ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21


Գլուխ 2

Տէրոջը հրեշտակը Գաղգաղայէն Բոքիմ ելաւ ու ըսաւ. «Ձեզ Եգիպտոսէն հանեցի եւ ձեզ այն երկիրը բերի, որուն համար ձեր հայրերուն երդում ըրեր էի ու ըսի թէ՝ ‘Ձեզի հետ ըրած ուխտս յաւիտեան պիտի չաւրեմ։
2 Այս երկրին բնակիչներուն հետ դաշնակցութիւն մի՛ ընէք, անոնց սեղանները փլցուցէ՛ք’. բայց դուք իմ խօսքիս հնազանդութիւն չըրիք։ Ինչո՞ւ համար այս բանը ըրիք։
3 Ես ալ ըսի. ‘Զանոնք ձեր առջեւէն պիտի չվռնտեմ, հապա անոնք ձեզի թշնամի ու անոնց աստուածներն ալ ձեզի որոգայթ պիտի ըլլան’»։
4 Երբ Տէրոջը հրեշտակը բոլոր Իսրայէլի որդիներուն այս խօսքերը ըսաւ, ժողովուրդը ձայնը վերցնելով լացաւ։
5 Եւ այն տեղին անունը Բոքիմ կոչեցին ու հոն Տէրոջը զոհ մատուցանեցին։
6 Երբ Յեսու ժողովուրդը արձակեց, Իսրայէլի որդիները ամէն մէկը իր կալուածքը գնաց՝ երկիրը ժառանգելու համար։
7 Ժողովուրդը, Յեսուին բոլոր օրերուն մէջ ու Յեսուէն ետքը ողջ մնացող եւ Իսրայէլին համար Տէրոջը ըրած բոլոր մեծ գործերը տեսնող ծերերուն բոլոր օրերուն մէջ, Տէրոջը ծառայութիւն ըրին։
8 Տէրոջը ծառան Յեսու Նաւեան հարիւր տասը տարեկան մեռաւ։
9 Զանիկա իր ժառանգութեանը սահմանին մէջ Գաաս լերանը հիւսիսային կողմը, Եփրեմի լեռը, Թամնաթ-Հարեսի մէջ թաղեցին։
10 Այն դարուն բոլոր մարդիկը իրենց հայրերուն խառնուեցան ու անոնցմէ յետոյ ուրիշ ազգ մը ելաւ, որ Տէրը ու Իսրայէլին համար անոր ըրած գործերը չէր ճանչնար։
11 Եւ Իսրայէլին որդիները Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու Բահաղիմը պաշտեցին
12 Եւ թողուցին իրենց հայրերուն Աստուածը, որ զիրենք Եգիպտոսի երկրէն հաներ էր ու օտար աստուածներու ետեւէն գացին, այսինքն իրենց բոլորտիքը եղող ազգերուն քանի մը աստուածներուն ու անոնց երկրպագութիւն ըրին եւ Տէրը սրդողցուցին։
13 Անոնք Տէրը թողուցին եւ Բահաղն ու Աստարովթը պաշտեցին։
14 Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք կողոպտիչներու ձեռքը մատնեց, որոնք զանոնք կողոպտեցին։ Զանոնք շրջակայ թշնամիներուն ծախեց ու ալ չէին կրնար իրենց թշնամիներուն դէմ կենալ։
15 Ուր որ երթային՝ Տէրոջը ձեռքը անոնց վրայ էր չարիք ընելու համար, ինչպէս Տէրը ըսեր էր եւ ինչպէս անոնց երդում ըրեր էր, որով խիստ մեծ նեղութեան մէջ ինկան։
16 Տէրը դատաւորներ հանեց, որոնք կողոպտիչներուն ձեռքէն ազատեցին զանոնք։
17 Սակայն իրենց դատաւորներուն ալ մտիկ չըրին ու օտար աստուածներու ետեւէ երթալով պոռնկութիւն ըրին ու անոնց երկրպագութիւն ըրին։ Շուտով խոտորեցան այն ճամբայէն, որուն մէջ իրենց հայրերը կը քալէին Տէրոջը հրամաններուն հնազանդելով, բայց ասոնք այնպէս չըրին։
18 Երբ Տէրը անոնց դատաւորներ կը հանէր, Տէրը դատաւորին հետ ըլլալով, դատաւորին բոլոր օրերը զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքէն կ’ազատէր. քանզի անոնց նեղութիւն տուողներուն ու չարչարողներուն երեսէն անոնց հեծութիւններուն համար Տէրը կը խղճար։
19 Երբ դատաւորը մեռնէր, կը դառնային նորէն օտար աստուածներու ետեւէ կ’երթային, զանոնք կը պաշտէին եւ անոնց երկրպագութիւն կ’ընէին ու իրենց հայրերէն աւելի անօրէնութիւն կ’ընէին. իրենց չար գործերէն ու իրենց ծուռ ճամբայէն չէին դառնար։
20 Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքելով՝ ըսաւ. «Որովհետեւ այս ազգը իրենց հայրերուն պատուիրած ուխտս զանց ընելով, իմ ձայնիս հնազանդութիւն չըրին,
21 Ես ալ այսուհետեւ անոնց առջեւէն բնաւ մէկը պիտի չվռնտմ այն ազգերէն, որոնք Յեսու իր մեռած ատենը թողուց։
22 Որպէս զի անոնցմով Իսրայէլը փորձեմ, թէ արդեօք իրենց հայրերուն պէս զգուշութիւն պիտի ընե՞ն Տէրոջը ճամբէն քալելու, թէ ոչ»։
23 Ուստի Տէրը այս ազգերը թող տուաւ եւ շուտով չվռնտեց ու զանոնք Յեսուին ձեռքը չմատնեց։