ՄԱՏԹԷՈՍ
Գլուխ 18
Նոյն ժամանակ աշակերտները Յիսուսին քով եկան ու ըսին. «Ո՞վ է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ»։
2 Եւ Յիսուս տղայ մը կանչեց իրեն, զանիկա անոնց մէջտեղը կայնեցուց
3 Ու ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Եթէ դարձի չգաք եւ տղոց պէս չըլլաք, երկնքի թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք’։
4 Ուստի ով որ իր անձը այս տղուն պէս խոնարհեցնէ, անիկա է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ,
5 Եւ ով որ այսպիսի տղայ մը կ’ընդունի իմ անունովս, զիս կ’ընդունի»։
6 «Ով որ գայթակղեցնէ այս պզտիկներէն մէկը, որոնք ինծի կը հաւատան, աղէկ է անոր՝ որ իր պարանոցէն իշու աղացքի քար մը կախուի ու ծովուն անդունդը ընկղմի»։
7 «Վա՜յ աշխարհի՝ գայթակղութիւններուն պատճառաւ, վասն զի հարկ է որ գայթակղութիւնները գան, բայց վա՜յ այն մարդուն՝ որուն ձեռքով գայթակղութիւնը կու գայ։
8 Արդ՝ եթէ քու ձեռքդ կամ ոտքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. աղէկ է քեզի կաղ կամ պակասաւոր մտնել կեանքը, քան թէ երկու ձեռք կամ երկու ոտք ունենալ ու յաւիտենական կրակին մէջ ձգուիլ։
9 Եթէ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա եւ քեզմէ ձգէ. աղէկ է քեզի մէկ աչքով կեանքը մտնել, քան թէ երկու աչք ունենալ ու կրակին գեհեանը ձգուիլ»։
10 «Զգոյշ կեցէք որ չանարգէք այս պզտիկներէն մէկը. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ երկնքի մէջ անոնց հրեշտակները միշտ կը տեսնեն իմ Հօրս երեսը՝ որ երկինքն է։
11 Վասն զի Որդին մարդոյ եկաւ կորսուածը փրկելու։
12 Ի՞նչպէս կ’երեւնայ ձեզի, ‘Եթէ մարդ մը հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը մոլորի, իննսունըինը ոչխարը լեռները չի՞ ձգեր ու՝ ՝ երթար մոլորածը փնտռեր։
13 Եթէ գտնելու ըլլայ, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ աւելի ուրախ կ’ըլլայ անոր վրայ, քան թէ իննսունըիննին՝ որոնք մոլորած չէին։
14 Այսպէս, ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի’»։
15 «Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա յանդիմանէ զանիկա երբ դուն եւ ան մինակ էք. եթէ քեզի մտիկ ընէ, շահեցար քու եղբայրդ։
16 Բայց եթէ մտիկ չընէ քեզի, քեզի հետ ուրիշ մը կամ երկուք ալ առ, որպէս զի երկու կամ երեք վկաներու բերնով ամէն բան հաստատուի։
17 Եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ, եկեղեցիին ըսէ. իսկ եթէ եկեղեցիին ալ մտիկ չընէ, հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս թող ըլլայ քեզի»։
18 «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Երկրի վրայ ինչ որ կապէք, երկնքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ ու երկրի վրայ ինչ որ արձակէք, երկնքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ’։
19 Դարձեալ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ ձեզմէ երկու հոգի երկրի վրայ միաբանին, ամէն ինչ բանի համար որ խնդրեն, պիտի ըլլայ անոնց իմ Հօրմէս որ երկինքն է’։
20 Քանզի ուր երկու կամ երեք հոգի ժողուած ըլլան իմ անունովս, հոն եմ ես անոնց մէջ»։
21 Այն ատեն Պետրոս մօտեցաւ անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս ինծի դէմ մեղանչէ, պէտք է ներեմ անոր. մինչեւ եօ՞թը անգամ»։
22 Յիսուս ըսաւ անոր. «Քեզի չեմ ըսեր թէ մինչեւ եօթը անգամ, հապա մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը։
23 Ասոր համար երկնքի թագաւորութիւնը կը նմանի թագաւորի մը որ իր ծառաներէն հաշիւ առնել ուզեց։
24 Երբ սկսաւ հաշիւ առնել, տասը հազար տաղանդի պարտական մը բերուեցաւ իրեն։
25 Բայց անիկա վճարելու կարողութիւն չունենալով՝ իր տէրը հրաման ըրաւ որ զանիկա եւ անոր կինը ու որդիները եւ անոր բոլոր ունեցածը ծախուին ու պարտքը վճարուի։
26 Իսկ ծառան անոր առջեւ իյնալով երկրպագութիւն ըրաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, համբերէ ինծի եւ ամէնը քեզի վճարեմ’։
27 Ծառային տէրը վրան խղճալով արձակեց զանիկա ու պարտքը շնորհեց անոր։
28 Նոյն ծառան ելաւ, իր ծառայակիցներէն մէկը գտաւ որ իրեն հարիւր դահեկան պարտք ունէր ու զանիկա բռնելով կը խեղդէր ու կ’ըսէր. ‘Վճարէ ինծի ունեցած պարտքդ’։
29 Ուստի իր ծառայակիցը անոր ոտքը ինկաւ, կ’աղաչէր անոր ու կ’ըսէր. ‘Համբերէ ինծի ու քեզի վճարեմ’։
30 Բայց ինք չէր ուզեր, հապա գնաց՝ բանտը դնել տուաւ, մինչեւ որ պարտքը վճարէ։
31 Երբ իր ծառայակիցները տեսան եղած բաները, խիստ տրտմեցան ու եկան իրենց տիրոջը իմացուցին բոլոր եղածը։
32 Այն ատեն անոր տէրը կանչեց զանիկա ու ըսաւ. ‘Չա՛ր ծառայ, այն բոլոր պարտքը ես քեզի շնորհեցի՝ ինծի աղաչելուդ համար.
33 Ուրեմն պէտք չէ՞ր որ դուն ալ քու ծառայակիցիդ ողորմէիր, ինչպէս ես քեզի ողորմեցայ’։
34 Անոր տէրը բարկանալով՝ դահիճներուն մատնեց զանիկա, մինչեւ որ բոլոր պարտքը վճարէ։
35 Այսպէս իմ երկնաւոր Հայրս պիտի ընէ ձեզի եթէ ձեր սրտերէն չներէք ամէն մէկդ իր եղբօրը յանցանքները»։