ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21


Գլուխ 7

Եւ Յերոբաաղ, այսինքն Գեդէօն ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը կանուխ ելան, Հարօդի աղբիւրին քով բանակեցան։ Մադիամի բանակը անոր հիւսիսային կողմը, դէպի Մօրէի բլուրը, հովիտին մէջ էր։
2 Տէրը ըսաւ Գեդէօնին. «Քեզի հետ եղող ժողովուրդը շատ է. չեմ ուզեր Մադիամը անոնց ձեռքը տալ, չըլլայ որ Իսրայէլ ինծի դէմ պարծենայ ու ըսէ թէ ‘Իմ ձեռքս զիս ազատեց’։
3 Ուստի հիմա քարոզ կարդայ, որպէս զի ժողովուրդը լսէ ու ըսէ՛՝ ‘Ով որ վատասիրտ ու երկչոտ է, թող ետ դառնայ եւ շուտով Գաղաադ լեռնէն երթայ’»։ Ժողովուրդէն քսանըերկու հազար հոգի ետ դարձան ու տասը հազար մնացին։
4 Եւ Տէրը ըսաւ Գեդէօնին. «Ժողովուրդը տակաւին շատ է։ Ջուրին քով իջեցուր զանոնք ու հոն զանոնք փորձեմ եւ որո՛ւ համար քեզի ըսեմ թէ ‘Ատիկա քեզի հետ թող երթայ’, անիկա քեզի հետ թող երթայ ու որո՛ւ համար քեզի ըսեմ թէ ‘Ատիկա քեզի հետ թող չերթայ’, անիկա թող չերթայ»։
5 Ուստի ժողովուրդը ջուրին քով իջեցուց եւ Տէրը Գեդէօնին ըսաւ. «Ով որ շունի լափելուն պէս ջուրը լեզուովը լափէ, զանիկա առանձինն կեցուր ու ով որ խմելու համար իր ծունկերուն վրայ ծռի, զանիկա ալ առանձինն կեցուր»։
6 Ձեռքը բերանը տանելով լափողներուն թիւը երեք հարիւր էր եւ բոլոր մնացած ժողովուրդը իրենց ծունկերուն վրայ ծռեցան ջուր խմելու համար։
7 Տէրը Գեդէօնին ըսաւ. «Այն երեք հարիւր մարդոցմով, որոնք ջուրը լափեցին, ձեզ պիտի ազատեմ եւ Մադիամը քու ձեռքդ պիտի մատնեմ ու բոլոր մնացած ժողովուրդը, ամէն մարդ, իր տեղը թող երթայ»։
8 Ուստի ժողովուրդը իրենց ձեռքը պաշար առին եւ իրենց փողերն ալ։ Եւ Գեդէօն Իսրայէլի բոլոր մարդիկը, ամէն մէկը, իր վրանը ղրկեց, բայց այն երեք հարիւր մարդը իր քով պահեց։ Մադիամի բանակը հովիտին մէջն էր։
9 Նոյն գիշերը Տէրը անոր ըսաւ. «Ոտքի՛ ելիր ու ասկէ բանակը իջի՛ր, քանզի զանիկա քու ձեռքդ մատնեցի։
10 Եթէ դուն իջնելու կը վախնաս, նախ դուն քու ծառայիդ Փուրային հետ բանակը իջիր
11 Եւ լսէ թէ անոնք ի՞նչ կը խօսին, անկէ յետոյ քու ձեռքերդ պիտի ուժովնան, որպէս զի բանակին դէմ իջնես։ Ուստի ինք եւ իր ծառան Փուրա բանակին մէջի գունդերուն ծայրը իջան։
12 Մադիամ եւ Ամաղէկ ու բոլոր արեւելքցիները մարախներու պէս բազմութեամբ հովիտին մէջ պառկեր էին եւ անոնց ուղտերը անթիւ էին ու ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էին։
13 Գեդէօն հոն երթալով՝ լսեց որ մարդ մը իր ընկերին երազ կը պատմէր ու կ’ըսէր. «Ես երազ մը տեսայ։ Գարեղէն հաց մը դէպի Մադիամի բանակը կը գլորուէր, վրանին հասնելով անոր զարկաւ, ձգեց ու գլխիվար դարձուց եւ վրանը ինկաւ»։
14 Անոր ընկերը պատասխան տուաւ եւ ըսաւ. «Ատիկա ուրիշ բան չէ, բայց միայն Իսրայելացի Յովասի որդիին Գեդէօնին սուրը։ Աստուած Մադիամն ու բոլոր բանակը անոր ձեռքը մատներ է»։
15 Երբ Գեդէօն երազին պատմութիւնն ու անոր մեկնութիւնը լսեց, Տէրոջը երկրպագութիւն ըրաւ եւ Իսրայէլի բանակը դարձաւ ու ըսաւ. «Ոտքի ելէ՛ք, քանզի Տէրը Մադիամի բանակը ձեր ձեռքը տուեր է»։
16 Այն երեք հարիւր մարդը երեք գունդի բաժնելով, ամենուն ձեռքը փողեր ու պարապ սափորներ տուաւ եւ սափորներուն մէջ ալ ջահեր դրաւ
17 Ու անոնց ըսաւ. «Ինծի նայեցէ՛ք եւ այնպէս ըրէ՛ք ու երբ բանակին եզերքը հասնիմ, ես ի՛նչպէս որ ընեմ, դուք ալ այնպէս ըրէք։
18 Երբ ես ու բոլոր ինծի հետ եղողները փողը հնչեցնենք, այն ատեն դուք ալ բոլոր բանակին չորս կողմը փողերը հնչեցուցէ՛ք եւ ըսէ՛ք. ‘Տէրոջը ու Գեդէօնին սուրը’»։
19 Գեդէօն ու անոր հետ եղող հարիւր մարդը ճիշդ կէս գիշերին, երբ պահապանները նոր դրած էին, բանակին եզերքը հասան եւ փողերը հնչեցնելով ձեռքերնուն մէջ եղած սափորները կոտրտեցին։
20 Այն ատեն երեք գունդն ալ փողերը հնչեցուցին ու սափորները կոտրտեցին ու ձախ ձեռքով ջահերը ու աջ ձեռքով փողերը բռնած էին եւ հնչեցնելով կը պոռային ու կ’ըսէին. «Տէրոջը ու Գեդէօնին սուրը»։
21 Ամէն մարդ բանակին բոլորտիքը իր տեղը կայներ էր ու բոլոր բանակը վազելով եւ աղաղակելով կը փախչէին։
22 Երբ այն երեք հարիւր մարդիկը իրենց փողերը հնչեցուցին, Տէրը բոլոր բանակին մէջ գտնուող ամէն մարդու սուրը իր ընկերին վրայ դարձուց եւ զօրքը մինչեւ Բեթասետա դէպի Սարերա ու մինչեւ Աբէլմաուլայի սահմանը եւ Տաբէթ փախաւ։
23 Իսրայելացիները Նեփթաղիմէն, Ասերէն եւ բոլոր Մանասէէն հաւաքուեցան ու Մադիանացիներուն ետեւէն ինկան։
24 Գեդէօն Եփրեմի բոլոր լեռնակողմը պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Մադիանացիները դիմաւորելու իջէք եւ անոնց առջեւէն ջուրերը բռնեցէ՛ք մինչեւ Բեթբարա, նաեւ Յորդանանը»։ Ուստի Եփրեմի բոլոր մարդիկը հաւաքուեցան ու ջուրերը բռնեցին մինչեւ Բեթբարա, նաեւ Յորդանանը։
25 Եւ Մադիամի երկու իշխանները, Օրէբն ու Զէբը բռնեցին։ Օրէբը՝ Օրէբի վէմին քով մեռցուցին ու Զէբը՝ Զէբի հնձանին քով մեռցուցին։ Եւ Մադիանացիները հալածեցին ու Օրէբի եւ Զէբի գլուխները Գեդէօնին բերին Յորդանանի անդիի կողմէն։