ՄԱՏԹԷՈՍ
Գլուխ 14
Երբ Հերովդէս չորրորդապետը Յիսուսի համբաւը լսեց իր ծառաներուն ըսաւ.
2 «Անիկա Յովհաննէս Մկրտիչն է, մեռելներէն յարութիւն առած եւ անոր համար հրաշքներ կ’ըլլան անով»։
3 Քանզի Հերովդէս Յովհաննէսը բռներ, զանիկա կապեր ու բանտը դրեր էր, իր եղբօր Փիլիպպոսին կնոջ՝ Հերովդիային համար։
4 Վասն զի Յովհաննէս անոր կ’ըսէր. «Քեզի օրինաւոր չէ զանիկա կին առնելը»։
5 Ուստի կ’ուզէր զանիկա սպաննել, բայց ժողովուրդէն կը վախնար, վասն զի իբրեւ մարգարէ կ’ընդունէին զանիկա։
6 Երբ Հերովդէսին ծննդեան օրը եկաւ, Հերովդիային աղջիկը խաղաց հանդէսի սրահին մէջ ու Հերովդէսին հաճելի եղաւ։
7 Ուստի երդումով խոստացաւ որ տայ անոր ի՛նչ որ ուզելու ըլլայ։
8 Անիկա առաջ իր մօրմէն խրատուելով՝ ըսաւ. «Տուր ինծի Յովհաննէս Մկրտչին գլուխը՝ սկուտեղի մը վրայ»։
9 Թագաւորը տրտմեցաւ, բայց երդումներուն ու իրեն հետ նստողներուն համար հրաման ըրաւ որ տրուի։
10 Եւ մարդ ղրկելով՝ բանտին մէջ Յովհաննէսը գլխատեց։
11 Անոր գլուխը սկուտեղով բերուեցաւ ու տրուեցաւ աղջկան։ Ան ալ իր մօրը տուաւ։
12 Անոր աշակերտները եկան ու մարմինը վերցնելով թաղեցին, գացին Յիսուսին պատմեցին։
13 Երբ Յիսուս լսեց, անկէ նաւով անապատ մը գնաց առանձին։ Երբ ժողովուրդը լսեց, ոտքով անոր ետեւէն գացին իրենց քաղաքներէն։
14 Երբ դուրս ելաւ, շատ ժողովուրդ տեսնելով խղճաց անոնց վրայ ու անոնց հիւանդները բժշկեց։
15 Իրիկունը իր աշակերտները եկան ու ըսին. «Հոս անապատ տեղ մըն է եւ ժամանակը ուշացած է. արձակէ ժողովուրդը, որպէս զի գիւղերը երթան ու իրենց կերակուր գնեն»։
16 Յիսուս անոնց ըսաւ. «Հարկ չէ որ ատոնք երթան, դուք տուէք անոնց որ ուտեն»։
17 Անոնք ալ ըսին. «Հոս ուրիշ բան մը չունինք, բայց միայն հինգ նկանակ ու երկու ձուկ»։
18 Ըսաւ անոնց. «Հոս, ինծի բերէք զանոնք»։
19 Եւ հրաման ըրաւ որ ժողովուրդը խոտին վրայ նստեցնեն։ Հինգ նկանակը եւ երկու ձուկը առաւ, դէպի երկինք նայելով օրհնեց ու կտրելով նկանակները աշակերտներուն տուաւ եւ աշակերտները՝ ժողովուրդին։
20 Ամէնքը կերան ու կշտացան եւ տասներկու կողով լեցուն աւելցած կտորուանքներ վերցուցին։
21 Անոնք որ կերան, հինգ հազարի չափ այր մարդիկ էին, կիներէն եւ տղաքներէն զատ։
22 Աշակերտները արտորցուց, որ նաւը մտնեն եւ իրմէ առաջ անդիի կողմը անցնին, մինչեւ որ ինք ժողովուրդը արձակէ։
23 Ժողովուրդը արձակելէն ետքը, ինք լեռը ելաւ առանձին աղօթք ընելու։ Երբ իրիկուն եղաւ, հոն մինակ էր,
24 իսկ նաւը արդէն ծովուն մէջտեղը ալեկոծութեան մէջ էր, վասն զի հովը հակառակ կողմէն կը փչէր։
25 Գիշերուան չորրորդ պահուն Յիսուս դէպի նաւը գնաց, ծովուն վրայէն քալելով։
26 Երբ աշակերտները մէկը տեսան, որ ծովուն վրայ կը քալէր, խռովեցան եւ ըսին թէ՝ աչքի երեւոյթ մըն է։ Վախնալով կանչուըռտեցին։
27 Յիսուս խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. «Քաջ եղէք, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։
28 Պետրոս պատասխան տուաւ անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, եթէ դուն ես, հրաման ըրէ ինծի որ քեզի գամ ջուրերուն վրայէն»։
29 Ան ալ ըսաւ. «Եկո՛ւր»։ Պետրոս ալ նաւէն իջաւ, ջուրերուն վրայէն քալեց որպէս զի Յիսուսի քով երթայ։
30 Բայց հովը սաստիկ ըլլալուն՝ վախցաւ։ Երբ սկսաւ ընկղմիլ, աղաղակեց ու ըսաւ. «Տէ՛ր, ազատէ զիս»։
31 Յիսուս շուտ մը իր ձեռքը երկնցուց, բռնեց զանիկա ու ըսաւ. «Թերա՛հաւատ, ինչո՞ւ երկմտեցար»։
32 Երբ նաւը ելան, հովը դադարեցաւ։
33 Անոնք որ նաւուն մէջ էին, եկան երկրպագութիւն ըրին անոր ու ըսին. «Իրաւցնէ Աստուծոյ Որդին ես դուն»։
34 Անդիի կողմը անցնելով, Գեննեսարէթ հասան։
35 Երբ այն տեղի մարդիկ ճանչցան զանիկա, մարդ ղրկեցին բոլոր շրջակայ տեղերը ու բոլոր հիւանդները անոր բերին.
36 Եւ կ’աղաչէին անոր, որ միայն իր հանդերձին քղանցքին դպչին։ Անոնք որ դպան, բժշկուեցան։