ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ
Գլուխ 4
Աւովդի մեռնելէն յետոյ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը առջեւ նորէն չարութիւն ըրին։
2 Տէրը մատնեց զանոնք Քանանացիներուն Յաբին թագաւորին ձեռքը, որ Հասորի մէջ կը թագաւորէր եւ անոր զօրագլուխը Սիսարա էր, որ Արիսօթի մէջ կը բնակէր։
3 Իսրայէլի որդիները Տէրոջը աղաղակեցին. քանզի անիկա ինը հարիւր երկաթէ կառքեր ունէր ու անիկա քսան տարի Իսրայէլի որդիները սաստիկ նեղեց։
4 Այն ատեն Դեբօրա մարգարէուհին՝ Ղաբիդօթի կինը՝ Իսրայէլի մէջ դատաւորութիւն կ’ընէր։
5 Անիկա Եփրեմի լերանը վրայ, Ռամայի ու Բեթէլի մէջտեղ, Դեբօրային արմաւենիին տակ կը բնակէր։ Իսրայէլին որդիները դատաստանի համար անոր կ’ելլէին։
6 Դեբօրան մարդ ղրկեց եւ Նեփթաղիմի Կադէսէն Աբինոամի որդին Բարակը կանչեց ու անոր ըսաւ. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը քեզի չհրամայե՞ց ըսելով. ‘Գնա՛, Թաբօր լեռը ելի՛ր ու Նեփթաղիմի որդիներէն քեզի հետ տասը հազար մարդ առ
7 Ու ես Յաբինի զօրագլուխը Սիսարան եւ անոր կառքերն ու զօրաց բազմութիւնը քու դէմդ պիտի հանեմ Կիսոն հեղեղատին քով ու զանիկա քու ձեռքդ պիտի մատնեմ’»։
8 Բարակ անոր ըսաւ. «Եթէ դուն ալ ինծի հետ երթաս, կ’երթամ. բայց եթէ ինծի հետ չերթաս, չեմ երթար»։
9 Դեբօրա ըսաւ. «Անշուշտ ես քեզի հետ պիտի երթամ, բայց քու երթալու ճամբադ քեզ քու փառքիդ պիտի չառաջնորդէ. քանզի Տէրը Սիսարան կնոջ մը ձեռքը պիտի մատնէ»։ Դեբօրան ելաւ ու Բարակին հետ Կադէս գնաց։
10 Բարակ Զաբուղոնն ու Նեփթաղիմը Կադէսի մէջ հաւաքեց եւ տասը հազար մարդով ելաւ։ Դեբօրա ալ անոր հետ ելաւ։
11 Մովսէսին աներոջ Յոբաբին որդիներէն Կենեցի Քաբերը Կենեցիներէն զատուեր էր ու իր վրանը Կադէսի մօտ Սանանիմի Կաղնիին քով կանգնեցուցեր էր։
12 Այն ատեն Սիսարային իմացուցին թէ Աբինոամի որդին Բարակ Թաբօր լեռը ելեր է։
13 Սիսարան իր բոլոր կառքերը, ինը հարիւր երկաթէ կառքերը ու իրեն հետ եղող բոլոր զօրքը Արիսօթէն Կիսոն հեղեղատը հաւաքեց։
14 Դեբօրա ըսաւ Բարակին. «Ոտքի՛ ելիր, քանզի Տէրը այսօր Սիսարան քու ձեռքդ մատնեց. միթէ Տէրը քու առջեւէդ չելա՞ւ»։ Բարակ Թաբօր լեռնէն իջաւ եւ իրեն հետ տասը հազար մարդ կար։
15 Տէրը Սիսարան եւ բոլոր կառքերն ու բոլոր բանակը Բարակին առջեւ սուրի բերնով խորտակեց։ Սիսարան կառքէն վար իջաւ ու ոտքով փախաւ։
16 Բարակ կառքերն ու բանակը մինչեւ Արիսօթը հալածեց ու Սիսարային բոլոր բանակը սուրի բերնով ինկաւ ու մարդ մը չմնաց։
17 Սիսարա ոտքով Կենեցի Քաբերին կնոջ Յայէլին վրանը փախաւ. քանզի Հասորի Յաբին թագաւորին ու Կենեցի Քաբերին տանը մէջտեղ խաղաղութիւն կար։
18 Ուստի Յայէլ Սիսարան դիմաւորելու ելաւ ու անոր ըսաւ. «Տէ՛ր իմ, դարձի՛ր, ինծի՛ դարձիր, մի՛ վախնար»։ Ուստի անիկա դէպի վրանը անոր դարձաւ։ Կինը զանիկա վերմակով մը ծածկեց։
19 Անիկա կնոջը ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, ինծի քիչ մը ջուր տուր որ խմեմ, քանզի ծարաւ եմ»։ Ան ալ կաթին տիկը բացաւ ու անոր խմցուց. ետքը զանիկա ծածկեց։
20 Անիկա կնոջը ըսաւ. «Վրանին դուռը կեցի՛ր ու եթէ մարդ մը գայ, քեզի հարցնէ ու ըսէ թէ ‘Այս տեղ մարդ կա՞յ’, ‘Չկայ’, ըսէ՛»։
21 Քաբերին կինը Յայէլ վրանին մէկ ցիցը առաւ, ուռն ալ ձեռքը բռնելով՝ կամացուկ մը անոր քով գնաց, ցիցը անոր ծամելիքը մխելով մինչեւ գետինը գամեց։ Անիկա յոգնած ըլլալուն համար խորունկ քունի մէջ էր։ Այսպէս մեռաւ։
22 Բարակ Սիսարային ետեւէն կը վազէր եւ Յայէլ զանիկա դիմաւորելու ելաւ ու անոր ըսաւ. «Եկո՛ւր, քու փնտռած մարդդ քեզի ցուցնեմ»։ Անիկա կնոջը հետ ներս մտաւ եւ ահա Սիսարան մեռած պառկեր էր ու ցիցը անոր ծամելիքին մէջն էր։
23 Աստուած այն օրը Քանանացիներուն Յաբին թագաւորը Իսրայէլի որդիներուն առջեւ կորագլուխ ըրաւ։
24 Քանանացիներուն Յաբին թագաւորին դէմ Իսրայէլի որդիներուն ձեռքը օրէ օր կը զօրանար, մինչեւ որ Քանանացիներուն Յաբին թագաւորը բնաջինջ եղաւ։