ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 5
Այն օրը Դեբօրա ու Աբինոամի որդին Բարակ երգեցին ու ըսին.
2 «Իսրայէլի զօրավարներուն առաջնորդներուն Ու ժողովուրդին յօժարակամ անձնուէր ըլլալուն համար՝ Տէրը օրհնեցէ՛ք։
3 Ո՜վ թագաւորներ, մտի՛կ ըրէք, Ո՜վ նախարարներ, ակա՛նջ դրէք. Ես Տէրոջը պիտի երգեմ, Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն սաղմոս պիտի ըսեմ։
4 Ո՜վ Տէր, երբ դուն Սէիրէ ելար Ու Եդովմի դաշտէն չուեցիր, Երկիրը շարժեցաւ, երկինքը անձրեւ տեղաց, Ամպերն ալ ջուր կաթեցուցին։
5 Տէրոջը երեսէն լեռները հալեցան, Իսրայէլին Տէր Աստուծոյն երեսէն Սինան ալ հալեցաւ։
6 Անաթի որդիին Սամեգարի օրերը, Յայէլի օրերը, Մեծ ճամբաները անկոխ էին՝ ՝ Ու ճանապարհորդները խոտորնակ ճամբաներէ կ’երթային։
7 Իսրայէլի մէջ զօրավարներ չմնացին, Չմնացին, մինչեւ որ ես Դեբօրա ելայ, Մինչեւ որ ելայ Իսրայէլի մէջ մայր ըլլալու։
8 Նոր աստուածներ ընտրեցին. Այն ատեն իրենց դռներուն մէջ պատերազմ եղաւ, Արդեօք Իսրայէլի քառասուն հազար զօրքին մէջ Վահան կամ նիզակ երեւցա՞ւ։
9 Իմ սիրտս Իսրայէլի իշխաններուն վրայ է. Ո՛վ ժողովուրդին անձնուէր եղողներ, Տէրը օրհնեցէ՛ք։
10 «Ճերմակ էշերու վրայ հեծնողներ, Դատաստանի ատեանը նստողներ Ու ճամբու վրայ պտըտողներ, խօսեցէ՛ք։
11 Աղեղնաւորներուն ձայնէն ազատուած՝ Ջուր հանելու տեղերուն մէջ, Հոն Տէրոջը արդարութիւնները Ու Իսրայէլի մէջ անոր զօրավարներուն արդարութիւնները թող պատմեն. «Այն ատեն Տէրոջը ժողովուրդը դռները իջան։
12 «Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր, ո՛վ Դեբօրա, Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր ու երգէ՛. Ո՛վ Բարակ, ելի՛ր. Ո՛վ Աբինոամի որդի, քու գերութիւնդ գերի ըրէ՛։
13 Այն ատեն փախստականները Ժողովուրդին զօրավարներուն վրայ յարձակեցան. Տէրը ինծի հետ Զօրավարներուն դէմ իջաւ։
14 Եփրեմին արմատէն եղողները Ամաղէկի վրան ելան. Բենիամինը քու ետեւէդ քու ժողովուրդիդ մէջ եկաւ. Մաքիրէն՝ իշխաններ Ու Զաբուղոնէն դպիրի գրիչ բռնողներ իջան։
15 Եւ Իսաքարին զօրավարները Դեբօրային հետ Ու Իսաքար ալ Բարակին պէս Անոր ետեւէն հովիտը ղրկուեցաւ. Ռուբէնին տոհմերուն մէջ Մեծ յուզմունք կար.
16 Ինչո՞ւ համար փարախներուն մէջ նստար, Որ հօտերուն մայե՞լը՝ ՝ լսես։ Ռուբէնին տոհմերուն մէջ Մեծ տարակուսանք կար։
17 Գաղաադ Յորդանանին անդիի կողմը կը բնակէր Ու Դան ինչո՞ւ համար նաւերու մէջ պանդուխտ մնաց։ Ասեր ծովուն եզերքը կը նստէր, Ու իր նաւահանգիստներուն քով կը բնակէր։
18 Զաբուղոն ու Նեփթաղիմ այնպիսի ժողովուրդ մըն է, Որ դաշտին բարձր տեղերը զինք մահուան վտանգին մէջ կը դնէ։
19 Թագաւորները եկան, պատերազմ ըրին. Այն ատեն Քանանացիներու թագաւորները Մակեդդովի ջուրին քով Թանաքի մէջ պատերազմ ըրին. Ստակ չշահեցան։
20 Երկնքէն պատերազմ ըրին. Աստղերը իրենց շրջաններէն Սիսարայի դէմ պատերազմ ըրին։
21 Կիսոն հեղեղատը, այն հին հեղեղատը, Կիսոն հեղեղատը զանոնք քշեց տարաւ։ Ո՛վ իմ անձս, անոնց զօրութիւնը կոխեցիր։
22 Այն ատեն ձիերուն սմբակները Սաստիկ վազելուն համար կտոր կտոր եղան, Զօրավարներուն վազցնելովը։
23 Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ. «Մարովզը նզովեցէ՛ք, Անոր բնակիչները սաստիկ նզովեցէ՛ք, Քանզի Տէրոջը օգնութեան, Զօրաւոր թշնամիներուն դէմ Տէրոջը օգնութեան չեկան»։
24 Կենեցի Քաբերին կինը Յայէլ Կիներուն մէջ ամենէն աւելի օրհնեալ ըլլայ. Վրաններու մէջ բնակող կիներէն Աւելի օրհնեալ ըլլայ։
25 Սիսարա ջուր ուզեց. կաթ տուաւ, Իշխաններուն ամանովը կոգի մատուցանեց։
26 Անիկա իր ձեռքը ցիցին Ու իր աջ ձեռքը հիւսնի ուռին երկնցուց Ու Սիսարային զարնելով գլուխը ճեղքեց Ու ցիցը անոր ծամելիքը մխելով խոցեց։
27 Անիկա ծռեցաւ, Յայէլին ոտքերուն մէջ ինկաւ փռուեցաւ, Ոտքերուն մէջ ծռեցաւ ինկաւ. Ուր որ ծռեցաւ, հոն մեռած ինկաւ։
28 Սիսարային մայրը պատուհանէն նայեցաւ Ու վանդակին ետեւէն աղաղակեց. ‘Ինչո՞ւ համար անոր կառքը կ’ուշանայ գալու, Ինչո՞ւ անոր կառքերուն քայլերը ետ կը մնան’։
29 Անոր իմաստուն տիկինները անոր պատասխան տուին, Ինք ալ իր խօսքերուն պատասխանը իրեն կու տար.
30 ‘Անշուշտ անոնք աւար գտան, Զանիկա բաժնելու վրայ են. Ամէն կտրիճի համար մէկ կամ երկու աղջիկ, Իսկ Սիսարային համար գոյնզգոյն աւար մը, Գոյնզգոյն նկարագործ աւար մը, Երկու կողմը բանուած ու գոյնզգոյն վզնոցներ աւար առած պիտի ըլլան’։
31 Ո՛վ Տէր, քու բոլոր թշնամիներդ Այսպէս թող կորսուին. Իսկ զանիկա սիրողները Իր զօրութիւնովը ելլող արեւուն պէս ըլլան»։ Ու երկիրը քառասուն տարի հանգստացաւ։