ՄԱՏԹԷՈՍ
Գլուխ 16
Փարիսեցիները ու սադուկեցիները քովը եկան, փորձելով՝ իրմէ կ’ուզէին որ երկնքէն նշան մը ցուցնէ իրենց։
2 Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Երբ իրիկուն ըլլայ, կ’ըսէք թէ ‘Պարզ պիտի ըլլայ, վասն զի երկինքը կարմրած է’։
3 Եւ առտուն՝ ‘Այսօր մրրիկ պիտի ըլլայ, վասն զի երկինքը միգապատ ու կարմրած է’։ Կե՛ղծաւորներ, երկնքի երեսը քննել գիտէք, բայց ժամանկներուն նշանները չէ՞ք կրնար գիտնալ։
4 Չար ու շնացող ազգը նշան կ’ուզէ։ Բայց ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, միայն Յովնան մարգարէին նշանը» եւ թողուց զանոնք ու գնաց։
5 Երբ իր աշակերտները անդիի կողմը անցան, հաց առնել մոռցեր էին։
6 Յիսուս անոնց ըսաւ. «Նայեցէք ու զգուշացէք փարիսեցիներու ու սադուկեցիներու խմորէն»։
7 Անոնք իրենց մէջ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Հաց չբերինք մեզի հետ»։
8 Իսկ Յիսուս անոնց խորհուրդը գիտնալով՝ ըսաւ անոնց. «Ձեր մէջ ինչո՞ւ կը խորհիք, թե՛րահաւատներ, թէ հաց չառիք։
9 Տակաւին չէ՞ք հասկնար եւ չէ՞ք յիշեր հինգ նկանակը՝ հինգ հազարին, ու քանի՛ կողով վերցուցիք.
10 Ոչ ալ եօթը նկանա՞կը՝ չորս հազարին, ու քանի՛ զամբիւղ վերցուցիք։
11 Ի՞նչպէս չէք հասկնար թէ ես հացի համար չըսի ձեզի՝ փարիսեցիներու եւ սադուկեցիներու խմորէն զգոյշ կենալ»։
12 Այն ատեն հասկցան թէ հացի խմորէն զգուշանալ չըսաւ, հապա փարիսեցիներու ու սադուկեցիներու վարդապետութենէն։
13 Յիսուս Փիլիպպոսի Կեսարիայի կողմերը երթալով՝ իր աշակերտներուն հարցուց ու ըսաւ. «Մարդիկ ո՞վ կ’ըսեն թէ եմ ես Որդին մարդոյ»։
14 Անոնք ըսին. «Ոմանք կ’ըսեն թէ Յովհաննէս Մկրտիչն ես, ուրիշներ՝ Եղիան, ուրիշներ ալ՝ Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը»։
15 Ըսաւ անոնց. «Հապա դո՞ւք ինծի համար ո՞վ կ’ըսէք թէ եմ»։
16 Սիմոն Պետրոս պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին»։
17 Յիսուս ըսաւ անոր. «Երանի՜ քեզի, Սիմոն, Յովնանի որդի. վասն զի մարմինը եւ արիւնը քեզի չյայտնեցին ասիկա, հապա իմ Հայրս որ երկինքն է։
18 Ես քեզի կ’ըսեմ թէ դուն Պետրոս ես ու այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս եւ դժոխքին դռները անոր պիտի չյաղթեն։
19 Երկնքի թագաւորութեան բանալիները քեզի պիտի տամ եւ ինչ որ երկրի վրայ կապես, երկնքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ ու ինչ որ երկրի վրայ արձակես, երկնքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ»։
20 Ապա աշակերտներուն պատուիրեց, որ մարդո՛ւ չըսեն թէ ինք Քրիստոսն է։
21 Անկէ յետոյ Յիսուս իր աշակերտներուն ցուցուց թէ՝ պէտք է որ ինք Երուսաղէմ երթայ ու շատ չարչարանքներ կրէ ծերերէն եւ քահանայապետներէն ու դպիրներէն եւ սպաննուի ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ։
22 Պետրոս մէկդի առաւ զանիկա եւ սկսաւ յանդիմանել զանիկա ու ըսել. «Քաւ լիցի, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ»։
23 Ինք դառնալով՝ Պետրոսին ըսաւ. «Ետիս գնա՛, Սա՛տանայ, ինծի գայթակղութիւն ես դուն. վասն զի Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները»։
24 Այն ատեն Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։
25 Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զանիկա,
26 Քանզի ի՞նչ կը շահի մարդ եթէ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ, կամ իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ։
27 Վասն զի Որդին մարդոյ իր Հօրը փառքովը պիտի գայ իր հրեշտակներուն հետ եւ այն ատեն ամէն մէկուն իր գործերուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ։
28 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ Հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Որդին մարդոյ իր թագաւորութիւնովը եկած»։