ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21


Գլուխ 13

Իսրայէլի որդիները նորէն Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին, ուստի Տէրը զանոնք քառասուն տարի Փղշտացիներուն ձեռքը մատնեց։
2 Դանի ցեղէն Մանուէ անունով Սարաացի մարդ մը կար, որուն կինը ամուլ էր եւ զաւակ չէր ծնաներ։
3 Տէրոջը հրեշտակը այս կնոջ երեւցաւ եւ անոր ըսաւ. «Դուն հիմա ամուլ ես ու չես ծնանիր, բայց պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս։
4 Ուստի զգոյշ կեցիր, չըլլայ որ գինի կամ օղի խմես, ո՛չ ալ անմաքուր բան մը ուտես,
5 Քանզի դուն պիտի յղանաս եւ որդի մը պիտի ծնանիս։ Անոր գլխուն վրայ ածելի պիտի չդպի. քանզի այն տղան իր մօրը արգանդէն Աստուծոյ ուխտաւորը պիտի ըլլայ։ Անիկա պիտի սկսի Իսրայէլը Փղշտացիներուն ձեռքէն ազատել»։
6 Կինը գնաց եւ իր էրկանը պատմեց՝ ըսելով. «Աստուծոյ մարդ մը ինծի եկաւ ու անոր դէմքը Աստուծոյ հրեշտակին դէմքին պէս խիստ ահարկու էր եւ անոր ուրկէ ըլլալը չհարցուցի, ո՛չ ալ անիկա իր անունը ինծի յայտնեց,
7 Բայց ինծի ըսաւ. ‘Ահա դուն պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս։ Ասկէ վերջ գինի ու օղի պիտի չխմես ու անմաքուր բան մը պիտի չուտես. քանզի այն տղան իր մօրը արգանդէն մինչեւ իր մահուան օրը Աստուծոյ ուխտաւորը պիտի ըլլայ’»։
8 Մանուէ Տէրոջը աղաչելով՝ ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, այն Աստուծոյ մարդը, որ դուն ղրկեցիր, նորէն թող գայ ու մեզի սորվեցնէ թէ այն ծնանելու տղուն ի՛նչ ընենք»։
9 Աստուած Մանուէի ձայնը լսեց ու հրեշտակը նորէն կնոջը եկաւ՝ երբ արտին մէջ նստեր էր, բայց այրը՝ Մանուէ՝ անոր հետ չէր։
10 Կինը շուտով վազեց ու էրկանը ըսաւ. «Ահա այն օրը ինծի եկող մարդը նորէն ինծի երեւցաւ»։
11 Մանուէ ելաւ իր կնոջ ետեւէն գնաց եւ այն մարդուն քով մօտեցաւ ու անոր ըսաւ. «Կնոջս հետ խօսող մարդը դո՞ւն ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես եմ»։
12 Մանուէ ըսաւ. «Երբ քու ըսածդ ըլլայ, տղուն հետ ինչպէ՞ս վարուինք ու ի՞նչ ընելու է՝ ՝»։
13 Տէրոջը հրեշտակը Մանուէին ըսաւ. «Կինը ամէն ըսածէս թող զգուշանայ,
14 Որթատունկէն ելած բան մը թող չուտէ եւ գինի ու օղի թող չխմէ եւ անմաքուր բան մը բնաւ թող չուտէ ու իմ ամէն պատուիրածս պահէ»։
15 Մանուէ Տէրոջը հրեշտակին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, քիչ մը մեր քով նստէ։ Այծերէն ուլ մը պատրաստենք ու քու առջեւդ դնենք»։
16 Եւ Տէրոջը հրեշտակը Մանուէին ըսաւ. «Եթէ ես քու քովդ նստիմ անգամ՝ քու հացէդ պիտի չուտեմ, բայց եթէ ողջակէզ պիտի ընես՝ զանիկա Տէրոջը ընծայէ»։ Քանզի Մանուէ չգիտցաւ թէ անիկա Տէրոջը հրեշտակն է։
17 Մանուէ Տէրոջը հրեշտակին ըսաւ. «Անունդ ի՞նչ է, որպէս զի երբ խօսքդ կատարուի, քեզ պատուենք»։
18 Տէրոջը հրեշտակը անոր ըսաւ. «Իմ անունս ինչո՞ւ կը հարցնես, որովհետեւ անիկա սքանչելի է»։
19 Եւ Մանուէ ուլն ու հացի ընծան առաւ եւ ապառաժին վրայ Տէրոջը ընծայեց։ Ու հրեշտակը Մանուէին ու անոր կնոջը աչքերուն առջեւ հրաշք մը ըրաւ,
20 Քանզի երբ բոցը սեղանէն դէպի երկինք վեր կ’ելլէր, Տէրոջը հրեշտակն ալ սեղանին բոցովը վեր ելաւ եւ Մանուէ ու իր կինը ապշեցան։
21 Տէրոջը հրեշտակը անգամ մըն ալ Մանուէին ու անոր կնոջը չերեւցաւ։ Այն ատեն Մանուէ հասկցաւ թէ անիկա Տէրոջը հրեշտակն է։
22 Մանուէ իր կնոջ ըսաւ. «Անշուշտ պիտի մեռնինք, քանզի Աստուած տեսանք»։
23 Կինը անոր ըսաւ. «Եթէ Տէրը մեզ մեռցնել ուզէր, մեր ձեռքէն ողջակէզն ու հացի ընծան չէր ընդուներ ու այս բոլոր բաները մեզի չէր ցուցներ եւ այս միջոցին մէջ այսպիսի խօսքեր մեզի լսել չէր տար»։
24 Ու կինը որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Սամփսոն կոչեց ու տղան մեծցաւ եւ Տէրը զանիկա օրհնեց։
25 Ու Տէրոջը Հոգին Սարաայի ու Եսթաւուղի միջեւ՝ Դանի բանակին մէջ զինք զօրացուց։