14 Տաճարին մէջ կոյրեր ու կաղեր եկան իրեն եւ ինք բժշկեց զանոնք։
15 Երբ քահանայապետներն ու դպիրները տեսան անոր ըրած հրաշքները եւ տղաքը որոնք տաճարին մէջ կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի», բարկացան
16 Ու ըսին անոր. «Կը լսե՞ս ինչ կ’ըսեն ատոնք»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Այո՛, բնաւ չէ՞ք կարդացեր, թէ ‘Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնէն գովութիւն կատարեցիր’»։
17 Եւ թողուց զանոնք՝ քաղաքէն դուրս Բեթանիա գնաց ու գիշերը հոն կեցաւ։
18 Առտուն, երբ ինք քաղաքը կը դառնար, անօթեցաւ։
19 Ճամբուն վրայ թզենի մը տեսնելով քովը գնաց։ Անոր վրայ տերեւներէն զատ բան մը չգտաւ. ու ըսաւ անոր. «Ասկէ յետոյ պտուղ պիտի չտաս յաւիտեան»։ Եւ իսկոյն թզենին չորցաւ։
20 Աշակերտները երբ տեսան, զարմացան ու ըսին. «Թզենին ի՞նչպէս շուտ մը չորցաւ»։
21 Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘եթէ հաւատք ունենաք ու չերկմտիք, ոչ միայն այդ թզենիին եղածը պիտի ընէք, հապա նաեւ եթէ այս լերանը ըսէք ‘Ելի՛ր ու ծովը ինկիր’, պիտի իյնայ։
22 Ամէն ինչ որ աղօթքի մէջ հաւատքով կը խնդրէք, պիտի առնէք»։
23 Երբ տաճարը եկաւ, քահանայապետները եւ ժողովուրդին ծերերը անոր մօտեցան՝ երբ կը սորվեցնէր՝ ու ըսին. «Ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընես այդ բաները եւ ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը»։
24 Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի բան մը հարցնեմ, եթէ ինծի ըսէք, ես ալ ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները։
25 Յովհաննէսին մկրտութիւնը ուրկէ՞ էր, երկնքէ՞ն թէ մարդոցմէ»։ Անոնք իրենց մէջ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Եթէ ըսենք՝
26 ‘Երկինքէն’, մեզի պիտի ըսէ թէ ‘Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր’, իսկ եթէ ըսենք՝ ‘Մարդոցմէ, ժողովուրդէն կը վախնանք’, վասն զի բոլորն ալ Յովհաննէսը իբրեւ մարգարէ կ’ընդունին»
27 Պատասխանեցին Յիսուսին. «Չենք գիտեր»։ Ինք ալ ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները»։
28 «Ի՞նչպէս կ’երեւնայ ձեզի. մարդ մը երկու որդի ունէր։ Առաջինին ըսաւ. «Որդեա՛կ, գնա այսօր այգիիս մէջ գործէ»
29 Անիկա պատասխանեց. «Չեմ ուզեր երթալ»։ Բայց ետքը զղջաց ու գնաց։
30 Հայրը միւսին ալ ըսաւ։ Անիկա պատասխանեց. «Կ’երթամ, Տէ՛ր», սակայն չգնաց։
31 Հիմա այս երկուքէն ո՞րը իր հօրը կամքը կատարեց։ Ըսին անոր. «Առաջինը»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ մաքսաւորներն ու պոռնիկները ձեզմէ առաջ պիտի մտնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը,
32 Վասն զի Յովհաննէս արդարութեան ճամբով եկաւ ձեզի եւ դուք անոր չհաւատացիք. բայց մաքսաւորներն ու պոռնիկները անոր հաւատացին եւ դուք տեսաք, սակայն չուզեցիք հաւատալ»։
33 Ուրիշ առակ մըն ալ լսեցէք. «Տանտէր մը կար որ այգի մը տնկեց ու ցանկով պատեց զանիկա եւ անոր մէջ հնձան փորեց ու աշտարակ շինեց եւ զանիկա մշակներու յանձնեց ու ինք օտար երկիր մը գնաց։
34 Երբ պտուղի ժամանակը մօտեցաւ, իր ծառաները մշակներուն ղրկեց, որպէս զի անոր պտուղները առնեն։
35 Մշակները անոր ծառաները բռնեցին մէկը ծեծեցին, միւսը սպաննեցին, ուրիշ մը քարկոծեցին։
36 Նորէն ծառաներ ղրկեց առաջիններէն շատ եւ անոնց ալ նոյնպէս ըրին։
37 Վերջը իր որդին ղրկեց անոնց, ըսելով՝ ‘Թերեւս ամչնան իմ որդիէս’։
38 Բայց մշակները երբ տեսան որդին, իրարու ըսին. ‘Ասիկա է ժառանգորդը. եկէք զանիկա սպաննենք ու անոր ժառանգութեանը տիրանանք’։
39 Առին զանիկա, այգիէն դուրս հանեցին ու սպաննեցին։
40 Երբ այգիին տէրը գայ, ի՞նչ պիտի ընէ այն մշակներուն»։
41 Ըսին իրեն. «Այն չարերը չարաչար պիտի կորսնցնէ եւ այգին պիտի յանձնէ ուրիշ մշակներու, որոնք պտուղները իրենց ժամանակին պիտի տան իրեն»։
42 Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր գրքին մէջ, ‘Այն քարը զոր շինողները անարգեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ’։ Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ զարմանալի է մեր աչքերուն։
43 Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ։
44 Ով որ այս քարին վրայ իյնայ, պիտի կոտրտի եւ որու վրայ որ իյնայ պիտի փսորէ զանիկա»։
45 Երբ քահանայապետները եւ փարիսեցիները անոր առակները լսեցին, իմացան որ իրենց համար կ’ըսէր
46 Եւ կը փնտռէին թէ ի՛նչպէս բռնեն զանիկա, բայց ժողովուրդէն վախցան, վասն զի մարգարէի պէս կ’ընդունէին զանիկա։