ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21


Գլուխ 17

Եփրեմին լեռնէն Միքա անունով մարդ մը կար։
2 Անիկա իր մօրը ըսաւ. «Քեզմէ առնուած այն հազար հարիւր կտոր արծաթը, որուն համար անէծք տուիր, ահա այն արծաթը իմ քովս է, զանիկա ես առի»։ Մայրը անոր ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ, Տէրը քեզ օրհնէ»։
3 Եւ անիկա հազար հարիւր կտոր արծաթը իր մօրը դարձուց. բայց անոր մայրը ըսաւ. «Ես այն արծաթը իմ ձեռքէս բոլորովին Տէրոջը նուիրեցի իմ տղուս համար, անով քանդակուած ու թափծու կուռք շինելու համար. ուստի հիմա զանիկա քեզի կու տամ»։
4 Իսկ Միքա այն արծաթը իր մօրը դարձուց։ Մայրը երկու հարիւր կտոր արծաթ առաւ ու զանոնք ոսկերիչին տուաւ, ան ալ անոնցմով քանդակուած ու թափծու կուռք շինեց եւ անոնք Միքայի տունը դրուեցան։
5 Ու Միքան աստուածներու տուն մը ունեցաւ ու եփուտ եւ թերափիմ շինեց ու իր տղաքներէն մէկը ընտրեց, որ իրեն քահանայ ըլլայ։
6 Այն օրերը Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար։ Ամէն մարդ իր աչքին հաճելի եղածը կ’ընէր։
7 Յուդային ազգատոհմէն ու Յուդային Բեթլեհէմէն պատանի մը կար։ Անիկա Ղեւտացի էր ու հոն կը բնակէր պանդուխտի պէս։
8 Այս մարդը Յուդային Բեթլեհէմէն ելաւ, որպէս զի ապրուստ գտած տեղը պանդխտութիւն ընէ ու ճամբորդութիւն ընելով մինչեւ Եփրեմի լեռը ու մինչեւ Միքայի տունը գնաց։
9 Միքա անոր ըսաւ. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Ու անիկա անոր ըսաւ. «Ես Ղեւտացի եմ ու Յուդային Բեթլեհէմէն կու գամ, եւ ապրուստ գտած տեղս պանդխտանալու կ’երթամ»։
10 Միքա անոր ըսաւ. «Իմ քովս բնակէ եւ ինծի հայր ու քահանայ եղիր եւ ես քեզի տարուէ տարի տասը կտոր արծաթ, ձեռք մը փոխելու հանդերձ ու քու ուտելիքդ տամ»։
11 Ղեւտացին հոն մնաց։ Ղեւտացին այն մարդուն հետ բնակելու հաւանութիւն տուաւ եւ այս պատանին անոր որդիներէն մէկուն պէս եղաւ անոր։
12 Ու Միքա Ղեւտացին օրհնեց եւ պատանին անոր քահանայ եղաւ ու Միքայի տունը կը բնակէր։
13 Եւ Միքա ըսաւ. «Հիմա աղէկ գիտեմ որ Տէրը ինծի բարիք պիտի ընէ, քանզի այս Ղեւտացին իմ քահանաս եղաւ»։