ՄԱՏԹԷՈՍ
Գլուխ 26
Երբ Յիսուս լմնցուց այս բոլոր խօսքերը, ըսաւ իր աշակերտներուն.
2 «Գիտէք թէ երկու օր յետոյ զատիկ պիտի ըլլայ եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի խաչը ելլելու»։
3 Նոյն ատեն քահանայապետները ու դպիրները եւ ժողովուրդին ծերերը ժողուեցան քահանայապետին սրահը, որուն անունը Կայիափա էր
4 Ու խորհեցան նենգութեամբ բռնել Յիսուսը ու մեռցնել։
5 Բայց կ’ըսէին թէ՝ «Ո՛չ տօնին ատենը, որպէս զի ժողովուրդին մէջ խռովութիւն չըլլայ»։
6 Երբ Յիսուս Բեթանիա էր, բորոտ Սիմոնին տունը,
7 Կին մը եկաւ անոր։ Ան ունէր ծանրագին իւղի շիշ մը։ Իւղը թափեց Յիսուսի գլխուն վրայ՝ երբ ան սեղան նստած էր։
8 Անոր աշակերտները տեսնելով՝ բարկացան ու ըսին. «Ինչո՞ւ այս կորուստը,
9 Քանզի այդ իւղը կրնար սուղ գնով ծախուիլ ու աղքատներուն տրուիլ»։
10 Յիսուս իմանալով՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ անհանգիստ կ’ընէք կինը։ Անիկա բարի գործ մը գործեց։
11 Վասն զի աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք, բայց զիս ամէն ատեն չունիք։
12 Անիկա, որ այդ իւղը իմ մարմնիս վրայ թափեց, իմ թաղումիս համար ըրաւ։
13 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ Բոլոր աշխարհի մէջ՝ ուր որ այս աւետարանը քարոզուի, ատոր ըրածն ալ պիտի պատմուի՝ իրեն յիշատակ ըլլալու համար»։
14 Այն ատեն տասներկուքէն մէկը, որ Յուդա Իսկարիովտացի կը կոչուէր, գնաց քահանայապետներուն ու ըսաւ.
15 «Ի՞նչ կու տաք ինծի, որ ձեզի մատնեմ զանիկա»։ Անոնք երեսուն սիկղ արծաթ խոստացան անոր։
16 Անկէ յետոյ պատեհութիւն կը փնտռէր, որպէս զի զանիկա մատնէ անոնց։
17 Բաղարջակերաց առաջին օրը աշակերտները Յիսուսին եկան, անոր ըսին. «Ո՞ւր կուզես որ քեզի պատրաստենք զատիկը՝ ուտելու համար»։
18 Անիկա ըսաւ. «Գացէք քաղաքը այս ինչ մարդուն ու ըսէք անոր, Վարդապետը կ’ըսէ. ‘Ժամանակս մօտ է. աշակերտներուս հետ մէկտեղ քու քովդ պիտի ընեմ զատիկը’»։
19 Աշակերտներն ալ ըրին ինչպէս Յիսուս իրենց հրամայեց ու պատրաստեցին զատիկը։
20 Իրիկունը տասներկուքին հետ սեղան նստաւ։
21 Երբ կ’ուտէին, ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ձեզմէ մէկը զիս պիտի մատնէ»։
22 Շատ տրտմեցան եւ անոնցմէ ամէն մէկը սկսաւ ըսել անոր. «Տէ՛ր, միթէ ե՞ս եմ»։
23 Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ան որ ինծի հետ իր ձեռքը պնակը խոթեց, նոյնը պիտի մատնէ զիս»։
24 Յիրաւի Որդին մարդոյ կ’երթայ, ինչպէս գրուած է իրեն համար. բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով Որդին մարդոյ կը մատնուի։ Աղէկ էր այն մարդուն որ ծնած չըլլար»։
25 Պատասխան տուաւ Յուդա, որ զանիկա պիտի մատնէր ու ըսաւ. «Վա՛րդապետ, միթէ ե՞ս եմ»։ Ըսաւ անոր. «Դուն ըսիր»։
26 Մինչ անոնք կ’ուտէին, Յիսուս հացը առաւ, օրհնեց ու կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն ու ըսաւ. «Առէ՛ք, կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս»։
27 Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու տուաւ անոնց ու ըսաւ.
28 «Ամէնքդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ. վասն զի ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ պիտի թափուի՝ շատերու մեղքերուն թողութեան համար։
29 Բայց կ’ըսեմ ձեզի, ‘Ասկէ յետոյ որթին բերքէն բնաւ պիտի չխմեմ, մինչեւ այն օրը՝ երբ ձեզի հետ նոր գինին խմեմ իմ Հօրս թագաւորութեանը մէջ’»։
30 Օրհնութիւն մը երգելէ յետոյ Ձիթենեաց լեռը ելան։
31 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Դուք ամէնքդ այս գիշեր իմ վրայովս պիտի գայթակղիք. վասն զի գրուած է թէ ‘Հովիւը պիտի զարնեմ ու հօտին ոչխարները պիտի ցրուին’։
32 Բայց յարութիւն առնելէս յետոյ ձեզմէ առաջ Գալիլիա պիտի երթամ»։
33 Պատասխան տուաւ Պետրոս ու ըսաւ անոր. «Թէպէտ ամէնքն ալ քու վրայովդ գայթակղին, ես բնա՛ւ պիտի չգայթակղիմ»։
34 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, Այս գիշեր դեռ հաւը չխօսած՝ երեք անգամ զիս պիտի ուրանաս»։
35 Պետրոս ըսաւ անոր. «Թէեւ քեզի հետ մեռնելու ալ ըլլամ, բնաւ քեզ պիտի չուրանամ»։ Այսպէս կ’ըսէին նաեւ բոլոր աշակերտները։
36 Այն ատեն Յիսուս անոնց հետ տեղ մը գնաց, որուն անունը Գեթսեմանի էր ու ըսաւ աշակերտներուն. «Հոս նստեցէք մինչեւ որ ես երթամ հոն աղօթք ընեմ»։
37 Իրեն հետ առնելով Պետրոսը ու Զեբեդէոսի երկու որդիները, սկսաւ տրտմիլ ու վշտանալ։
38 Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Իմ անձս մեռնելու չափ տրտում է։ Հոս կեցէք եւ ինծի հետ արթուն մնացէք»։
39 Ու քիչ մը առջեւ երթալով՝ իր երեսին վրայ ինկաւ եւ աղօթք ըրաւ՝ ըսելով. «Ով Հայր իմ, եթէ կարելի է, թող այս գաւաթը ինծմէ անցնի. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ՛ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես»։
40 Երբ եկաւ աշակերտներուն, զանոնք քնացած գտաւ եւ ըսաւ Պետրոսին. «Այդպէս մէկ ժա՞մ ալ չկրցաք ինծի հետ արթուն կենալ։
41 Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք։ Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։
42 Դարձեալ երկրորդ անգամ գնաց աղօթք ըրաւ՝ ըսելով. «Ով Հայր իմ, եթէ անկարելի է որ այս գաւաթը ինծմէ անցնի առանց անկէ խմելու՝ թող քու կամքդ ըլլայ»։
43 Եւ եկաւ զանոնք նորէն քնացած գտաւ, վասն զի աչքերնին ծանրացած էր։
44 Թողուց զանոնք ու նորէն գնաց՝ երրորդ անգամ աղօթք ըրաւ՝ նոյն խօսքը ըսելով։
45 Այն ատեն եկաւ իր աշակերտներուն ու ըսաւ անոնց. «Ասկէ յետոյ քնացէք ու հանգչեցէք. ահա ժամը հասաւ եւ Որդին մարդոյ մեղաւորներուն ձեռքը պիտի մատնուի։
46 Ելէք ասկէ երթանք. ահա մօտեցաւ անիկա որ զիս պիտի մատնէ»։
47 Դեռ անիկա կը խօսէր, երբ Յուդա, տասներկուքէն մէկը, եկաւ եւ իրեն հետ մեծ բազմութիւն՝ սուրերով ու բիրերով, քահանայապետներէն եւ ժողովուրդին ծերերէն։
48 Զանիկա մատնողը անոնց նշան մը տուեր էր՝ ըսելով. «Ով որ ես համբուրեմ, ա՛ն է, բռնեցէք զանիկա»։
49 Եւ շուտ մը Յիսուսին մօտենալով՝ ըսաւ. «Ողջոյն քեզ, վա՛րդապետ», ու համբուրեց զանիկա։
50 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ընկե՛ր, ինչո՞ւ համար եկար դուն»։ Այն ատեն մօտեցան, ձեռք զարկին Յիսուսին ու բռնեցին զանիկա։
51 Յիսուսին հետ եղողներէն մէկը ձեռքը երկնցուց եւ իր սուրը հանելով՝ զարկաւ քահանայապետին ծառային եւ անոր ականջը մէկդի հանեց։
52 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին։
53 Կը կարծես թէ չե՞մ կրնար հիմա իմ Հօրս աղաչել, որ ինծի հասցնէ տասներկու գունդէն աւելի հրեշտակներ։
54 Բայց ի՞նչպէս պիտի կատարուին գրուածները, թէ պէտք է այսպէս ըլլայ»։
55 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ այն բազմութեանը. «Իբր թէ աւազակի՞ վրայ ելաք սուրերով ու բիրերով զիս բռնելու։ Ամէն օր տաճարին մէջ ձեզի հետ կը նստէի ու կը սորվեցնէի եւ զիս չբռնեցիք։
56 Բայց այս ամէն բաները եղան, որպէս զի կատարուին մարգարէներուն գրքերը»։ Այն ատեն բոլոր աշակերտները թողուցին զանիկա ու փախան։
57 Անոնք որ Յիսուսը բռնեցին, Կայիափա քահանայապետին տարին, ուր դպիրները ու ծերերը ժողվուեր էին։
58 Պետրոս հեռուէն անոր ետեւէն գնաց մինչեւ քահանայապետին գաւիթը ու ներս մտաւ, սպասաւորներուն հետ նստաւ, որպէս զի վերջը տեսնէ։
59 Քահանայապետներն ու ծերերը եւ բոլոր ժողովը Յիսուսի դէմ սուտ վկայութիւն մը կը փնտռէին, որպէս զի զանիկա մեռցնեն.
60 Բայց չգտան. թէեւ շատ սուտ վկաներ ալ եկան, կրկին չգտան։ Ետքը երկու սուտ վկայ եկան
61 Ու ըսին թէ՝ «Ասիկա ըսաւ, ‘Ես կրնամ Աստուծոյ տաճարը քակել եւ զանիկա երեք օրուան մէջ շինել’»։
62 Քահանայապետը ոտքի ելլելով՝ ըսաւ անոր. «Պատասխան մը չե՞ս տար. ի՞նչ կը վկայեն ասոնք քեզի դէմ»։
63 Յիսուս լուռ կեցաւ։ Ուստի ելաւ քահանայապետը ու ըսաւ անոր. «Կենդանի Աստուծմով քեզ կ’երդմնցնեմ, որ մեզի ըսես, թէ դո՞ւն ես Քրիստոսը՝ Որդին Աստուծոյ»։
64 Յիսուս ըսաւ անոր. «Դուն ըսիր. բայց կ’ըսեմ ձեզի, Ասկէ յետոյ պիտի տեսնէք Որդին մարդոյ Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկնքի ամպերուն վրայ եկած»։
65 Այն ատեն քահանայապետը իր հանդերձները պատռեց ու ըսաւ. «Հայհոյութիւն ըրաւ. ալ ի՞նչ պէտք են մեզի վկաներ. ահա հիմա լսեցիք ատոր հայհոյութիւնը.
66 Ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ»։ Անոնք պատասխան տուին ու ըսին. «Մահապարտ է»։
67 Այն ատեն անոր երեսը թքնեցին, բռունցքով ծեծեցին զանիկա։ Ոմանք ալ ապտակ զարնելով՝ ըսին.
68 ‘Մարգարէացիր մեզի, դո՛ւն, Քրիստո՛ս, ո՞վ է ան որ քեզի զարկաւ’»։
69 Երբ Պետրոս դուրսը գաւիթը նստեր էր, աղախին մը եկաւ անոր ու ըսաւ. «Դուն ալ Գալիլիացի Յիսուսին հետ էիր»։
70 Բայց անիկա ամենուն առջեւ ուրացաւ ու ըսաւ. «Չեմ գիտեր դուն ի՛նչ կը խօսիս»։
71 Երբ դուռը ելաւ, ուրիշ աղախին մը զանիկա տեսաւ եւ հոն եղողներուն ըսաւ. «Ասիկա ալ Յիսուս Նազովրեցիին հետ էր»։
72 Պետրոս նորէն երդում ընելով ուրացաւ, թէ՝ Ես այն մարդը չեմ ճանչնար։ 73Քիչ մը յետոյ հոն եղողները եկան եւ ըսին Պետրոսին. «Արդարեւ դուն ալ անոնցմէ ես, վասն զի քու խօսուածքդ ալ քեզ կը յայտնէ»։
74 Այն ատեն սկսաւ անիծել ու երդում ընել՝ ըսելով թէ՝ ‘Ես այն մարդը չեմ ճանչնար’։ Նոյն պահուն հաւը խօսեցաւ։
75 Պետրոս միտքը բերաւ Յիսուսին խօսքը, որ իրեն ըսեր էր թէ՝ «Դեռ հաւը չխօսած՝ երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս». ու դուրս ելլելով դառնապէս լացաւ։