ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21


Գլուխ 18

Այն օրերը Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար ու Դանին ցեղը իրեն ժառանգութիւն մը կը փնտռէր բնակելու համար, քանզի մինչեւ այն օրը Իսրայէլի ցեղերուն մէջ անոր բաւական ժառանգութիւն ինկած չէր։
2 Դանի որդիները իրենց ազգատոհմերէն ու իրենց սահմաններէն, Սարաայէն ու Եսթաւուղէն, հինգ զօրաւոր մարդ ղրկեցին, որպէս զի երկիրը լրտեսեն ու քննեն եւ անոնց ըսին. «Գացէք երկիրը քննեցէք»։ Անոնք Եփրեմին լեռը մինչեւ Միքային տունը գացին եւ գիշերը հոն մնացին։
3 Երբ անոնք Միքային տանը քովն էին, Ղեւտացի պատանիին ձայնը ճանչցան եւ հոն դարձան ու ըսին. «Ո՞վ քեզ հոս բերաւ եւ դուն հոս ի՞նչ կ’ընես ու ինչո՞ւ համար հոս կեցեր ես՝ ՝»։
4 Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Միքան ինծի այսպէս այսպէս ըրաւ ու զիս վարձքով բռնեց, որպէս զի իրեն քահանայ ըլլամ»։
5 Անոր ըսին. «Հիմա Աստուծոյ հարցուր, որպէս զի գիտնանք թէ արդեօք մեր գացած ճամբուն մէջ պիտի յաջողի՞նք»։
6 Ու քահանան անոնց ըսաւ. «Խաղաղութեամբ գացէք. ձեր երթալու ճամբան Տէրոջը առջեւ հաճելի է»։
7 Այն ատեն այն հինգ մարդիկը գացին Լայիս մտան եւ անոր մէջ բնակող ժողովուրդը տեսան, որոնք Սիդոնացիներուն պէս անհոգութեամբ հանգիստ ու ապահով կը բնակէին եւ այն երկրին մէջ վնաս տուող մը չկար, որ իշխէր անոնց վրայ ու՝ ՝ Սիդոնացիներէն հեռու ըլլալով՝ բնաւ մարդու մը հետ գործ չունէին։
8 Եւ այն հինգ մարդիկը Սարաա եւ Եսթաւուղ դարձան իրենց եղբայրներուն, որոնք իրենց հարցուցին. «Դուք ի՞նչ ըրիք»։
9 Անոնք ըսին. «Ելէ՛ք, անոնց վրայ երթանք, քանզի մենք երկիրը տեսանք, ահա շատ աղէկ է. բայց դուք թոյլ մի՛ կենաք։ Երթալու ու երկիրը ժառանգելու եւ հոն մտնելու անհոգութիւն մի՛ ընէք։
10 Երբ հոն երթաք, անհոգ ժողովուրդ մը ու շատ ընդարձակ երկիր մը պիտի գտնէք, որը Աստուած ձեր ձեռքը տուեր է ու այնպիսի տեղ մըն է, ուր երկրի վրայ եղող բաներէն մէ՛կը պակաս չէ»։
11 Դանին ազգատոհմէն, անկէ՝ այսինքն Սարաայէն ու Եսթաւուղէն, վեց հարիւր սպառազինեալ մարդիկ գացին։
12 Ելան Յուդայի Կարիաթարիմը բանակեցան։ Անոր համար այն տեղը մինչեւ այսօր Մահանէ-Դան կը կոչուի։ Ահա անիկա Կարիաթարիմի ետեւն է։
13 Անկէ Եփրեմին լեռը անցան ու մինչեւ Միքային տունը գացին։
14 Լայիսի երկիրը լրտեսելու գացող այն հինգ մարդիկը իրենց եղբայրներուն ըսին. «Գիտէ՞ք թէ այս տուներուն մէջ եփուտ, թերափիմ եւ քանդակուած ու թափծու կուռք կայ. ուստի ձեր ընելու բանը գիտցէք»։
15 Այն ատեն անոնք դէպի հոն դառնալով այն Ղեւտացի պատանիին՝ Միքային տունը մտան ու անոր ողջութիւնը հարցուցին։
16 Եւ Դանին որդիներէն վեց հարիւր սպառազինեալ մարդիկ դրանը բերանը կեցան։
17 Երկիրը լրտեսելու գացող հինգ մարդիկը հոն մտան եւ քանդակուած կուռքը, եփուտը, թերափիմն ու թափծու կուռքը առին եւ քահանան այն վեց հարիւր սպառազինեալ մարդոց հետ դրանը բերանը կեցեր էր։
18 Ու երբ անոնք Միքային տունը մտան եւ քանդակուած կուռքը, եփուտը, թերափիմն ու թափծու կուռքը առին, քահանան անոնց ըսաւ. «Դուք ի՞նչ կ’ընէք»
19 Անոնք ըսին անոր. «Լո՛ւռ կեցիր, ձեռքդ բերնիդ վրայ դի՛ր ու մեզի հետ եկո՛ւր եւ մեզի հայր ու քահանայ եղիր։ Մէկ մարդու տա՞նը քահանայ ըլլալ աղէկ է, թէ Իսրայէլի մէկ ցեղին ու մէկ ազգատոհմին քահանայ ըլլալը»։
20 Քահանան սրտին մէջէն ուրախանալով՝ եփուտը, թերափիմը եւ քանդակուած կուռքը առաւ ու ժողովուրդին մէջ մտաւ։
21 Եւ անոնք դարձան գացին ու ընտանիքները եւ անասուններն ու թանկագին կարասիները իրենց առջեւ դրին։
22 Երբ անոնք Միքային տունէն հեռացան, Միքային տանը մօտ եղող տուներուն մարդիկը հաւաքուեցան ու Դանին որդիներուն ետեւէն հասան։
23 Դանին որդիներուն ետեւէն կանչուըռտեցին, անոնք ալ երեսնին դարձուցին ու Միքային ըսին. «Քեզի ի՞նչ եղաւ, որ այսպէս բազմութիւնով կու գաս՝ ՝»։
24 Անիկա ըսաւ. «Իմ շինած աստուածներս ու քահանան առած կ’երթաք, ալ ինծի ի՞նչ կը մնայ։ Ինծի ինչո՞ւ համար կ’ըսէք թէ ‘Քեզի ի՞նչ եղաւ’»։
25 Դանին որդիները անոր ըսին. «Մեր մէջ քու ձայնդ չլսուի. չըլլայ որ բարկացոտ մարդիկ քու վրադ յարձակին ու քու կեանքդ եւ քու ընտանիքիդ կեանքը կորսնցնեն»։
26 Դանին որդիները իրենց ճամբան գացին։ Միքա տեսնելով որ անոնք իրմէ զօրաւոր են, դարձաւ իր տունը։
27 Անոնք Միքային շինածները եւ անոր քահանան առին ու Լայիսի վրայ, հանգիստ եւ անհոգ կեցող ժողովուրդի մը վրայ գացին ու զանոնք սուրի բերնէ անցընելով քաղաքը կրակով այրեցին։
28 Անոնք Սիդոնէն հեռու ըլլալնուն ու մարդու մը հետ գործ չունենալուն համար, զանոնք ազատող մը չկար։ Այն քաղաքը Բեթրոոբի հովիտին մէջ էր։ Քաղաքը շինեցին եւ անոր մէջ բնակեցան։
29 Քաղաքին անունը իրենց հօրը Իսրայելեան Դանին անունովը Դան կոչեցին, բայց քաղաքին անունը նախապէս Լայիս էր։
30 Դանին որդիները քանդակուած կուռքը կանգնեցուցին իրենց համար։ Ու Մանասէի որդիին Գերսոնին որդին Յովնաթան, ինք ու իր որդիները, մինչեւ երկրին գերութեան օրը՝ Դանի ցեղին քահանաներն էին։
31 Ուստի անոնք Միքային քանդակուած կուռքը իրենց պահեցին, որչափ ժամանակ որ Աստուծոյ տունը Սելովի մէջ էր։