ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21


Գլուխ 11

Գաղաադացի Յեփթայէն զօրաւոր ու կտրիճ մարդ մըն էր, բայց անիկա պոռնիկ կնոջ մը զաւակն էր։ Գաղաադ Յեփթայէին հայրն էր։
2 Գաղաադին կինը անոր զաւակներ ծնաւ ու երբ կնոջը զաւակները մեծցան, Յեփթայէն վռնտեցին ու անոր ըսին. «Դուն մեր հօրը տանը մէջ ժառանգութիւն պիտի չունենաս, քանզի դուն օտար կնոջ մը զաւակն ես»։
3 Ու Յեփթայէն իր եղբայրներուն երեսէն փախչելով՝ Տովբի երկրին մէջ բնակեցաւ։ Յեփթայէին քով սրիկայ մարդիկ հաւաքուեցան ու անոր հետ կը պտըտէին։
4 Ատեն մը ետքը Ամմոնին որդիները Իսրայէլին հետ պատերազմ ըրին։
5 Երբ Ամմոնին որդիները Իսրայէլին հետ կը պատերազմէին, Գաղաադի ծերերը գացին որ Յեփթայէն Տովբի երկրէն բերեն։
6 Եւ Յեփթայէին ըսին. «Եկո՛ւր, մեզի զօրագլուխ եղիր, որպէս զի Ամմոնին որդիներուն հետ պատերազմինք»։
7 Յեփթայէն Գաղաադի ծերերուն ըսաւ. «Դուք զիս ատեցիք եւ իմ հօրս տունէն զիս վռնտեցիք ու հիմա որ նեղութեան մէջ էք, ինչո՞ւ համար ինծի եկաք»։
8 Գաղաադի ծերերը Յեփթայէին ըսին. «Անոր համար հիմա քեզի դիմեցինք, որ մեզի հետ երթաս ու Ամմոնին որդիներուն դէմ պատերազմիս եւ մեր՝ Գաղաադի բոլոր բնակիչներուն՝ գլուխ ըլլաս»։
9 Ու Յեփթայէն Գաղաադի ծերերուն ըսաւ. «Եթէ դուք զիս տանիք Ամմոնին որդիներուն դէմ պատերազմ ընելու համար ու Տէրը զանոնք իմ ձեռքս մատնէ, այն ատեն ես ձեզի գլուխ ըլլա՞մ»։
10 Գաղաադի ծերերը Յեփթայէին ըսին. «Տէրը մեր մէջ վկայ թող ըլլայ, որ ըսածիդ պէս պիտի ընենք»։
11 Յեփթայէն Գաղաադի ծերերուն հետ գնաց։ Ժողովուրդը զանիկա իրենց վրայ գլուխ ու զօրապետ դրին։ Յեփթայէն Մասփայի մէջ Տէրոջը առջեւ իր բոլոր խօսքերը ըսաւ։
12 Յեփթայէն Ամմոնին որդիներուն թագաւորին պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս, որ ինծի եկար իմ երկրիս մէջ պատերազմ ընելու համար»։
13 Եւ Ամմոնին որդիներուն թագաւորը Յեփթայէին պատգամաւորներուն ըսաւ. «Որովհետեւ Իսրայէլ Եգիպտոսէն ելած ատենը Առնոնէն մինչեւ Յաբոկ ու մինչեւ Յորդանան իմ երկիրս առաւ։ Հիմա զանիկա խաղաղութեամբ ետ դարձուր»։
14 Ու Յեփթայէն Ամմոնին որդիներուն թագաւորին նորէն պատգամաւորներ ղրկեց
15 Եւ անոր ըսաւ. «Յեփթայէն այսպէս կ’ըսէ. ‘Իսրայէլ Մովաբին երկիրն ու Ամմոնին որդիներուն երկիրը չառաւ.
16 Քանզի Եգիպտոսէն ելած ատենը Իսրայէլ մինչեւ Կարմիր ծովը անապատէն գնաց ու Կադէս եկաւ
17 Եւ Իսրայէլ Եդովմին թագաւորին դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով. «Շնորհք ըրէ, քու երկրէդ անցնիմ», բայց Եդովմի թագաւորը մտիկ չըրաւ։ Նոյնպէս ալ Մովաբին թագաւորին ղրկեց, ան ալ թող չտուաւ։ Իսրայէլ Կադէսի մէջ մնաց
18 Եւ անապատին մէջէն գնաց ու Եդովմին երկրին ու Մովաբին երկրին բոլորտիքը պտըտեցաւ։ Մովաբին երկրին արեւելեան կողմէն երթալով Առնոնին անդիի կողմը բանակեցաւ, բայց Մովաբին սահմանին մէջ չմտաւ. քանզի Մովաբին սահմանը Առնոնն էր»։
19 Ու Իսրայէլ դեսպաններ ղրկեց Ամօրհացիններուն Սեհոն թագաւորին, (որ Եսեբոնի թագաւորն էր,) եւ Իսրայէլ անոր ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, քու երկրէդ անցնիմ, որպէս զի իմ տեղս երթամ»։
20 Բայց Սեհոն Իսրայէլին հրաման չտուաւ՝ ՝, որ իր սահմանէն անցնի ու Սեհոն իր բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց եւ Յասսայի մէջ բանակեցան ու Իսրայէլի դէմ պատերազմեցան։
21 Իսրայէլին Տէր Աստուածը Սեհոնն ու անոր բոլոր ժողովուրդը Իսրայէլին ձեռքը մատնեց, որոնք զանոնք զարկին։ Իսրայէլ այն երկրին մէջ բնակող Ամօրհացիներուն բոլոր երկիրը առաւ։
22 Իսրայէլ Ամօրհացիներուն բոլոր սահմանը, Առնոնէն մինչեւ Յաբոկ ու անապատէն մինչեւ Յորդանան ժառանգեց։
23 Ուստի հիմա որ Իսրայէլի Տէր Աստուածը Ամօրհացիները իր Իսրայէլի ժողովուրդին առջեւէն վռնտեր է, դո՞ւն պիտի ժառանգես այն երկիրը։
24 Քու աստուծոյդ Քամովսին քեզի ժառանգութիւն տուածը դուն չե՞ս ժառանգեր. մենք ալ մեր Եհովա Աստուծոյն մեր առջեւէն վռնտած ազգերուն երկիրը կը ժառանգենք։
25 Եւ հիմա դուն Մովաբի թագաւորէն, Սեպփօրեան Բաղակէն, աւելի՞ զօրաւոր ես. միթէ անիկա Իսրայէլին հետ կռուեցա՞ւ, կամ անոնց հետ պատերազմ ըրա՞ւ։
26 Իսրայէլ Եսեբոնին ու անոր գիւղերուն մէջ, Արոէրին ու անոր գիւղերուն մէջ եւ Առնոնին եզերքին վրայ եղող բոլոր քաղաքներուն մէջ երեք հարիւր տարի է, որ կը բնակի։ Ինչո՞ւ համար զանոնք այնքան ատենի մէջ չազատեցիք։
27 Ուստի ես քեզի դէմ յանցանք մը չեմ ըրած եւ դուն ինծի հետ պատերազմ ընելով ինծի չարութիւն կ’ընես։ Այսօր Իսրայէլի որդիներուն ու Ամմոնի որդիներուն մէջ Դատաւոր եղող Տէրը թող դատաստան ընէ»։
28 Բայց Ամմոնի որդիներուն թագաւորը Յեփթայէին խօսքերուն մտիկ չըրաւ։
29 Այն ատեն Յեփթայէին վրայ Տէրոջը Հոգին եկաւ ու անիկա Գաղաադէն ու Մանասէէն անցաւ ու Գաղաադի Մասփայէն Ամմոնի որդիներուն վրայ գնաց։
30 Յեփթայէն Տէրոջը ուխտ ըրաւ ու ըսաւ. «Եթէ Ամմոնին որդիները բոլորովին իմ ձեռքս մատնես
31 Ու Ամմոնի որդիներէն խաղաղութեամբ ետ դառնամ, այն ատեն իմ տանս դռնէն զիս դիմաւորելու ելլողը Տէրոջը թող ըլլայ ու զանիկա ողջակէզ պիտի մատուցանեմ»։
32 Յեփթայէ Ամմոնի որդիներուն վրայ գնաց որպէս զի անոնց հետ պատերազմի։ Տէրը անոր ձեռքը մատնեց զանոնք։
33 Արոէրէն մինչեւ Մեննիթ քսան քաղաք ու մինչեւ Աբէլքերամիմ սաստիկ կոտորածով ջարդեց զանոնք ու Ամմոնին որդիները Իսրայէլին որդիներուն առջեւ նուաճուեցան։
34 Յեփթայէն Մասփա իր տունը եկաւ ու ահա անոր աղջիկը թմբուկներով եւ պար բռնելով զանիկա դիմաւորելու ելաւ։ Անիկա անոր մէկ հատիկ զաւակն էր ու անկէ զատ տղայ կամ աղջիկ չունէր։
35 Յեփթայէն, երբ զանիկա տեսաւ, իր լաթերը պատռեց ու ըսաւ. «Ո՜հ, աղջի՛կս, դուն զիս բոլորովին նկուն ըրիր եւ դուն ինծի իմ նեղիչներէս մէկը եղար. քանզի ես բերանս բացի Տէրոջը ու չեմ կրնար ետ դարձնել»։
36 Աղջիկը անոր ըսաւ. «Ո՛վ հայր իմ, եթէ բերանդ Տէրոջը բացիր, բերնէդ ելածը ըրէ ինծի. քանզի Տէրը քու թշնամիներէդ, Ամմոնին որդիներէն, քեզի համար վրէժխնդրութիւն ըրաւ»։
37 Եւ իր հօրը ըսաւ. «Միայն այս բանն ըրէ ինծի։ Զիս երկու ամիս թող տուր, որպէս զի լեռներուն վրայ ելլեմ ու իջնեմ ու ես իմ ընկերներովս իմ կուսութեանս վրայ լամ»։
38 Հայրը ըսաւ. «Գնա՛»։ Զանիկա երկու ամիս թող տուաւ եւ անիկա իր ընկերներով գնաց ու լեռներուն վրայ իր կուսութիւնը լացաւ։
39 Երկու ամիսը լմննալէն յետոյ իր հօրը դարձաւ ու անիկա իր ըրած ուխտը կատարեց։ Անիկա այր մարդ չճանչցաւ։
40 Ու Իսրայէլի մէջ սովորութիւն եղաւ, որ ատեն ատեն Իսրայէլին աղջիկները երթան ու Գաղաադացի Յեփթայէին աղջկանը համար տարին չորս օր լան։