ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21


Գլուխ 16

Սամփսոն Գազա գնաց ու հոն պոռնիկ կին մը տեսաւ ու անոր մտաւ։
2 Գազացիներուն ըսուեցաւ թէ Սամփսոն հոս եկեր է։ Պաշարեցին ու բոլոր գիշերը անոր դարանակալ եղան քաղաքին դրանը քով ու բոլոր գիշերը լուռ կեցան եւ ըսին. «Առաւօտուն զանիկա կը մեռցնենք»։
3 Սամփսոն մինչեւ կէս գիշեր քնացաւ ու կէս գիշերին ելաւ, քաղաքին դրանը փեղկերը երկու սեմերովը բռնեց, զանոնք նիգովը մէկտեղ փրցուց ու կռնակը առնելով զանոնք Քեբրոնի դիմացի լերանը գլուխը հանեց։
4 Անկէ ետքը Սովրեկ հեղեղատին եզերքը բնակող կին մը սիրեց։ Անոր անունը Դալիլա էր։
5 Փղշտացիներու նախարարները կնոջ քով գացին ու անոր ըսին. «Զանիկա խաբէ ու անկէ հասկցիր թէ անոր մեծ զօրութիւնը ինչէ՞ն է եւ թէ ինչո՞վ կրնանք անոր յաղթել, որպէս զի զանիկա կապենք ու հնազանդեցնենք։ Ատոր համար քեզի ամէն մէկս հազար հարիւր կտոր արծաթ կու տանք»։
6 Ու Դալիլա Սամփսոնին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, յայտնէ ինծի թէ քու մեծ զօրութիւնդ ինչէ՞ն է եւ քեզ հնազանդեցնելու համար ի՞նչ բանով կապել պէտք է»։
7 Սամփսոն անոր ըսաւ. «Եթէ զիս եօթը հատ չչորցած թարմ ջիլերով՝ ՝ կապեն, կը տկարանամ եւ ուրիշ մարդոց մէկուն պէս կ’ըլլամ»։
8 Փղշտացիներու նախարարները անոր եօթը հատ չչորցած թարմ ջիլեր բերին։ Զանիկա անոնցմով կապեց։
9 Ներքին սենեակին մէջ դարանակալ մարդիկ նստեր էին։ Ու կինը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Սամփսոն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան»։ Այն ատեն անիկա ջիլերը կրակի հոտէն փրթած խծուծէ լարի պէս փրցուց։ Ասով ալ անոր ոյժին գաղտնիքը չհասկցուեցաւ։
10 Դալիլա ըսաւ Սամփսոնին. «Ահա զիս խաբեցիր ու ինծի սուտ խօսեցար. հիմա կ’աղաչեմ, յայտնէ ինծի թէ ինչո՞վ կը կապուիս»։
11 Ան ալ ըսաւ. «Եթէ զիս նոր ու չգործածուած չուաններով աղէկ մը կապեն, այն ատեն կը տկարանամ եւ ուրիշ մարդոց մէկուն պէս կ’ըլլամ»։
12 Դալիլա նոր չուաններ առաւ եւ անոնցմով զանիկա կապեց ու անոր ըսաւ. «Ո՛վ Սամփսոն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան»։ (Դարանակալ մարդիկ ներքին սենեակին մէջ նստեր էին։) Սամփսոն զանոնք իր թեւերէն դերձանի պէս փրցուց։
13 Դալիլա ըսաւ Սամփսոնին. «Մինչեւ հիմա զիս խաբեցիր եւ ինծի սուտ խօսեցար։ Ըսէ՛ ինծի թէ ինչո՞վ կը կապուիս»։ Ու անիկա ըսաւ անոր. «Եթէ գլխուս եօթը բաժին մազերը աղբով հիւսես»։
14 Անիկա այնպէս ըրաւ, ու գործարանին ցիցովը ամուրցուց ու անոր ըսաւ. «Ո՛վ Սամփսոն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան»։ Անիկա քունէն արթնցաւ ու ոստայնին ցիցը աղբովը մէկտեղ քաշեց տարաւ։
15 Այն ատեն Դալիլա անոր ըսաւ. «Քու սիրտդ ինծի հետ չէ։ Ի՞նչպէս կ’ըսես թէ ‘Քեզ կը սիրեմ’։ Երեք անգամ է, որ զիս կը խաբես ու ինծի չըսիր թէ քու մեծ զօրութիւնդ ինչէ՞ն է»։
16 Որովհետեւ ամէն օր իր խօսքերովը անոր նեղութիւն կու տար ու զանիկա կը բռնադատէր, այնպէս որ անոր սիրտը մինչեւ մահուան աստիճան նեղացաւ։
17 Ուստի բոլոր իր սրտին մէջ եղածը անոր պատմեց ու ըսաւ անոր. «Իմ գլխուս վրայ ածելի չէ դպած. քանզի իմ մօրս արգանդէն ես Աստուծոյ ուխտաւոր եմ։ Եթէ ածիլուիմ, իմ ոյժս ինծմէ կ’երթայ ու կը տկարանամ եւ ամէն մարդու պէս կ’ըլլամ»։
18 Երբ Դալիլա տեսաւ որ անիկա բոլոր իր սրտին մէջ եղածը իրեն պատմեց, նախարարները կանչել տուաւ ու ըսաւ. «Այս անգամ ելէ՛ք. քանզի բոլոր իր սրտին մէջ եղածը ինծի յայտնեց։ Այն ատեն նախարարները անոր քով ելան ու արծաթն ալ իրենց հետ բերին։
19 Դալիլա զանիկա իր ծունկերուն վրայ քնացուց ու մարդ մը կանչեց եւ անոր գլխուն եօթը բաժին մազերը ածիլել տուաւ ու սկսաւ զանիկա նեղել եւ անոր ոյժը իրմէ գացած էր։
20 Կինը ըսաւ. «Ո՛վ Սամփաոն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան»։ Անիկա քունէն արթննալով ըսաւ. «Ելլեմ ու միւս անգամներուն պէս ցնցուիմ»։ Անիկա չէր գիտեր թէ Տէրը իրմէ գացեր էր։
21 Փղշտացիները զանիկա բռնեցին եւ անոր աչքերը փորեցին ու զանիկա Գազա իջեցուցին եւ ոտնակապերով կապեցին ու բանտին մէջ աղօրիքի քար կը դարձնէր։
22 Անոր գլխուն մազը սկսաւ բուսնիլ։
23 Փղշտացիներու նախարարները հաւաքուեցան, որպէս զի իրենց աստուծոյն՝ Դագոնին՝ մեծ զոհ մատուցանեն եւ ուրախութիւն ընեն ու ըսին. «Մեր աստուածը մեր ձեռքը մատնեց մեր թշնամի Սամփսոնը»։
24 Ու ժողովուրդը զանիկա տեսնելով՝ իրենց աստուածը գովեցին. քանզի ըսին. «Մեր աստուածը մեր ձեռքը մատնեց մեր թշնամին, մեր երկիրը աւրողը եւ մեզմէ շատեր մեռցնողը»։
25 Երբ անոնց սիրտը ուրախ էր, ըսին. «Սամփսոնը կանչեցէք, որ մեր առջեւ խաղայ»։ Ուստի Սամփսոնը բանտէն կանչեցին ու անոնց առջեւ խաղաց եւ զանիկա սիւներուն մէջտեղ կայնեցուցին։
26 Սամփսոն իր ձեռքէն բռնող պատանիին ըսաւ. «Թո՛ղ տուր զիս, որ այս տունը վերցնող սիւները բռնեմ ու անոնց վրայ կռթնիմ»։
27 Տունը այր եւ կիներով լեցուն էր ու Փղշտացիներու բոլոր նախարարները հոն էին եւ տանիքին վրայ երեք հազարի չափ մարդիկ ու կիներ կային, որոնք Սամփսոնին խաղալը կը դիտէին։
28 Սամփսոն Տէրոջը աղաղակելով ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Եհովա, կ’աղաչեմ, զիս յիշէ՛. ո՛վ Աստուած, միայն այս անգամ ալ զիս զօրացուր, որպէս զի Փղշտացիներէն իմ երկու աչքերուս վրէժը մէկէն առնեմ»։
29 Ու Սամփսոն այն տունը վերցնող երկու միջին սիւները, մէկը աջ ձեռքովը ու միւսը ձախ ձեռքովը բռնելով, անոնց վրայ կռթնեցաւ
30 Եւ Սամփսոն ըսաւ. «Իմ անձս Փղշտացիներուն հետ թող մեռնի» ու բոլոր ուժովը ծռեցաւ եւ տունը՝ նախարարներուն ու իր մէջը եղող բոլոր ժողովուրդին վրայ ինկաւ։ Իր մեռած ատենը մեռցուցածները իր կենդանութեան ատենը մեռցուցածներէն աւելի էին։
31 Այն ատեն եղբայրները եւ բոլոր հօրը տունը իջան ու զանիկա վերցուցին եւ հանեցին իր հօրը Մանուէին գերեզմանը թաղեցին՝ Սարաայի ու Եսթաւուղի մէջտեղ։ Անիկա Իսրայէլի մէջ քսան տարի դատաւորութիւն ըրաւ։